Մինչեւ Ապրիլ՝ Ծիծեռնակաբերդի Վերանորոգման Աշխատանքները Կ՚աւարտին
- (0)

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ընթացող վերանորոգման աշխատանքները կը կատարուին համաձայն հաստատուած ծրագրին եւ պիտի աւարտին 2026-ի ապրիլին։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին այս մասին տեղեկացուց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան՝ 2026 թուականի պետական նախահաշիւի նախնական նախագիծի քննարկման ընթացքին։
«Յուշահամալիրին մէջ կը շարունակենք անհրաժեշտ վերանորոգման աշխատանքները։ Գործընթացը կը վերահսկուի մասնագիտական խումբի կողմէ՝ ներառեալ թէ՛ արհեստագիտական եւ թէ՛ հեղինակային հսկողութիւն իրականացնող մասնագէտներու, ինչպէս նաեւ գիտամեթոտական խորհուրդի մասնակցութեամբ», նշած է Անդրէասեան։
Անդրէասեան ընդգծած է, թէ կիրարկուող արհեստագիտական մեթոտները նորութիւն չեն. նման ձեւով վերանորոգման աշխատանքներ տեղի ունեցած էին նաեւ 2015-ին։ Այժմ գործադրուող լուծումները բազմիցս քննարկուած են գիտամեթոտական խորհուրդին կողմէ եւ հաստատուած մասնագիտական եզրակացութիւններու հիման վրայ։
Նախարարին խօսքով՝ յուշահամալիրի հեղինակներն ու մասնագէտները, կատարելով բազմաթիւ հետազօտութիւններ՝ ներառեալ գերձայնային չափումներ, առաջարկած են ներկայ արհեստագիտական տարբերակները։ «Ծիծեռնակաբերդին մէջ նոյնիսկ մէկ միլիմեթր փոփոխութիւն կը կատարուի բացառապէս համապատասխան ընթացակարգերով», աւելցուցած է ան՝ շեշտելով, թէ իւրաքանչիւր հետաքրքրուած քաղաքացի կրնայ այցելել եւ մասնակցիլ մասնագիտական քննարկումներուն։
Նշենք, որ վերջին ամիսներուն մասնագիտական եւ հասարակական շրջանակներ յայտնած էին իրենց մտահոգութիւնները՝ յուշահամալիրի վերանորոգման ընթացքին կատարուած աշխատանքներու որակի եւ թափանցիկութեան շուրջ։ Անոնք յատկապէս ընդգծած էին, թէ որոշ միջամտութիւններ կրնան վտանգել յուշահամալիրի պատմական ամբողջականութիւնը եւ խորհրդանշական արժէքը։ Ըստ անոնց՝ անհրաժեշտ է աւելի լայն հանրային մասնակցութիւն եւ մասնագիտական վերահսկողութեան ամրապնդում, որպէսզի գործը կատարուի այնպիսի զգուշութեամբ, որ յուշահամալիրը պահէ իր ազգային յիշողութեան բնօրինակ ոգին։
Լուսանկար/Image: Hetq