Մեր Կորուստները. Մահացաւ Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Արմանտօ Թորգոմեան

8 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, երեքշաբթի, 24 օգոստոսին, Պուէնոս Այրէսի մէջ մահացաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան: Ան անցեալ երկուշաբթի ունեցած էր ուղեղային անակնկալ կաթուած, որուն պատճառով ան փոխադրուած էր հիւանդանոց:

Արմանտօ Թորգոմեան ծնած է Թորգոմ եւ Ալիս Թորգոմեաններու ընտանեկան հայաշունչ յարկին տակ, 8 մարտ 1967-ին, Արժանթին: Ան աւարտած է Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանը:

Փոքր տարիքէն ան ՀՄԸՄ-ին անդամակցած է իբրեւ գայլիկ եւ մարզիկ: ՀՄԸՄ-ի հենտպոլի խումբին հետ ան հասած է մինչեւ ֆետերասիոնի առաջին մակարդակի ախոյեանութիւն:

Լռակեաց, համեստ ու աշխատասէր, Արմանտօ Թորգոմեան եղած է Պուէնոս Այրէսի երիտասարդական վարչութեան ատենապետ: Ապա, մասնաճիւղի վարչական եւ այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, միշտ եւ ամէնուր դրօշակիրը հանդիսանալով ՀՄԸՄ-ի ազգային արժէքներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն:

ՀՄԸՄ-ի անդամակցութեան կողքին, Արմանտօ Թորգոմեան եղած է հաւատաւոր դաշնակցական: Խոնարհ եւ «անկեղծ զինուոր» հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին: Ան եղած է ՀՅԴ Պուէնոս Այրէսի կոմիտէի եւ ապա ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ան մաս կազմած է նաեւ Պուէնոս Այրէսի Ազգային Խրիմեան վարժարանի խնամակալութեան:

Իբրեւ մարզիկ եւ պատասխանատու, Արմանտօ Թորգոմեան մասնակցած է համա-ՀՄԸՄ-ական բազմաթիւ մարզախաղերու, խորհրդաժողովներու եւ հանդիպումներու` իր ողջմիտ կեցուածքներով եւ շրջահայեաց մօտեցումներով արժանանալով բոլորին գնահատանքին ու յարգանքին: Ան իր մասնակցութիւնը բերած է ՀՄԸՄ-ի տասներկու Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներէն եօթնին: 11-րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին, 2015-ին, ան ընտրուած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ չորս տարի ետք` 2019-ին վերընտրուած է քառամեայ նոր շրջանի մը համար` մաս կազմելով Կեդրոնական վարչութեան մարզական եւ երիտասարդական յանձնախումբերուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.