Մուսալեռցիներու առաջին սփիւռքի պատկերապատում-վկայարանը՝ Փրոֆ. Շամմասեանի աշխատասիրութեամբ

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Կիլիկիահայոց պատմութեան անբաժանելի մաս կազմող Մուսա լերան ուսումնասիրութեանց տոմարներուն մէջ իրենց անունները արձանագրած են պատմաբաններ, ակադեմականներ, վկայահաւաքներ, բանահաւաքներ, ազգագրատէտներ, որոնց շարքին Վերժինէ Սվազլեան, Գրիգոր Գոզալեան, Յակոբ Չոլաքեան, Եաիր Օրոն, Աշոտ Ներսիսեան, Սոնա Զէյթլեան եւ ուրիշներ։ Նոյնպէս արձանագրուած են վկայախօս-յուշագիրներու պատմութիւնները՝ Սերոբ Շերպեթճեանի, Վերապատուելի Անդրէասեանի, Թովմաս Հապէշեանի եւ այլոց գրիչներով։   

Վերոնշեալ փաղանգին կողքին, պէտք է ինքնահաստատ յիշատկակել ամերիկահայ պատմաբան, հայագէտ եւ ծագումով մուսալեռցի փրոֆ. Վահրամ Շամմասեանը, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի (CSUN) հայագիտական ծրագիրը։ Ակադեմական բնագաւառէն ներս, տարիներու ընթացքին, ան իր խոր ներդրումը բերած է Մուսա լերան ազգագրական պատմութեան բացայատման մէջ, ներկայացուցած է մուսալեռցիներուն համայնքային կառուցուածքը, կենցաղը, աւանդութիւններն ու պատումները, յատկապէս՝ «Մուսա լերան հայերը. անյայտութենէ մինչ ցեղասպանութիւն» (The Armenians of Musa Dagh: From Obscurity to Genocide), «Մուսա լերան հայերը. ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն 1919-1939» (The Mousa Dagh Armenians: A Socioeconomic and Cultural History 1919-1939) կոթողային գործերով։

Անցնող Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ հրատարակուեցաւ փրոֆ. Վահրամ Շամմասեանի պատկերագիրքը՝ Armenian Immigrants from Musa Dagh in the United States: A Photographic Collective Biography («Մուսա Լեռէն Հայ Գաղթականներ Միացեալ Նահանգներու Մէջ․ Լուսանկարչական Հաւաքական Կենսագրութիւն Մը») խորագրով։ 

Տասնամեակներու ընթացքին Մուսա լերան հերոսամարտին եւ գաղթականներուն վերաբերող փաստաթուղթերու եւ հին լուսանկարներու վրայ ձեւակերպուած այս ալպոմին էջերը կը բացուին եւ կը շարահիւսեն պատմութիւնը՝ ծննդավայր բնօրրանէն դուրս՝ արտաբնօրրանի մէջ ապրող համայնքին։ Իրաւամբ՝ այս հրատարակութիւնը, լուսանկարչական արխիւային ալպոմ է եւ կը ներկայացնէ պատմական-լուսանկարչական շարակարգութիւնը մուսալեռցիներու առաջին Սփիւռքին՝ Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած հայրենակիցներու սփիւռքին։

Փրոֆ. Շամմասեան այս ուսումնասիրութիւնը իրագործելու համար երկար տարիներ տրամադրած է մոռացումէ փրկելու եւ հաւաքագրելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած մուսալեռցիներու լուսանկարները, ընտանեկան տոհմածառերը, վկայութիւնները։ Իրողութեան մէջ, յետ հերոսամարտի կազմաւորուած  մուսալեռցիներու առաջին արեւմտեան գաղթօճախը հանդիսացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Արեւմտեան գաղթօճախը կը շեշտենք, որովհետեւ Փորթ Սայիտի գաղթակայանէն ետք գոյացած են նաեւ մուսալեռցիներու փոքրաթիւ համայնքներ Միջին Արեւելքի, յատկապէս՝ Եգիպտոսի եւ Երուսաղէմի մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ մուսալեռցիներու երկրորդ բնօրրանը դարձած է Լիբանանի Այնճար բնակավայրը։

200 էջերու ծաւալով ալպոմը բաժնուած է ենթաբաժանումներու՝ Առաջին ներգաղթողներ, ընտանիքներ, զինուորագրեալներ, գորգագործութիւն, ասեղնագործութիւն, հերոսամարտի տօնակատարութիւններ, եւայլն։

Հեղինակի հաստատումով, դէպի Ամերիկեան ցամաքամաս մուսալեռցիներու առաջին ներհոսքը կը սկսի Կիլիկիոյ Հայկական կոտորածներու յաջորդող ժամանակահատուածին՝ յատկապէս 1909-1913 թուականներուն։ Մուսալեռցիներու ԱՄՆ ներգաղթի յաջորդ հանգրուանը կը սկսի 1915 թուականի Փորթ Սայիտ հաստատուելէ եւ 1919 թուականին Մուսա լեռ հայրենադարձութենէն ետք։ Այս հանգրուանի ներգաղթողները գլխաւորաբար իջեւան կ՚ընտրեն Միացեալ Նահանգներու Ատլանտեան ափը, հաստատուելով Մասաչուսէց, Գոնեթիքէթ, Նիւ Եորք, Փենսիլվանիա եւ այլուր։ Տասնամեակներ ետք, Միջին Արեւելքի քաղաքական տագնապներէն եւ յատկապէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ԱՄՆ ներգաղթող մուսալեռցիները կը հաստատուին Խաղաղականի ափ, յատկապէս Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելոս, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Ֆրեզնօ քաղաքներուն մէջ։

«Անհատներ» ենթաբաժինը կ՚ընդգրէ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած առաջին մուսալեռցիները, յատկապէս Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղի Ֆիլեան Սեքլեմեան, Շերպէթճեան, Ռէնճիլեան, Գլճեան եւ այլ գերդաստաններէ ԱՄՆ հաստատուած ներգաղթողներու նախակարապետները։ Ներգաղթողներու առաջին փաղանգի ներկայացուցիչներէն շատեր կը դառնան համայնքային ղեկավարներ, ուառաջնորդներ. Յարութիւն Ֆիլեան Ֆրեզնոյի մէջ կը հիմնէ առաջին հայ աւետարանական երիցական եկեղեցին, իսկ Աբրահամ Սեքլեմեան այլ մտաւորականներու հետ հիմնէ «Ասպարէզ» թերթը։

Յաջորդող ենթաժաբիններու լուսանկարները կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու մէջ մուսալեռցիներու ներգրաւումը ամերիկեան համայնքային կեանքին մէջ։ «Զինուորներ Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ» ենթաբաժնի վաւերագրական նկարները կը փաստեն, որ Առաջին եւ Երկրորդ Աշխարհամարտերու ընթացքին, շարք մը մուսալեռցիներ համալրած են Միացեալ նահանգներու բանակային շարքերը։ Hartford Courant թերթը կը վկայակոչէ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին խաղաղական կղզիներուն մէջ տեղակայուած ԱՄՆ բանակի հակօդային ստորաբաժանումներու զինուոր՝ Արամ Ատաճեանի սխրագործութիւնները։ Յաջորդ էջերուն մէջ կը գտնենք Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ԱՄՆ բանակի զինուորական համազգեստով բուժքոյր Շուշանիկ Ֆիլեանը։  

Պատկերագրքի ծանօթագրութիւններն ու աղբիւրները կու գան հաստատելու, որ հեղինակը օգտագործած է վիթխարի արխիւ, փաստաթուղթեր, վաւերագրեր, նամակագրութիւններ։ Որպէս արխիւային աղբիւր օգտագործուած են Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ պետական արխիւները, կրթական հաստատութիւններու արխիւներ, հարցազրոյցներ, սփիւռքահայ մամուլի շտեմարան, յուշագրութիւններ եւ Մուսա Լերան մասին յօդուածներ։

Այս պատկերագիրքը կու գայ հարստացնելու Մուսա Լերան ժողովուրդի պատմութեան այն դարաշրջանը, երբ հերոսամարտէն ետք, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու յարափոփոխ ընթացքը իր խոր ազդեցութիւնը ունեցաւ մուսա լեռցիներու ժողովրդագրական պատկերն ու ճակատագիրը այլաշրջելու։     

Գիտական իր գործունէութեան զգալի մասը Մուսա լերան եւ Այնճարի պատմութեան նուիրած փրոֆ. Շամմասեանը այս պատկերագիրքով կը ներկայացնէ Մուսա լեռցիներու դէպի արեւմտեան կիսագունդ գաղթաշարժը եւ տարիներու քրտնաթոր իր աշխատանքին շնորհիւ Մուսա լերան պատմագրութիւնն ու ազգագրութիւնը կը հարստնայ նոր վկայագրական հրատարակութեամբ մը՝ Armenian Immigrants from Musa Dagh in the United States: A Photographic Collective Biography.