Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Հայ Ինքնութեան Պահպանման Խնդիր Կայ. Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպան
Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները կանգնած են 4 գլխաւոր մարտահրաւէրի առջեւ։ Այս մասին «Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայկական համայնքները. ժամանակակից միտումներ եւ փոխակերպումներ» թեմայով գիտաժողովին ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեան։
Դիւանագէտը շեշտած է, որ այդ մարտահրաւէրներէն են հայ համայնքի նոսրանալու վտանգը, արեւմտահայերէնի պահպանման խնդիրը, եկամուտներու աղբիւրներու կրճատման սպառնալիքը, ինչպէս նաեւ հայի ինքնութեան պահպանման հարցը։
Անդրադառնալով Սուրիոյ կառավարութեան կատարած աշխատանքներուն` ուղղուած հայ համայնքին, Արիսեան ընդգծած է, որ աջակցութիւնը տարիներ շարունակ եղած է շատ աշխոյժ։
«Ասոր վառ ապացոյցը երկրին մէջ հայկական վարժարանները, դպրոցները, ճեմարաններն են, ինչպէս նաեւ հայոց լեզուի եւ հայերէնով կրօնի դասաւանդումը։ Երկրի տարածքին շատ կան նաեւ հայկական կազմակերպութիւններ։ Սուրիոյ կողմէ տրամադրուող աջակցութիւնը կը կրէ մշտական բնոյթ եւ կը ցուցաբերուի նաեւ Սուրիոյ մէջ պատերազմէն ետք»,- ընդգծած է դեսպանը։
Արիսեանի խօսքով` Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայկական համայնքները խիստ կը տարբերին միւսներէն, բայց եւ կան նմանութիւններ, ինչպէս այն մարտահրաւէրներուն տեսակէտէն, որոնք անոնք կը յաղթահարեն։
Comments are closed.