Մի՜ ներէք մեզի

Թամար Տօնապետեան

Ի՞նչ ըրինք. ինչպէ՞ս հոս հասանք։

Հաւանաբար աւելի պատշաճ պիտի ըլլար հարցնել՝ ի՞նչ չըրի՜նք։

Չըրինք այն որ պէտք է ընէինք, երբ ունէինք առիթը. ըրինք այն որ պէտք չէ ընէինք։

Գինովցանք մեր ուրախութենէն. ուսամբարձ ցատկռտեցինք, եռագոյնը ծածանեցինք, բարձրաձայն երգեցինք, կենացներ խմեցինք, բեմերէն ճառեր արտասանեցինք, ուս-ուսի սաւառնեցանք, գոչերով հասանք Արարատի բարձունքին, հասանք Մուշ-Սասուն, զիրար գրկեցինք ու մեր քոչարին ծուռ-շիտակ պարեցինք։

Յետո՞յ. յետոյ մեծ ու փոքրով, ներսով դուրսով աչք գոցեցինք իրարու վրայ կուտակուող սխալներուն. աչք գոցեցինք ոճրագործներու, պնակալէզներու, կաշառակերներու, բթամիտներու,  օտարամոլներու, անպատիւներու, ստախօսներու, ազգային արժանապատուութենէ զուրկ սողուններու, հասանք ժողովրդավարութեան քօղին տակ յայտնուած ու հայութենէ զուրկ կամակատարներու։

Համբերեցինք, ըսելով՝ հայրենիքը տակաւին մանուկ է, համբերենք, օգնենք, տա՜նք. դեռ պատանի է, համբերենք, դեռ երիտասարդ է, կը սորվի, ժամանակ տանք, պիտի շտկուի։

Ժամանակը տուինք. ու մեր պայծառագոյն արեւները յանձնեցինք հողին, հազիւ ծածանող եռագոյններու ստուերին տակ։

Չտեսանք, չուզեցինք տեսնել, նախընտրեցինք երազել. սիրահարուած էինք։

Եթէ տեսանք, ապա՝ կէս աչքով. մնացեալը դատեցինք մեր սրտով միայն։

Չբարձրաձայնեցինք. եթէ բարձրաձայնեցինք, ապա՝ միայն հայհոյանքով, միայն յոխորտանքով, կամ անուշահամ սին խօսքեր նետեցինք օդին մէջ ու անձնականը գերադասեցինք։ Այլապէս, լուռ հեռացանք, կամ մեր գրիչին մէջ թաղեցինք մեր միտքերն ու մտահոգութիւնները։  Զիրար չլսեցինք։

Վարուժան չկարդացինք, Նարդունի չկարդացինք. եթէ կարդացինք, ապա՝ հպանցիկ. չհասկցանք, չիւրացուցինք «Հայրենիքի ոգին», «Կարմիր հողը», չիւրացուցինք «Հայաստան ամէն բանէ վեր»ը, շունչ չտուինք այդ խորհուրդին։

Չըմբռնեցինք միասնականութեան խորհուրդը. միայն արտասանեցինք՝ «բռունցքուելն է յաւերժութիւնն Հայաստանի», ինչպէս օդին մէջ կը ձգենք «ցաւդ տանեմ»ները։

Չսորվեցանք. չսորվեցանք մեր սխալներէն։ Մեզմէ ոմանք մոռցան պահ մը, որ թուրքը թուրք է. մոռցան աշխարհի չգրուած օրէնքներուն մասին. թաւշեայ լոլոներով ապուշցան։

Մեր բողոքի ձայնը բարձրացուցինք օտար ատեաններու առջեւ. ի զուր ակնկալեցինք, որ գոնէ քրիստոնեայ աշխարհը շարժի։ Չենք հասկցած տակաւին, որ մեր փրկութիւնը միայն մենք ենք։   Բայց ո՞ւր ենք մենք. «մենք»ը մեր գիրքերուն մէջ է, մեր շրթունքներուն վրայ՝ երբեմն։ «Մենք» չկա՜յ այլապէս։

Միտք չպատրաստեցինք։  Չկառուցեցինք. եթէ կառուցեցինք՝ ապա պսպղուն պողոտաներ միայն. չկառուցեցինք մեր պետականութիւնը ամրապնդող համակարգ։ Թաղուեցանք մեր փառաւոր անցեալին մէջ, հպարտացանք մեր անցեալի տաղանդներով, ներկան օտարամոլ հոսանքին տուինք, ամէն օր քիչ մը աւելի ջլատելով ազգայինը. նախընտրեցինք նմանիլ, քան զատորոշուիլ։  «Մի՜ խառնէք մեզ…»ը մեր շուրթերուն՝ գացինք ու խառնուեցա՜նք։

Մեր ինքնուրոյնը ոտնակոխեցինք, համաշխարհային բարքերով շփացանք ու փճացուցինք մե՜րը։  Լեզուն օրական խաչեցինք. գիրը օրական խաչեցինք։ Չգիտցանք ու տակաւին չե՜նք հասկցած թէ այս ընելով, որքա՜ն մեր ինքնութենէն կը զիջինք։

Թոյլ տուինք որ ջլատեն մեզ. այո, թո՜յլ տուինք։

Բարձրաձայնեցինք՝ ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք. այդ ոգիով դաստիարակուեցան շատե՜ր։ Այդ երազը մեր հոգիներուն մէջ՝ բախեցանք դառն իրականութեան որ ահաւասիկ մեր առջեւ պարզուած է. բանտուած, կախեալ ու բզիկ-բզիկ հայրենիքի ալ աւելի փոքր մնացորդը միայն, որուն վերջին աքացին տալու ախորժակը սրած է «հարեւան» թուրքը։

Հայրենադարձութեան մասին հոս ու հոն խօսեցանք միայն. զիրար այպանեցինք։ Ոչ մէկ ենթահող պատրաստեցինք, ոչ մէկ ռազմավարութիւն մշակեցինք այս ուղղութեամբ։  Անհեթեթ ու կցկտուր քայլեր առնելով, հայրենիքը քիչ քիչ օտարացնելով, կարծեցինք որ սփիւռքը պիտի ներգրաւենք. չհասկցանք, որ Եղեռնէն վերապրածներու սերունդը հայրենի՜ն է որ կը փնտռէ։

Չըմբռնեցինք անկախութեան արժէքը. վառ չպահեցինք 28 Մայիսի արե՜ւը, մեր պետականութիւնը «քամուն տուինք»։

Յետ-Եղեռնեան գաղութներուն մէջ մեր հազիւ վերապրած պապերը իրենց առաւելագոյնը տուին, հայ օճախը հայ պահելու համար. մեր աչքը չբացած՝ Սիս ու Մասիս էր մեր շուրթերուն, եռագոյնն էր մեր սրտերուն։ Հիմա՞. վերանկախացած հայրենիքի մէջ հայու դարաւոր սուրբ օճախը գազաններուն առջեւ փռած ենք. մե՜ր իսկ հողին վրայ դարձած ենք մուրացկան, դարձած ենք ստրուկ։

Չունեցանք առաջնահերթութեան գիտակցութիւն. սուզուեցանք կեղծիքի, սուտի, նիւթապաշտութեան կեղտոտ ոլորապտոյտին մէջ ու մեր դարաւոր ու փառաւոր ազգը ստորացուցինք, բաց վէրքին վրայ նո՜ր վէրք բանալով։

Հանդուրժողականութիւն ցոյց տուինք, համամարդկայնութե՜ան ձգտեցանք՝ արիւնարբու գազաններու ժանիքներուն տակ ծուարած. մինչ պէտք է «սրէինք պիտի մեր ժանիքներն ու սրերը մեր կեռ» Դաւթեանի բառերով։

Ստորացուցինք մեր ազգային արժէքները, քուրջի կտոր դարձուցինք մեր ազգային արժանապատուութիւնը, մեր վեհ դրօշը՝ մեր բազմաչարչար եռագոյնը։ Խլեցինք մեր նոր սերունդին ապագան, այժմ ինկած ենք ընկերային ցանցերո՜ւ վրայ «լուծել»ու մեր հայրենիքի «լինել-չլինել»ութիւնը։

Չպատրաստեցինք ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող հեռատես ղեկավարներ, չունեցանք հայրենիքը անխախտ պահելու յանձնառութեան գիտակցութիւն, չթրծեցինք վաղուան դիւանագէտները։ Մանրուքներով զբաղեցանք ու հայրենիքի ապագան վստահեցանք ուրիշին։ Չունինք համազգային տեսիլք. չունինք համազգային ռազմավարութիւն. մութին մէջ խարխաբելով կը փորձենք տեղ-տեղ լոյսի շողեր փնտռել ու անոնցմէ կառչիլ։

Կրնա՞նք վերընձիւղել Սարդարապատի ոգին. կրնա՞նք վերջապէս արթննալ ու շպրտել ստրուկի հոգեվիճակը. կրնա՞նք մենք մեզի հետ անկեղծանալ, տէրն ու ծառան ըլլալ մեր հայրենիքին։   Եթէ այո՝ այն ատեն միայն, իրաւունք կ՚ունենանք մեր արցունքը խառնելու Եռաբլուրի հողին։ Այլապէս, մի՜ ներէք մեզի, մեր նահատակ քոյրեր, եղբայրներ։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.