Միրզոյեան. Հայաստան ՀԱՊԿ վերադառնալու հեռանկար չի տեսներ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հոկտեմբեր 28-ին յայտարարեց, որ Երեւան մտադրութիւն չունի վերադառնալու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գործունէութեան։

Միրզոյեան այս յայտարարութիւնը կատարեց՝ անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի այն տեսակէտին, թէ Հայաստանը պէտք է հեռացուի կազմակերպութենէն, որովհետեւ չի մասնակցիր անոր աշխատանքներուն եւ չի վճարեր անդամակցութեան վճարները։

Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստանը վաղուց դադրած է մասնակցելէ կազմակերպութեան գործունէութեան, իսկ անդամակցութիւնը սառեցուած է։ Ան յայտնեց, որ հայկական կողմը իր դիրքորոշումը փոխելու մտադրութիւն չունի։

Հայաստան ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն մասնակցութիւնը սառեցուցած էր փետրուար 2024-ին՝ պատճառաբանելով, որ կառոյցը չէ կատարած Հայաստանի անվտանգութեան վերաբերող իր պարտաւորութիւնները։

Թէեւ ռուսական ղեկավարութեամբ այս կառոյցին նկատմամբ վստահութեան տագնապը խորացած է, Հայաստանի անվտանգութեան ապագայ համակարգին վերաբերող հարցերը կը շարունակեն մնալ օրակարգի վրայ։ Արեւմտեան գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը ինքնին չի նշանակեր փոխադարձ պաշտպանութեան նոր երաշխիքներու հաստատում։

Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներուն համար առաջնահերթ խնդիրը երկրի անվտանգութեան պաշտպանութեան գործնական միջոցներու մշակումն է՝ բանակի կարողութիւններու ամրապնդումով, դիւանագիտական այլընտրանքներու զարգացումով եւ արտաքին քաղաքականութեան յստակ ռազմավարութեամբ։

ՀԱՊԿ-ին չվերադառնալու մասին յայտարարութիւնը, հետեւաբար, կը վերարծարծէ հիմնական հարցումը. ի՞նչ ամբողջական պաշտպանական համակարգով կառավարութիւնը պիտի ապահովէ Հայաստանի սահմաններուն եւ բնակչութեան անվտանգութիւնը։