Միջ-յարանուանական հոգեւոր խորհրդածութեան օր Մոնթրէալի մէջ
2217
0
Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպկ. Յովակիմեանի հրաւէրով, Փետրուար 6-ին Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հոգեւոր Խորհրդածութեան Օր», մասնակցութեամբ՝ Գանատայի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւորականներու։
Խորհրդածութեան օրակարգի առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Հոգեբան փրոֆ. Կարին Փափազեան Զօհրապեան, «Մահը, Սուգը եւ Ընտանիքը» նիւթին մասին։ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից միօրեայ խոկումի օրուան երկրորդ դասախօսն էր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր պրն. Վահագն Գարագաշեան որ ներկայացուց «Հայութեան գոյապահմանման խնդիրներ. Սփիւռքի Ուծացման Հոլովոյթը»։