Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ` Ազրպէյճանին Անցած Տարածքներուն Մէջ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեամբ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 յունիսին հրապարակեց «Միջազգային կրօնական ազատութեան 2021»-ի զեկոյցը:
«Ազրպէյճան» բաժինին մէջ նախարարութիւնը կը յիշատակէ ԵԽԽՎ-ի «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն» վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կառոյցին արտայայտուած մտահոգութիւնը` կապուած Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ տասնեակ հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, ներառեալ` Դադիվանք վանական համալիրի, խաչքարերու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ կոթողներու ապագային:
Կը նշուի, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը բազմիցս մերժած է արտօնել հայ ուխտաւորներուն մուտքը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքին մէջ գտնուող վանք: Ազրպէյճանցիները իրենց հերթին չեն կարողացած այցելել բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններ` ականապատման պատճառով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ազրպէյճանի պետական մակարդակի վրայ զարգացող այն պատումին գծով, որ կը ձգտի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխարինել «կովկասեան ալպանական» ժառանգութեամբ:
Կ՛ընդգծուի, որ տարուան ընթացքին բազմաթիւ հաղորդումներ ստացուած են հայկական մշակութային եւ կրօնական կառոյցներու նկատմամբ վանտալութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ կառավարութեան դիտաւորեալ իրականացուող գործողութիւններուն մասին: