Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան շքանշանի տուչութիւն
- (0)

Դաշնակցային երեսփոխան պրն Ֆայսալ Էլխուրիի գրասենեակին կազմակերպութեամբ եւ ձեռամբ պրն Էլխուրիի տեղի ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. արքայի թագադրութեան շքանշանի տուչութիւնը շաբաթ 14 մարտ 2026-ին, Chateau Royal սրահէն ներս:
Սոյն շքանշանին արժանացան Լաւալի շրջանէն չորս հայորդիներ, յանձինս ընկերուհիներ Աննա Պուլկարեանի եւ Ֆլօրա Կիրակոսեանի, եւ երկու ընկերներ, Մհեր Գարագաշեան եւ Յովիկ Թիւֆէնքճեան՝ Գանատայի հասարակական կեանքէն ներս իրենց շարունակական կամաւոր ներդրումին եւ յանձնառութեան հանդէպ ընկերային եւ տնտեսական հարցերուն, ի շահ մեր ընկերային կեանքի բարօրութեան: