Մաքրոն սահմանները բանալու կոչ ուղղած է Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Երեւանեան երկխօսութեան գագաթնաժողովին ընթացքին յայտարարեց, թէ Հարաւային Կովկասը կրնայ վերականգնել իր կեդրոնական դիրքը՝ իբրեւ խաչմերուկ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ։

Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց, որ շրջանը պէտք չէ մնայ «կայսրութիւններու մրցակցութեան վայր», այլ պէտք է վերածուի համագործակցութեան եւ հաղորդակցութեան տարածքի։ Ան ընդգծեց, որ այս տեսլականը ենթադրաբար կը պահանջէ սահմաններու լիարժէք բացում՝ մասնաւորաբար Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ անխափան կապեր Վրաստանի հետ։

Մաքրոն յայտնեց, թէ սահմաններու մասնակի բացումները, ինչպէս՝ մարդասիրական բեռներու փոխադրութեան նպատակով, դրական քայլեր են, սակայն անոնք կը մնան նախնական փուլ, եւ անհրաժեշտ է ամբողջական բացում՝ տնտեսական եւ տարածաշրջանային ներուժը իրացնելու համար։ Ան նաեւ ողջունեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ առեւտրական որոշ սահմանափակումներու մեղմացումը եւ հաղորդակցութիւններու աստիճանական վերականգնումը։

Իր խօսքին մէջ, Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանին մէջ արտաքին ազդեցութիւններու դերին՝ նշելով, որ բարգաւաճումն ու կայունութիւնը հնարաւոր են առանց «կայսրութիւններու միջամտութեան»։ Ան յիշեցուց, որ անցեալին տարածուած էր այն ընկալումը, թէ Հայաստանը կը կարօտի արտաքին հովանաւորութեան, սակայն վերջին զարգացումները, ըստ իրեն, ցոյց տուած են այլընտրանքային՝ ժողովրդավարական ուղիի գոյութիւնը։

Մաքրոն եզրափակեց՝ շեշտելով, որ տարածաշրջանի ապագան կախուած է խաղաղութեան հաստատումէն եւ սահմաններու բացումէն, որոնք կրնան Հարաւային Կովկասը դարձնել միջազգային առեւտրական եւ տնտեսական կարեւոր հանգոյց մը։