Մոնրթէալի քաղաքապետական խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի կապակցութեամբ բանաձև ընդունեց

Մարտ 21-ին Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդը յատուկ նիստի ընթացքին յատուկ բանաձև ընդունեց՝ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, վերահաստատելով Մոնթրէալի քաղաքապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դիրքորոշումը։ Բանաձևը կը նշէ, որ 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր։

Նիստին մասնակցեցան Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանթը, քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները։ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով ներկայացուած յատուկ բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցան քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամներ Վանա Նազարեանն ու Մարի Տէրոսը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էմիլի Թուլիէն, Էֆի Ճիանուն եւ Քրէկ Սովէն, որոնք նշեցին Մոնթրէալի քաղաքապետութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կարեւորութիւնը։

Նշենք, որ Մոնթրէալի քաղաքապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին առաջին բանաձեւը որդեգրած է 1997 թուականին։ Բանաձեւը ներկայացուցած է այդ օրերու Քաղաքապետական խորհուրդի գործադիր մարմնի ատենապետ՝ Նուշիկ Էլոյեանը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.