Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան. Քաղցկեղը բացայայտող շողարձակ սարքը կատարելագործած գիւտարարը
22 տարի առաջ, 1996ի Յունիս 19ին, այցելութեամբ Փարիզ գտնուող ամերիկահայ աշխարհահռչակ գիտնական մը՝ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան անակնկալօրէն սրտի կաթուած ունեցաւ եւ առյաւէտ բաժնուեցաւ այս աշխարհէն։
Բնագէտ ու ճարտարագէտ, կենսաբան եւ հիւլէական գիտութեանց անխոնջ հետազօտող ու տաղանդաւոր գիւտարար՝ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեանի անունը հաւանաբար միայն քիչերուն ծանօթ էր հայ իրականութեան մէջ, բայց ամերիկեան աշխարհամասին վրայ ան նուաճած էր գիտնականի եւ գիւտարարի մեծ համբաւ, որ նաեւ տարածուած էր աշխարհով մէկ։
Հայազգի այս արժանաւորը 71 տարիքը նոր բոլորած էր եւ կը գտնուէր իր փառքի օրերուն մէջ, երբ անակնկալ կաթուածը կտրեց թելը օտար ափերու վրայ մեծ յաջողութեան հասած տարագիր հայու իր կեանքին։ Իր ապաժամ մահուան առիթով, ամերիկեան «Բնագիտութիւնը Այսօր» (Physics Today) ակադեմական հանդէսը, Նոյեմբեր 1996ի իր համարով, մեծ գիտնականին կեանքն ու գործը հանգամանօրէն արժեւորող մահագրութիւն մը լոյս ընծայեց՝ Michael J. Welchի եւ Vicki L. Kunklerի ստորագրութեամբ, երկուքն ալ դասախօսներ ու գիտաշխատողներ Միզուրիի Ս. Լուիզ քաղաքի Mallinckrodt Institute of Radiology համալսարանին մէջ, ուր Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան երկար տասնամեակներ ծառայած էր իբրեւ թէ՛ դասախօս, թէ՛ գիւտարար հետազօտող։ Մահագրութիւնը կարեւորութեամբ կը շեշտէր, որ Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան կը հանդիսանայ «Ելեկտրոնային արտացայտումային ճառագայթահանումի (Positron emission tomography, PET scan) յայտնագործողներէն եւ գիւտարար հայրերէն մէկը»:
Ան ծնած է Պերլին, Գերմանիա, 1925 թուի Ապրիլ 21ին։ Միակ զաւակն էր ծնողքին, որ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն մազապուրծ՝ ապաստանած էր Գերմանիա։ Միքայէլ տակաւին մանուկ էր, երբ ծնողքը որոշեց տեղափոխուիլ եւ Ֆրանսա հաստատուիլ։ Այդպէս, մինչեւ 21 տարեկանը եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, ապագայ գիտնականը ուսանեցաւ եւ կազմաւորուեցաւ Ֆրանսայի մէջ։
1943ին ան ստացաւ Պսակաւոր Արուեստից աստիճանը բնական գիտութեանց մէջ՝ Փարիզի համալսարանէն։ Այնուհետեւ երկու տարի ուսանեցաւ տիկին Ժոլի Քիւրիի մօտ՝ ֆրանսական հեղինակաւոր Ռատիումի Հիմնարկի մէջ։ 1946ին իբրեւ շրջանաւարտ ուսանողի իր ուսումը կատարելագործելու դիմում կատարեց Մ. Նահանգներու հռչակաւոր Ուաշինկթընի համալսարանը, ուր ընդունուեցաւ եւ նոյն տարուան աշնան իսկ տեղափոխուեցաւ։ Մինչ կ’ուսանէր Մագիստրոսի աստիճանին տիրանալու համար, Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան սկսաւ օգնական հետազօտողի աշխատանք տանիլ միեւնոյն համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքին մէջ։ Հիւլէական բնագիտութեան մէջ Տոքթորայի աստիճան ստացաւ 1950ին եւ նոյն տարին իսկ միացաւ Մալինքրոթ Հիմնարկի (Mallinckrodt Institute) դասախօսական կազմին։ 1961ին ան նշանակուեցաւ նոյն հիմնարկութեան ճառագայթումի գիտութեանց (radiation sciences) դասախօս։ Միաժամանակ, հայազգի գիտնականը համատեղութեան կարգով բնակազմութեան մէջ կենսաբնագիտութեան դասախօսի պաշտօն ստանձնեց Ուաշինկթընի համալսարանի Բժշկութեան Դպրոցէն ներս։
1973ին Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան հասաւ ակադեմական-դասախօսական իր ասպարէզի գագաթնակէտին, երբ Մալինքրոթ Հիմնարկի ճառագայթումի գիտութեանց բաժանմունքը գլխաւորելու պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ իրեն։ Թէեւ հայազգի գիտնականը ամենայն ձեռնհասութեամբ ղեկավարեց իրեն վստահուած համալսարանական բաժանմունքը, այսուհանդերձ — ինչպէս որ կենսագիրները կ’ընդգծեն — անոր սիրտը հետազօտական իր առաքելութեան վերադառնալու մտասեւեռումով կը բաբախէր, մինչեւ որ 1990ին ան կամովին հրաժարական տուաւ վարչական իր պատասխանատուութեան եւ լրիւ ժամանակով տրամադրուեցաւ տարրալուծարանային աշխատանքի՝ հետազօտական եւ գիւտարարական իր մտայղացումները կատարելագործելու համար։
Սկիզբէն իսկ Տէր-Պօղոսեանի յայտնագործումներն ու գիւտարարական հետազօտութիւնները ուղղուած էին բժշկական նկարահանման բնագաւառի կատարելագործումին։ Յայտնագործեց ճառագայթումի միջոցաւ բժշկական բուժման նոր եղանակներ՝ համապատասխան գիւտեր կատարելով եւ, յատկապէս, հնարելով հիւլէական բժշկութեան նկարահանման գործիք մը, որ իր անունով կոչուեցաւ «Տէր-Պօղոսեանի քամերա» (Ter-Pogossian camera)։ Բայց իր բազում իրագործումներու շարքին, ան ամէնէն աւելի պիտի յիշատակուի իբրեւ « PETի Հայրը» (PET — Positron emission tomography)։
1970ականներու սկզբնաւորութեան, ան գլխաւորեց բնագէտներէ, քիմիագէտներէ եւ բժիշկներէ բաղկացած հետազօտական գործակցութեան խումբ մը, որ մշակեց PETի հասկացութիւնը։ Տէր-Պօղոսեան հիմնական դեր խաղցաւ PETի մշակման մէջ՝ կարճակեաց այզոթոփներ (isotopes) օգտագործելով բժշկութեան մէջ, ինչ որ առաւելութիւնը ընծայեց հիւանդներ ուսումնասիրելու՝ ցածր չափի ճառագայթումի կիրարկումով։
Անոր ղեկավարած հետազօտական խումբը, Ուաշինկթընի համալսարանին մէջ, յաջողեցաւ մշակել եւ կառուցել PETի առաջին նկարահանման սարքը (scanner), հետագային PETի աւելիով կատարելագործուած սարքեր հնարելով։ PETի սարքերը կ’օգտագործուին քաղցկեղային գոյացութեան յայտնաբերման համար, ինչպես նաեւ՝ սրտային հիւանդութիւններու վերահսկման ժամանակ: PETը յեղաշրջում առաջ բերաւ ուղեղի գործողութեանց ըմբռնման ասպարէզին մէջ: Տէր-Պօղոսեան եւ իր գործակիցները հանդիսացան աշխարհի տարածքին գործող այս մարզի անվիճելի վարպետները։
Երկարամեայ իր գործունէութեան ընթացքին Միքայէլ Տէր-Պօղոսեան մաս կազմեց նաեւ համաշխարհային հռչակ վայելող գիտական հեղինակաւոր հանդէսներու խմբագրական մարմիններուն, ինչպիսին են American Journal of Roentgenology, Journal of Nuclear Medicine եւ Journal de Biophysique et Medecine Nucleaire ակադեմական հրատարակութիւնները։
Տէր-Պօղոսեանի վաստակը մեծ է նաեւ գիտական գրականութեան մէջ։ Աւելի քան 250 գիտական զեկոյցներ եւ ժողովածուներու մէջ տեղ գտած ուսումնասիրութիւններ կը կազմեն անոր ժառանգութիւնը։
Իբրեւ մարդ անհատի՝ հայազգի գիտնականը սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր, ինչպէս որ կը վկայեն իր կենսագիրները։ Ան կը սիրէր ճամբորդութիւնը, նաեւ՝ ճաշեր համտեսելն ու պատրաստելը։