«Մեր հարցերը մեր երկրին մէջ պէտք է լուծենք քաղաքակիրթ կերպով». ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան – video

«Մեր հարցերը մեր երկրին մէջ պէտք է լուծենք քաղաքակիրթ կերպով», անդրադառնալով այս օրերուն Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերուն՝ յայտարարած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:

Անոր խօսքով՝ անվիճելի է, որ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի Սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած իրաւունքներուն համաձայն՝ ազատ է իր կարծիքն ու տեսակէտը յայտնելու որեւէ հարցի շուրջ:

Ժողովրդավարութեան պահանջն է, որ իւրաքանչիւրը արտայայտուելու եւ լսուելու իրաւունք ունենայ:

Ըստ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչին` տեսանելի դրական փոփոխութիւնները մեր երկրին մէջ անհրաժեշտութիւն են, եւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացը ճիշդ անոր կը միտի: Նաեւ նոր Սահամանադրութիւնը ակնկալիք ու հանրային պահանջ ձեւաւորած է փոփոխութիւններու համար եւ այդ մէկը բոլորին համար պարտաւորութիւն է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.