Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի աշակերտները կը դատապարտեն Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու դէմ կատարուած թրքական հակահայ արարքը
Սիրելի՛ հայ աշակերտներ,
Մենք՝ Արի Քուզուտճեան,Կրէյս Սաղըրեան, Դաւիթ Սապաղեան, Նարեկ Ճինպաշեան եւ Փաթիլ Պետրոսեան, կը յաճախենք Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան։ Մենք 12 տարեկան ենք եւ կ’ապրինք Գանատայի մէջ: Մենք տեղեակ ենք ձեր դպրոցին մէջ կատարուած հակահայ արարքէն։ Մենք կըզօրակցինք ձեզի եւ կը դատապարտենք կատարուածը:
Վերջերս, իմացանք, թէ Ֆրանսա իր պետական տօներուն շարքին, Ապրիլ 24-ը հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր։ Մենք նաեւ իմացանք, որ Ֆրանսա այս առթիւ Թուրքիոյ նահագահը երկխօսութեան պիտի հրաւիրէ: Այս քայլը մեր յոյսի եւ հաւատքի գաւաթին մէջ կաթիլ մը յոյս եւս կ’աւելցնէ։ Օր մը, թուրքը պիտի ընդունի ցեղասպանութիւնը եւ պիտի վերադարձնէ մեր պատմական հողերը։ Կը վստահեցնենք ձեզի, թէ թուրքը ծանրօրէն պիտի պատժուի իր յանցանքերուն համար: Ուրեմն, հիմա ընկճուելու եւ նեղանալու տեղ, պէտք է այս մէկուն ամբողջ սրտով հաւատանք։
Միշտ յիշենք, թէ միասնութիւնը, զօրաւոր կամքն ու յարատեւութիւնը մեր յաղթանակին ու յաջողութեան ճամբան կը հարթեն։
Յարգանօք՝
Բաստրմաճեան Երկրորդական վարժարանի
7-րդ կարգի աշակերտներ՝
ԱրիՔուզուտճեան
ԿրէյսՍաղըրեան
ԴաւիթՍապաղեան
ՆարեկՃինպաշեան
ՓաթիլՊետրոսեան
Սիրելի՛ հայ աշակերտներ,
Երբ Ձեր վարժարաններուն մէջ պատահած դատապարտելի արարքը լսեցինք, հիասթափուած եւ վիրաւորուած զգացինք։ Մենք կը կարծենք, որ միշտ ուշադիր պէտք է ըլլանք, որ այսպիսի արարքներ մեզ տկարացնելու չծառայեն: Եթէ զգացական ըլլանք կամ վախկոտ, թուրքերը իրենց նպատակին պիտի հասնին:
Այս արարքին պատասխանատուն կամ պատասխանատուները դրօշակներ կախելով իրենց տհասութիւնը ցոյց տուին, քանի որ իրենք երբեք չեն հասկցած, որ հայը թուրքէն չի վախնար: Անոնք չեն կրցած ըմբռնել, որ այս միջադէպը մեզ աւելի կը միացնէ, եւ ո՛չ թէ իրարմէ կը բաժնէ: Ձեր խաղաղ ցոյցը ասոր փաստն է: Ապրի՛ք բոլորդ:
Յարգանօք՝
Բասթրմաճեան Երկրորդական վարժարանի
7-րդ կարգի աշակերտներ՝
Աննա Թէպրէճեան
Սիրուն Մանուկեան
Սիրելի՛ հայ աշակերտներ,
Ձեր վարժարանին մէջ պատահածը դատապարտելի արարք մըն է: Մենք կը զգանք ձեր հոգեկան ցնցումն ու վիրաւորանքը: Այդ յանցագործ թուրքին ըրածը շատ գէշ բան է բոլորիս համար: Սակայն, դուք շատ լաւ բան մը ըրիք, ձեր դպրոցին մէջ մեր հայկական դրօշները ծածանելով: Մենք նաեւ տեսանք ձեր կատարած խաղաղ ցոյցը եւ մեծապէս հպարտացանք ձեզմով: Կը յուսանք, որ թուրքը այս տեսնելով հասկցաւ, թէ չի կրնար մեր կամքը տկարացնել: Իմ բոլոր դասընկերներուս անունով կը շնորհաւորեմ բոլորդ, որ հայու վայել կեցուածք մը ունեցաք: Կը յուսանք, որ շուտով կը գտնուի այդ յանցաւորը եւ կը դատապարտուի:
Սիրով՝
Բաստրմաճեան Երկրորդական վարժարանի
7-րդ կարգի աշակերտ
Ռազմիկ Ասքանօղլի