«Մենք տակաւին կը հաւատանք, որ սուրիահայութիւնը իր ուսերուն կը կրէ հայապահպանութեան մեծագոյն եւ անյետաձգելի առաքելութիւնը». հարցազրոյց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հետ

Վերջերս Մոնթրէալ կը գտնուէր Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքին, մասնակցելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան տարեկան համաժողովին, հիւրընկալութեամբ Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ: Այս առթիւ «Հորիզոն»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Վերապատուելին յայտնեց, թէ այս ժողովը կը համախմբէ աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներն ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ ունի զեկուցական բնոյթ:
Վերապատուելին ընկերակցութեան ծաւալած գործունէութեան անդրադառնալով ըսաւ. «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ կը հանդիսանայ աւետարանական եկեղեցւոյ բարեսիրական եւ մարդասիրական թեւը, կը ծառայէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ կենսական վերելքին, ուր որ ալ գտնուին անոնք անխտիր: Ծառայութիւններու դաշտը կը ներառէ հոգեւոր ոլորտ, որ կը դրսեւորուի աւետարանական եկեղեցիներուն հետ համագործակցաբար: Կրթամշակութային գործունէութիւն, որ կ’ընդգրկէ աւետարանական համայնքին վարժարանները՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանը, որ Սփիւռքի միակ հայկական համալսարանն է: Գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ մարդասիրական բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ կ’իրականացնէ երիտասարդներու յատուկ զարգացման ծրագիրներ: Այս չորս սիւները կը հանդիսանան ընկերակցութեան գործունէութեան ոլորտները, սակայն հիմնական պատուանդանը կը մնայ հոգեւոր կեանքը, Աստուծոյ ծանօթացում մեր ժողովուրդին եւ Աստուծոյ խօսքին սփռումը, ինչպէս Քրիստոս պատուիրեց իր աշակերտներուն», ապա աւելցուց, թէ յատկապէս տնտեսական մեծ տագնապներ դիմագրաւող երկիրներու մէջ Աւետարանչական ընկերակցութեան նեցուկը կը վայելեն իրենց հովանիին ներքոյ գործող դպրոցները, որոնք կարելիութիւնը չունին նիւթապէս իրենք զիրենք բաւարարելու: «Սուրիոյ մէջ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը յատկապէս կ’օժանդակէ հայ աշակերտներուն՝ կրթաթոշակներու նպաստով, նաեւ նեցուկ կը կանգնի մեր վարժարաններու պաշտօնէութեան՝ ամսավճարները յանձն առնելով: Հետեւաբար, որպէս դրական արդիւնք՝ դպրոցը թեթեւնալով իր նիւթական պարտաւորութիւններէն, կարելիութիւնը կ’ունենայ առաւել կեդրոնանալու իր ուսումնակրթական ծրագիրներուն զարգացման վրայ»:

Դոկտ. Սելիմեան յիշելով ընկերակցութեան ներդրումը նաեւ հայրենիքի մէջ, յայտնեց, թէ Աւետարանչականին նեցուկը վայելող վարժարանները գլխաւորաբար կը գտնուին այն թաղամասերուն մէջ, ուր ժողովուրդն ու մանուկները անխնամ մնացած են, թէ՛ սնունդի անբաւարարութեամբ եւ թէ՛ ուսումնակրթական ծրագիրներու հետեւելու կարողականութեամբ: «Յիշենք՝ Երեւանի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտնուող սքանչելի կրթական համալիրը՝ «Աւետիսեան» դպրոցը, որ Երեւանի լաւագոյն վարժարաններէն մէկը կը համարուի: Այս մէկը կը հաստատէ, թէ Աւետարանչականը կը հաւատայ, թէ մեր ժողովուրդի ապագան իրարայաջորդ սերունդներու օղակումով կը բիւրեղանայ» ըսաւ ան:

Աւետարանչական ընկերակցութեան մարդասիրական ծրագիրներուն առնչութեամբ Վերապատուելին յայտնեց, որ այս ասպարէզէն ներս ռահվիրայ դերակատարութիւն ունեցաւ Աւետարանչականը, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, ինչպէս նաեւ յետագային աղէտալի երկրաշարժի օրերուն եւ անկէ ետք: «Պատերազմները ընդհանրապէս կը տկարացնեն մեր ժողովուրդը, կը թուլացնեն ընտանեկան կապերը, կը չէզոքացնեն միութենական եւ ազգային պատկանելիութեան զգացումները. նման կացութեան մը դէմ յանդիման գտնուելով Աւետարանչականը կը փորձէ թեթեւցնել այդ արհաւիրքը՝ նեցուկ կանգնելով հայ ընտանիքներուն՝ մարդասիրական եւ նիւթաբարոյական ծրագիրներ մշակելով: Իսկ երբ վրայ հասաւ Հալէպը պատուհասող երկրաշարժը, եւ շատ մը տուներ քանդուեցան ու մարդիկ տնազուրկ դարձան, Աւետարանչական ընկերակցութեան օժանդակութեամբ վնասուած տուներ նորոգուեցան» ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Վերոյիշեալ առաքելութիւններուն մասին տեղեկութիւններու բաժնեկցութիւնը տարեկան համաժողովին մասնակիցներուն, քաջալերական դերակատարութիւն ունի, որ անոնք առաւել ներդրում ունենան եւ մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասնին»:

Սուրիոյ հայ գաղութին վերջին 13 տարիներուն ընթացքին դիմագրաւած դժբախտութիւններուն ակնարկելով, Վերապատուելին ըսաւ, որ պատերազմը, թագաժահրը, ապա երկրաշարժը շատ կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ պատուհասեցին Սուրիան, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ մեր ժողովուրդին վրայ: «Այս թոհուբոհին մէջ սակայն, սուրիահայութիւնը պահեց իր միասնականութիւնը: Պատերազմին պատճառած կենցաղային, ապահովական եւ տնտեսական բազմապիսի պատճառներ տուն տուին ժողովուրդի զանգուածային արտագաղթին։

Երկրաշարժի օրերուն եւս տիրող վախի եւ անոր կրկնուելու տարակարծութեան պատճառաւ ոմանք հեռացան Սուրիայէն, սակայն մեծագոյնը պատերազմին ընթացքին արագընթաց արտագաղթն էր: Առաջին տարիներուն Աւետարանչականը օժանդակեց մեր ժողովուրդին այն հատուածին, որոնք կը փափաքէին Հայաստան ապաստան գտնել, այսպիսով հարիւրաւոր ընտանիքներ տեղափոխուեցան հայրենիք, բայց մեծ թիւով արտագաղթ տեղի ունեցաւ նաեւ այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Գանատա, Եւրոպա եւ այլուր: Ճիշդ է, որ ներկայիս թուային առումով աւելի նուազ կը հաշուէ մեր գաղութը, սակայն մեր դպրոցները, եկեղեցիներն ու ակումբները, մեր մարզական եւ մշակութային կեանքի աշխուժութիւնը, երաժշտանոցներուն առկայութիւնը մեծ դրականութիւն կը բուրէ» ըսաւ ան եւ շեշտեց. «Մենք տակաւին կը հաւատանք, որ սուրիահայութիւնը իր ուսերուն կը կրէ հայապահպանութեան մեծագոյն եւ անյետաձգելի առաքելութիւնը, որուն հիմամբ մեր դպրոցներէն ներս մեր աշակերտները կը դաստիարակենք հայրենիքին ու մայրենիին մեծ ուշադրութիւն դարձնելով: Այսօր բացառուած է, որ մեր աշակերտները հայերէն չխօսին դպրոցէն ներս թէ դուրս»: Սելիմեան յայտնեց նաեւ, որ գաղութի երիտասարդներուն կեանքը մնայուն կերպով արդէն կամրջուած է հայապահպանութեան՝ հայկական կազմակերպութիւններու առկայութեամբ, որուն ի նպաստ սուրիահայութիւնը ախոյեանական դերակատարութիւն վերցուցած է ինչպէս անցեալին, այսօր եւս: «Սուրիան եղած է հնոցը մարդուժի պատրաստութեան առումով: Այսօր երբ սփիւռքի կրթական, եկեղեցական ծառայողներու եւ գործիչներու պեղում կատարենք, ի յայտ կու գայ, որ անոնց մեծ մասը Սուրիայէն ու Լիբանանէն են։ Ես կը հաւատամ, որ սուրիահայութիւնը պիտի շարունակէ այս առաքելութիւնը՝ հայեցի կրթութեամբ ու քրիստոնէական արժէքներով նախապատրաստուած մարդուժ պիտի հասցնէ բոլոր այն վայրերուն, ուր որ կարիքը ունի մեր ժողովուրդը» հաստատեց Սելիմեան:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՛նչն է երաշխիքը այսքան ահաւոր յուսախաբութիւններ ապրած սուրիահայութեան գոյատեւման եւ կենսունակութեան, Սելիմեան ըսաւ. «Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը մեծ կարեւորութիւն ունեցող հագամանք է, ի մասնաւորի Ցեղասպանութենէն ետք, երբ Սուրիան դարձաւ այն վայրը, ուր մենք վերագտանք մեր ինքնութիւնը. իբրեւ պահանջատէր ժողովուրդ, մեր գրաւեալ հողերուն աշխարհագրական մօտիկութեան մէջ ապրելով՝ աշխուժօրէն վերակազմակերպուեցանք եւ գոյատեւեցինք: Այստեղ կան ազգային եւ քրիստոնէական անփոխարինելի արժէքներ, որոնք Սուրիոյ մէջ ունեցած են իրենց յարմարաւէտ խմորումը, միւս կողմէ արաբ ազնիւ ժողովուրդին մէջ մեր գտնուիլը, մեր վայելած ազատութիւնը, մեր դպրոցներուն, ակումբներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ մնայուն կերպով հայերէնով կապ հաստատելն ու արտայայտուիլը առիթ ընծայած են նաեւ հունաւորելու եւ վերարտադրելու մեր գրական աշխարհն ու հայկականութեամբ բուրող ազգային կեանքը: Յիշեալները գրաւականներն են մեր սուրիահայ ժողովուրդին, որ նոյն եռանդով ու խանդով կը շարունակէ գոյատեւել ու արարել, թէկուզ աւելի նուազ թուային պատկերով»:
Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական խորհուրդի ատենապետն է եւ մօտէն կը հետեւի համայնքի վարժարաններուն գործելակերպին, եւ որպէս այդպիսին՝ ան անդրադարձաւ գաղութի հայկական վարժարաններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յայտնեց, որ հիմնականը այսօր որակեալ ուսուցիչներ պահելու եւ վերապատրաստելու մարտահրաւէրն է: «Շատ մը մարդասիրական կազմակերպութիւններ իրենց հատուածային ուսումնակրթական ծրագիրները իրագործելու ընթացքին մէջ կարիքը ունին որակեալ ուսուցիչներու, ուստի կը մօտենան մեր վարժարաններուն եւ կը ներգրաւեն մեր ուսուցիչները՝ բարձր աշխատավարձք շնորհելով: Եւ այսօր ցանկացած կրթական մշակ, որ չի կրնար նիւթապէս իր ընտանիքը ապահովել, բնականաբար պիտի ընդունի նման հրաւէրներ: Հետեւաբար ամէնէն դժուար կացութիւններուն մէջ իսկ, մենք մեր դպրոցներուն մէջ պէտք է կարենանք պահել մեր ուսուցիչները, որոնք երկար տարիներու վրայ փորձառութիւն ձեռք բերելով լաւապէս պատրաստուած են: Անոնց սատարելու ենք, բարձրացնելով աշխատավարձերը, որովհետեւ այսօր իւրաքանչիւր հեռացող ուսուցիչին փոխարէն նորը պատրաստելը երկու տասնամեակի կը կարօտի» ըսաւ Սելիմեան:

Ան յայտնեց նաեւ, որ այլ մարտահրաւէր է տնտեսական տագնապին հետեւանքով արտագաղթը, որով մեր դպրոցները կը կորսնցնեն ոչ միայն ուսուցիչներ այլեւ մեծ թիւով աշակերտներ: Խօսելով այլասերումի երեւոյթին մասին, որ նոյնպէս մարտահրաւէր է մեր վարժարաններուն եւ յատկապէս՝ երիտասարդութեան, Սելիմեան ըսաւ. «Մարդաբնակութեան ժողովրդագրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ վերջին տարիներուն, որուն պատճառով տեղացի ժողովուրդին հետ նոր ապրելակերպի ընկալում մը ի յայտ եկաւ: Նախապէս հայերը ակումբին, դպրոցին ու եկեղեցւոյ շրջակայքը բնակութիւն հաստատած, սեղմ շրջանակի մը մէջ ապրելով յաջողած էին այլասերումի վտանգը նուազագոյնի հասցնել: Այսօր ժողովուրդը ցրուած է, մարդիկ ծուարած են ուր որ հնարաւոր բնակարան կրցած են ապահովել, հետեւաբար մարդիկ սկսան գունաթափուիլ՝ տեղի տալով այլասերման լուրջ սպառնալիքի», ապա աւելցուց. «Այս բոլորին դէմ որքան որ հնարաւոր է պայքարիլ՝ պիտի պայքարինք ամէն կարելի միջոց ի գործ դնելով, երիտասարդները ներգրաւելու վայրեր ստեղծելով, զանոնք քով քովի բերելու կարելիութիւններ ապահովելով, որպէսզի անոնց կարենանք առաւելագոյն ապահովութիւն ներշնչել եւ հայկական մթնոլորտի շրջագիծին մէջ պահել»:

Վերապատուելին անդրադառնալով Գանատա հաստատուած սուրիահայութեան, որոնք մեծ ներդրում ունին Գանատայի զանազան շրջաններու ազգային, եկեղեցական, մշակութային եւ միութենական կեանքին, յայտնեց որ այս մէկը հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն կը ներշնչէ սուրիահայութեան, ապա կոչ ուղղելով անոնց ըսաւ. «Այսօր դուք պտուղն էք Սուրիոյ եւ սուրիահայ գաղութին շնորհած այն կարելիութիւններուն, որոնք ծնան, խմորեցին եւ պատրաստեցին ձեզ. հիմա կը ծառայէք այստեղ եւ ձեզ նման հարիւրաւոր սուրիահայեր կը ծառայեն այլուր, եւ որուն համար մենք Աստուծոյ փառք կու տանք եւ ուրախ ենք, բայց հաւանաբար ժամանակն է, որ յետադարձ ակնարկ մը նետէք եւ տեսնէք, թէ Սուրիոյ մէջ մնացած ձեր հայրենակիցներն ու բարեկամները ի՞նչ կարիքներ ունին, մեր հայկական վարժարաններն ու կառոյցները ի՞նչ բաներու կը կարօտին, որպէսզի կարենան շարունակել այն առաքելութիւնը, ինչ որ ձեր օրերուն կը կատարէին: Հետեւաբար այսօր զօրակցութեան օր է, վերանայումի օր է, այն օրն է, որ մենք որպէս մէկ միաւոր, սփիւռքի մէջ որպէս մէկ ամբողջութիւն, մնայուն կերպով փոխազդեցութեամբ շարունակենք մեր արդար գոյատեւումը»:

Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Comments are closed.