Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Քննարկումին Բրիտանացիներուն Ներկայացուեցաւ Գերիներու Հարցը
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 8 Մարտին յատուկ զեկուցումով հանդէս եկաւ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած քննարկման ընթացքին` ներկայացնելով Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիներուն՝ զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիներու վերադարձին հրատապութեան հարցը:
Հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստանի մօտ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան Ճան Կելեկըր, խորհրդարանի բոլորը կուսակցութիւնները ներկայացնող Հայաստանի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ Թիմ Լովթոն եւ ուրիշներ:
Արման Թաթոյեան նշեց, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արհեստականօրէն կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը` հայ հասարակութեան եւ յատկապէս գերիներու ընտանիքներուն հոգեկան տառապանքներ պատճառելու եւ երկրին մէջ լարուածութիւն յառաջացնելու նպատակով:
Պաշտպանը մանրամասն կերպով ներկայացուց մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտի միջազգային այն կանոնները, որոնք կը պահանջեն գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը ու անվտանգ վերադարձը: Ընդ որում, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ գերիներու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է զանոնք՝ իբրեւ «ահաբեկիչներ» ներկայացնելը, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի շարունակուող զինուած հակամարտութեան:
Թաթոյեան նաեւ ներկայացուց տեղեկութիւններ պատերազմին ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ կատարուած պատերազմական ու մարդկութեան դէմ յանցանքներու (գլխատումներ, խոշտանգումներ, մարմինների անարգանք եւ այլն) մասին:
Անդրադառնալով Հայաստանի սահմաններուն վերաբերող գործընթացին` Արման Թաթոյեան ներկայացուց իր նոր հայեցակարգը, որուն համաձայն, Սիւնիքի մէջ մարդոց անվտանգութեան երաշխաւորման նպատակով պէտք է ստեղծուի ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի: Ան ներկայացուց յստակ ապացոյցներ եւ փաստեր, որոնց վրայ հիմնուած է այս նոր մօտեցումը:
«Սահմանների հետ կապուած գործընթացը խախտել, ինչպէս նաեւ լրջօրէն վտանգել է Հայաստանի սահմանային բնակիչների իրաւունքները, խաթարել է նրանց բնականոն կեանքը եւ շարունակում է անհանգստութիւն պատճառել գիւղերի բնակիչներին»,- մանրամասնեց Թաթոյեան: