Մենք Պէտք է Ներողութիւն Խնդրենք Տինքէն, Քանի Որ Չկրցանք Վերականգնել Արդարութիւնը. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ թրքական իշխանութիւնները պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» հայկական թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը դարձուցած են տարբեր խմբաւորումներու հետ իրենց հաշիւները պարզելու գործընթաց:

Ինչպէս կը գրէ թրքական demokrathaber.org կայքը` Փայլան նշած է, որ սպանութեան գործի վարագոյրը ամբողջութեամբ դեռ չէ բացուած:

Յիշեցնենք, որ պոլսահայ յայտնի լրագրող, մտաւորական, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննուած է 2007-ի Յունուար 19-ին` Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցէն: Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը կ՛երկարաձգուի արդէն 10 տարի եւ դեռ չէ գտած իր հանգուցալուծումը:

«Որոշ ժամանակ մը այդ դատավարութիւնը կ՛օգտագործէին էրկենեքոնականները բանտ նետելու համար, հիմա` կիւլենականները: Մենք պէտք է ներողութիւն խնդրենք Տինքէն, քանի որ նման յանցագործութիւնները դեռ կը շարունակուին այն պատճառով, որ մենք չկրցանք վերականգնել արդարութիւնը յանուն անոր յիշատակին», «Թերթ․ամ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Փայլանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.