Մեր պատանիները կը գրեն. ՀՅԴ 135 ամեակ
- (0)

ՀՅԴ 135 ամեակի առիթով, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միոթեան անդամները կը գրեն իրենց խոհերն ու մտորումները, երիտասարդ կուսակցութեան 135-ամեայ աւանդին մասին։
ԱՅԳ ԱՍԻԼԵԱՆ
2016 Յունուարին մենք փոխադրուեցանք Թորոնթօ։ Հինգ տարեկան էի եւ որպէսզի հայ մեծնամ, ծնողքս որոշեց, որ յաճախեմ ՀՕՄ-ի Ամէնօրիայ վարժարանը, իսկ շաբաթավերջին երթամ ակումբ։ Սկիզբը ինծի համար ակումբը ընկերներու ծանօթանալու եւ անոնց հետ հաճելի ժամանցի տեղ էր լոկ, սակայն տարիներու ընթացքին, երբ անդամակցեցայ պատանեկան միութեան, ինծի համար ակումբը եղաւ զուտ դաստիարկչական բնոյթ ունեցող կեդրոն։ Այսօր շաբաթական դրութեամբ կը յաճախեմ ակումբ եւ աշխոյժ անդամ եմ Պատանեկան միութեան։
Մենք շատ բաներ կը սորվինք մեր ակումբէն ներս: Որպէս Դաշնակցական պատանի՝ կը ծանօթանանք հայոց պատմութեան եւ հայ ժողովուրդի էութեան, լսելով եւ սորվելով մեր հերոսներուն անսահման նուիրումին մասին, ինչպէս՝ Գարեգին Նժդեհի, Դրոյի, Գէորգ Չաւուշի, Լիզպոնի Հինգ երիտասարդներուն` Սեդրակին, Վաչէին, Սիմոնին, Արային եւ Սարգիսին, որոնք 1983 թուականի Յուլիս 27-ին Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, իրենց կեանքը նուիրեցին` բողոքելով դարաւոր անարդարութեան դէմ։ Ակումբէն ներս եւ ժողովներուն ընթացքին կը ծանօթանանք նաեւ Դաշնակցութեան պատմութեան եւ ծրագիրին, թէ ինչպէս Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը եղած է հայութեան հզօրութեան կռուաններէն մէկը, որ ծառայած է ու պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը Հայաստանի ու հայութեան: Մեր ժողովներուն ընթացքին ունկնդրած ենք դասախօսութիւններ Արցախի պատմականին եւ ազատագրական շարժումին մասին, սորված ենք կարեւոր թուականներն ու դէպքերը։
Հոս պէտք է յիշեմ նաեւ Պատանեկան միութեան անմոռանալի բանակումները, դասախօսական եւ զրոյցի ձեռնարկները, ազգային ֆիլմերու ցուցադրութիւններն ու քննարկումները եւ այլն, որոնք իւրաքանչիւր ընկեր եւ ընկերուհիի կը սորվեցնեն ազգասիրութիւն, կարգապահութիւն, ծառայելու պատրաստակամութիւն եւ մանաւանդ` անսասան հաւատք հայրենիքի, հայութեան եւ Դաշնակցութեան նկատմամբ։
Ինծի համար Պատանեկան միութիւնը գաղափարի դպրոց է, զոր կը յաճախեմ առանց բացակայելու, խօսքը գործի վերածող միջավայր է, ուր կը ծնին եւ պիտի ծնին` մտաւորականներ, ղեկավարներ, քաղաքական գործիչներ ու հերոսներ, որոնք ունին անսասան հաւատք հայրենիքի, հայութեան եւ Դաշնակցութեան նկատմամբ։
ԱՌԷՆ ՏՈՆՈՅԵԱՆ
Մանկութեանս, ծնողքիս առաջնորդութեամբ, 2018-ին եղբօրս հետ մաս կազմեցինք ԳԵՄ-ի Պատանեկան միութեան շարքերուն։
Առաջին ժողովէն իսկ ծանօթացայ եւ մտերմիկ կապեր հաստատեցի խումբիս պատանիներուն հետ։
Իւրայատուկ էր պատենեկանի ժողովները, որոնք կը փոխանցէին ինքնազարգացումի եւ ազգային գիտելիքներով։
Շաբաթօրեայ ժողովները, ընդհանուր հաւաքներն ու բանակումները կը զարգացնեն մեր միտքն ու հոգին։ Զուտ ազգային եւ յեղափոխաշունչ բնոյթ ունեցող ժողովները կը զօրացնեն մեր հպարտանքը, որ անդամ ենք այս միութեան։
Պատանեկան միութեան անդամակցելով ես սորվեցայ ժողովական կեանքի կանոնները, Դաշնակցութեան սկզբունքները, ֆետայիներուն եւ ազատամարտիկներուն կենսագրականները, իսկ Ապրիլեան ոգեկոչական ցոյցերը առաւել եւս մեծ ազդեցութիւն եւ տպաւորութիւն թողեցին մտքիս մէջ, որ հակառակ հարիւրէն աւելի տարիներ ետք, տակաւին տէր ենք ու պանջատէր մեր իրաւունքներուն։
Շնորհակալ եմ Պատանեկան միութեան, որ առիթ տուաւ ինծի սերտելու, սորվելու եւ ներկայացնելու դասախօսական նիւթեր, որոնցմով յաջողեցայ առաւել եւս զարգացնել մտային եւ լեզուական կարողութիւններս։
ՏԵՍԻԼ ՓԵԼԹԷՔԵԱՆ
Պատանեկան միութիւնը եղած է իմ կեանքիս ամէնէն նշանակալից փորձառութիւններէն մէկը։ Անիկա պարզապէս երիտասարդական խումբ մը չէ, այլ՝ վայր մը, ուր հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ կը հաւաքուին սորվելու, թէ ո՛վ ենք, ուրկէ՛ կու գանք, եւ ինչո՛ւ մեր մշակոյթը այդքան կարեւոր է։
Պատանեկանը այն միութիւնն է, որ մեծ թիւով պատանիներ կը համախմբէ մէկ նպատակի ներքոյ՝ պատրաստել հայու արժանավայել նկարագրով երիդասարդներ, որոնք պատիւ կրնան բերեն հայ ազգին։
Պատանեկան միութեան իւրաքանչիւր հաւաքը իր ջերմ եւ հաճելի մթնոլորտը ունի։ Սոյն հաւաքները առիթ ընծայած են մտերիմ կապեր հաստատելու ուրիշ մասնաճիւղերու պատանիներու հետ, որպէսզի առաւել ես յաջողեցնենք միութեան աշխատանքներն ու ծրագիրները։
Դաստիարակներու ներկայութիւնը կարեւոր ներդրում կը բերէ միութեան վերելքին։ Անոնց միջոցով մենք կը սորվինք հայոց պատմութենէն դրուագներ, Դաշնակցութեան մասին նիւթեր, յեղափոխաշունչ երգեր։ Զրոյցներու միջոցով մենք կը քննարկենք ազգային նիւթեր, կը մասնակցինք հարց-պատասխանի խաղերու եւ միօրեայ գործունէութիւններու։
Սոյն հաւաքներուն ծանօթացած եմ բազմաթիւ պատանիներու, որոնք իրենց մշակոյթը այնքան կը սիրեն, որքան՝ ես. եւ երկար բացակայութենէ ետք, եթէ պատահի եւ դարձեալ հանդիպինք, սերտօրէն կը զրուցենք եւ կը խօսինք մեզ իրարու կապող պատանեկանի ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մասին։
Պատանեկան միութեան կազմակերպած սեմինարները իւրայատուկ տեղ գրաւած են միտքիս մէջ։ Հարուստ յայտագրով եւ դասախօսական այլազան նիւթերով հարստացած են մեր գիտելիքները եւ հպարտանքի առիթ ներշնչած մեզի որպէս հայ, որ պատկանելիութիւն ունինք այս ազգին։
Պատանեկան միութիւնը մեծապէս նպաստած է անձնաւորութեանս վրայ եւ հպարտանքի առիթ ընծայած է ինծի՝ հայ ըլլալուս համար։
Երախտապարտ եմ մաս կազմելով այս միութեան, որ մեր մէջ կը սերմանէ տէր կանգնիլ մեր արմատներուն եւ դառնալ ապագայի խոստմնալից հայ հերոսներ, որոնք տէր են ազգային արժէքներուն եւ կը հաւատան, որ օր մը դարձեալ պիտի տիրանանք Արցախին։