«Մեր հայրենիք»-ին մասին

Սէրուժ Գրաճեան

Վերջերս կրկին «Մեր հայրենիք»-ին ոչ հայկական ըլլալու մասին աղմուկներ կը լսուին Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատու դէմքերու կողմէ։ Մանաւանդ այս դժուար օրերուն, կորուստներով լի մեր իրականութեան մէջ օրհներգի քննարկումը մեր վերջին հոգը պէտք է ըլլայ։ Բայց իմ տեսութիւնը կրկին կը տեղադրեմ փաստերով, պարզապէս՝ որպէս ճշմարտութիւն։

Օրհներգը կարելի է սիրել կամ չսիրել։ Բայց սխալ տեղեկութիւններ տալ օրհներգին «օտարածին» ըլլալու մասին, անընդունելի է։
«Մեր հայրենիք»-ի ծագման մասին․ բառերը անշուշտ գրած է յեղափոխաշունչ բանաստեղծ Միքայէլ Նալբանդեանը (Կոմս Էմմանուէլ ծածկանունով): Իսկ ո՞վ գրած է մեղեդին (եղանակը):

Մեղեդին առաջին անգամ կը յայտնուի Եզնիկ քհնյ. Երզնկեանի մանկական երգերու երգարանին մէջ, 1880-ին։ Արդեօք ի՞նքն էր կոմպոզիտորը (երգահանը), յայտնի չէ։ Երգը որպէս դաշնամուրի կտոր («Հայկական պոպուրի» անունով) մշակուած է հայ կոմպոզիտոր եւ Կոմիտասի առաջին ուսուցիչ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի կողմէ եւ տպագրուած է Մոսկուայի մէջ 1883-ին։ Իսկ 1885-ին, Թիֆլիսի «Արծրունու թատրոն»-ին մէջ, Կարա Մուրզայի երգչախումբը առաջին անգամ ըլլալով կատարած է իր երգչախմբային մշակումը որպէս «Իտալացի աղջկայ երգը»:

Ի՞նչ կը սորվինք այս փաստերէն:

Բոլորովին սխալ է այն տեսութիւնը, որ «Մեր հայրենիք»-ի մեղեդին բանագողութիւն է ռուս կոմպոզիտոր Գլազունովի «Ռայմոնդա» բալետի երրորդ արարի «Հունգարական շքերթ»-էն: Գլազունովը իր բալետը գրած է 1896-ին, եւ փաստը կը մնայ փաստ, որ հայկական երգը արդէն աւելի քան տասնհինգ տարիէ կ’երգուէր, երբ Գլազունովը նոր սկսած էր գրել իր բալետը։ Եւ եթէ բանագողութեան մէջ պէտք է անպայման մէկը մեղադրել, այն նոյնինքն Գլազունովն է:

Հայ մեծատաղանդ կոմպոզիտոր Բարսեղ Կանաչեանը ծնած է 1885-ին, այսինքն՝ նոյն տարին երբ Կարա Մուրզան «Մեր հայրենիք»-ի պրեմիերան (առաջին ներկայացումը) կ’ընէր Թիֆլիսի մէջ: Կանաչեան ենթադրաբար մեղեդին վերամշակած է 1920-1930 տարիներուն:

Այս մեղեդիին Իտալիոյ հետ միակ կապակցութիւնը, հաւանաբար, Նալբանդեանի բանաստեղծութեան վերնագիրն է «Իտալացի աղջկայ երգը». այստեղէն կու գայ այն շփոթութիւնը, թէ երգը իտալական է:

Կը կարծեմ, որ Նալբանդեանի այս բանաստեղծութիւնը շատ տարածուած ըլլալով Կովկասի հայերու մէջ, մեղեդին ծնունդ առած է հայ ժողովուրդի ընդմէջէն, որպէս այդ բանաստեղծութեան բառերու հետ յարմարուող ազգային-ժողովրդական երգ, ի վերջոյ մշակուելով եւ առաջին անգամ ներկայացուելով Կարա Մուրզայի կողմէ: Իսկ տարիներ ետք, Կանաչեանը պարզապէս վերամշակած է, եւ ի դէպ, ոչ մէկ ատեն ըսած է, որ ինքն է «Մեր հայրենիք»-ի կոմպոզիտորը:

Իսկ օրհներգերու լաւ կամ վատ ըլլալը, ինչպէս նաեւ օրհներգի երաժշտական որակի մասին, կամ մեղեդիին հայկականութեան կամ ոչ-հայկականութեան մասին քննարկումները, ըստ իս՝ քիչ մը անիմաստ են:

Բազմաթիւ օրինակներ կան, երբ տուեալ երկրի օրհներգը, նոյնիսկ երբ իսկապէս օտարածին է, երբեք չէ փոխած օրհներգի կարեւորութիւնը։ Երկու օրինակ. Իսրայէլի «Հաթիքվա»-ն որ պաշտելի տեղ կը գրաւէ հրեաներուն համար, մեղեդին զուտ ռումանական է, իսկ կոմպոզիտոր Պետրիխ Սմետանան զայն գործածած է իր «Մոլտաու» հռչակաւոր կտորին մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհներգի (Star Spangled Banner) մեղեդին, անգլիական գինետան երգ եղած է։ Այս ամէնը բնաւ արգելք չեն հանդիսացած, որ երգերը պատմութիւն կերտեն եւ խորհրդանիշները դառնան իրենց երկիրներուն համար:

Կասկած չունիմ, որ մենք հայերս ունինք շատ գեղեցիկ երգեր, որոնք կրնան հիանալի հնչել որպէս օրհներգ: Բայց ինծի համար օրհներգն այն մասին է, թէ ինչ կը խորհրդանշէ այն մեր պատմութեան մէջ (այն ի վերջոյ խորհրդանիշ է, ինչպէս դրօշը եւ զինանշանը եւ ոչ թէ՝ երաժշտական ճաշակի մրցոյթ): Եւ կասկած չկայ, որ թէ՛ 19 -րդ դարավերջի ազգային ազատագրական պայքարի ընթացքին, թէ՛ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն, թէ՛ 1918 -ին առաջին անկախութեան ստեղծման եւ գոյացման եւ թէ՛ 1988 -ին անկախութեան շարժման եւ Արցախի ազատագրման ժամանակ, «Մեր հայրենիք»-ը այն երգն էր, որ կը միաւորէր բոլորը՝ պատերազմ գացող զինուորներն ու ժողովուրդը: Պատմութիւն կերտուած է «Մեր հայրենիք»-ով: Իսկ 1920-ին, Հայաստանը անկախութիւնը կարսնցնելէն ետք, սփիւռքի մէջ ապրող հայերու յաջորդող սերունդներուն մեծամասնութեան համար (մինչ Հայաստանը դեռ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ էր), եռագոյն դրօշը, հայկական զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք»-ը հայը հայ պահեց եւ ստիպեց հաւատալ, որ օր մը Հայաստանը կրկին ազատ եւ անկախ կ’ըլլայ:

Ահա, սա՛ է օրհներգին մասին իմ տեսութիւնը:

*

Սէրուժ Գրաճեանը (Serouj Kradjian) թորոնթոհայ դաշնակահար եւ երգահան է: Ան «Ճունօ» մրցանակի մրցանակակիր է եւ «Կրէմի» մրցանակի առաջադրուած է: Գանատայի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ՝ աշխարհահռչակ ֆիլհարմոնիկ նուագախումբերու եւ երաժիշտներու հետ ելոյթներ ունեցած եւ տասնեակ ձայնագրութիւններու հեղինակն է: Յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի ամսաթերթի Փետրուարի թիւով։

 

Comments are closed.