Մեր Ժողովուրդի Իրաւունքներու Հետապնդման Մէջ ՀՅԴ-ն Ունեցաւ, Ունի Եւ Պիտի Ունենայ Իր Առանցքային Տեղն Ու Դերը

Շաբաթ, 9 նոյեմբեր 2019-ին, կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք-ընթրիք, որուն ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 2.400.000 ամ. տոլար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ընթրիքին ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքը։

Ոչ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը Հայ դատի պաշտպան է, այլ իւրաքանչիւր հայ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը, որ ինքզինքը վաւերականօրէն հայ կը նկատէ եւ իր երակներուն մէջ հայու արիւն ունի, ինքզինք Հայ դատի զինուոր պէտք է նկատէ: Հայ դատը Դաշնակցութեան դատը չէ միայն, Հայ դատը սփիւռքի կամ Հայաստանի կամ Արցախի դատը չէ, այլ ամբողջ հայութեան դատն է, այսպէս եղած է, այսպէս պէտք է ըլլայ:

Հայ դատը սրբազան պայքար է, մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարիլը մեր եկեղեցւոյ կոչումին առաքելութեան մաս կը կազմէ: Պայքար է Հայ դատը, որովհետեւ պայքար եղած է հայ ժողովուրդի ողջ պատմութիւնը: Նայեցէ՛ք մեր պատմութեան, պատմութեան փոթորիկներուն մէջ, պատմութեան արիւնոտ ծփանքներուն դիմաց հայ ժողովուրդը որոշած է մնալ, պայքարած է պարտուողականութեան դէմ, նահանջին դէմ եւ մնացած է պատմութեան թատերաբեմին վրայ: Մենք պայքարած ենք գրիչով, բրիչով, մենք պայքարած ենք արիւնով, մշակոյթով, հոգեւոր բարոյական ազգային արժէքներով, հետեւաբար մեր ողջ պատմութիւնը,  բառին ամբողջական առումով, պայքարի պատմութիւն է: Այսօր սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը պայքար է, այսօր Հայաստանի հզօրացումը պայքար է, Ղարաբաղի անկախութեան պահպանումը պայքար է:

Ես Հայ դատը կը բնորոշեմ` որպէս ազգային պահանջատիրութիւն, մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք: Այսօր Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը մեր ազգային պահանջատիրութեան օրակարգի վրայ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ, փոքր հողաշերտի վրայ մենք անկախութիւն ունեցանք, սփիւռքի մէջ մենք եռագոյնով ազատ, անկախ Հայաստանին համար աշխատեցանք, պայքարեցանք եւ արիւն թափեցինք: Ունեցանք Հայաստանի անկախութիւն, որուն հզօրացումը, ամրապնդումը մեզի համար ամէնօրեայ պայքար է, նոյնպէս Ղարաբաղը մեզի չտուին, Ղարաբաղը մենք առինք: Իրաւունքը կ՛առնուի: Ղարաբաղը առինք մեր արեան վկայութեամբ: Այսօր Ղարաբաղը կը հզօրանայ: Այսօր ուրախ եմ, որ մեզի հետ կը գտնուի Ղարաբաղի նախագահը, որ սովորական իմաստով նախագահ չէ, Ղարաբաղի անկախութեան նուիրեալ զինուոր է: Տարիներ շարունակ նախագահը Ղարաբաղի անկախութեան համար տագնապեցաւ, երազեց, պայքարեցաւ, ապրեցաւ եւ այսօր նոյն ոգիով կը շարունակէ: Նուաճումները, իրագործումները հաւաքական հաւատքի, հաւաքական կամքի, հաւաքական յանձնառութեան արդիւնք են: Չի բաւեր միայն իրաւունքը առնել, էականը այդ իրաւունքը պահել է, ամրացնել է, պաշտպանել է, պայքարիլ է, ա՛յս է պատմութեան պատգամը մեզի:

Այսօր մենք նոյն ոգիով կը շարունակենք մեր պայքարը` Հայաստան, Ղարաբաղ, սփիւռք: Չմոռնանք սփիւռքը. սփիւռքը Հայաստանի հզօրացման, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդման, Հայ դատի հետապնդման մէջ ունեցած է եւ ունի վճռական դեր աւելի քան երբեք: 100-ամեակին առիթով համազգային յայտարարութեան մէջ մենք կարեւորութեամբ շեշտեցինք, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մաս կը կազմէ: Ես կ՛ուզեմ, որ միշտ այդպէս ըլլայ, ոչ թէ թուղթին վրայ, այլ կեանքին մէջ: Ես կը սպասեմ, որ Հայաստանը` որպէս պետութիւն, սփիւռքը` որպէս սփիւռք տարբեր մօտեցումներով, շեշտաւորումներով, սակայն նպատակասլաց կերպով մեր ժողովուրդի իրաւունքները հետապնդեն:

Մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը մեր աթոռին համազգային առաքելութեան մայր էջին վրայ միշտ դարձած է մնայուն ներկայութիւն, որովհետեւ մենք, ինչպէս ըսի, որպէս եկեղեցի` պարտաւոր ենք մեր ժողովուրդի իրաւունքները հետապնդել, երկրորդ` մեր Աթոռը ինք իր ժողովուրդին հետ Ցեղասպանութեան զոհ դարձած է: Այսօր Հայ դատի մարմինները ի սփիւռս աշխարհի բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեամբ, նախանձախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ եւ մանաւանդ կամքով ու հաւատքով կը հետապնդեն մեր ժողովուրդի իրաւունքները: Մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման մէջ անկասկած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունեցաւ, ունի եւ պիտի ունենայ իր առանցքային տեղն ու դերը:

Ես ճանչցած եմ Դաշնակցութեան պատասխանատուները, որոնք Հայ դատի հետապնդման նուիրեալ զինուորները եղած են, ես ճանչցած եմ հանգուցեալ Հրայր Մարուխեանը, որ տարիներ շարունակ Հայ դատ հետապնդած է, դուք ճանչցած էք Հրանդ Մարգարեանը, որ 20 տարիէ ի վեր նոյն ոգիով Հայ դատ հետապնդեց, այսօր Յակոբը նոյն ոգիով Հայ դատ կը հետապնդէ: Հայ դատը իր կողքին ունի ոչ միայն կուսակցութեան պատասխանատուները, անդամները, այլ` մեր ժողովուրդի զաւակները, որովհետեւ Հայ դատը ամբողջ հայութեան դատն է, մենք այս գիտակցութեամբ պիտի հետապնդենք Հայ դատը:

Ահաւասիկ վերջին նուաճումը Միացեալ Նահանգներէն ներս դիւրին չեղաւ, ես կը ճանչնամ մեր տղաքը այնտեղ, որոնք հեռագոյն ճիգով, հետեւողական կերպով, զանազան տեսակի միջոցներով, հանդիպումներով, հետապնդումներով մեր ժողովուրդի իրաւունքները հետապնդեցին, սակայն չի բաւեր, ճամբան երկար է, պայքարը ահեղ է:

Սիրելինե՛ր, այսօր Հայ դատի աշխատանքներուն պէտք  է մասնակցինք եւ ոչ թէ միայն օժանդակենք կամ նպաստենք: Մեր դատն է, մենք պիտի մասնակցինք. ինչպէ՞ս պիտի մասնակցինք` պիտի մասնակցինք Հայաստանի հզօրացումով, Հայաստանը մեր բոլորին կը պատկանի, եւ մենք բոլորս Հայաստանի նկատմամբ պարտաւորութիւն եւ իրաւունք ունինք, նոյնպէս ալ Ղարաբաղին` պարտաւորութիւն եւ իրաւունք:

Մենք պիտի մասնակցինք Հայ դատի աշխատանքներուն: Այսօր շնորհակալութիւն եւ գնահատանք կը յայտնեմ ձեր բոլորին, ձեր ներկայութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է ձեր ունեցած նախանձախնդրութեան` մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն գծով, սակայն մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները ամէն տեղ օժանդակութիւն տալու, նպաստ տալու ոգիով չէ, որ պէտք է մօտենան, ո՛չ, այլ Հայ դատը իրենց դատը նկատելով, իւրաքանչիւրի դատը նկատելով պէտք է մասնակցին:

Մենք չենք ուզեր, որ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց ամբողջ ունեցածը տան, սակայն կարեւոր մասնակցութեամբ պէտք է Հայ դատի գրասենեակները աւելի կազմակերպուին, աւելի աշխուժանան, աւելի ծաւալին, որպէսզի մեր դատի պայքարը ընթանայ նուաճումէ նուաճում: Այս կը պահանջեն այսօր մեր նահատակները, մեր նահատակները մեզի սրբազան կտակ մը ձգած են, նահատակներու կտակը մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շարունակել է, այս գիտակցութեամբ մենք պէտք է շարունակենք մեր աշխատանքները:

Հազա՛ր ապրին Հայ դատի բոլոր զինուորեալները:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.