Մարտ 1-ի Դէպքերուն Նուիրուած Յիշատակի Երթ Եւ Փաշինեանի Ուղերձ

ԵՐԵՒԱն.- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յղեց ուղերձ մը 1 Մարտ 2008ի դէպքերուն վերաբերեալ: Իր ուղերձին մէջ, վարչապետը կ՛ընդգծէ, որ այդ իրադարձութիւններէն 11 տարի ետք, շատ կարեւոր է քաղաքական գնահատական տալ տեղի ունեցածին:

Վարչապետը կ՛արձանագրէ, որ 2008ին, իշխող վերնախաւի գործողութիւնները ամենեւին ուղղուած չէին առանձին ուժի, խումբի, անհատի դէմ. այդ բռնութիւններուն եւ ապօրինութիւններուն հիմնական, եւ թերեւս միակ թիրախը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին էր՝ անոր իրաւունքը, անոր արժանապատւութիւնը եւ ազատութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան պետութեան անունով ներողութիւն խնդրեց 1 Մարտ 2008ի բոլոր զոհերէն, անկախութենէն ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր քաղաքական սպանութիւններու զոհերէն, քաղաքական հետապնդման ենթարկուած բոլոր քաղաքացիներէն ու քաղաքական ուժերէն:

Նշենք, որ վարչապետին գլխաւորութեամբ մարտմէկեան իրադարձութիւններուն տարեդարձին առիթով, Երեւանի մէջ, Ուրբաթ, 1 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ երթ, որուն մասնակցեցան նաեւ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, բազմաթիւ քաղաքացիներ:

Երթը մեկնարկեց Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն, անցնելով Մաշտոցի պողոտայով, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցով եւ աւարտեցաւ Միասնիկեանի արձանին մօտ:

Վարչապետ Փաշինեան ծաղկեպսակ զետեղեց Միասնիկեանի արձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց բոլոր զոհերուն յիշատակին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.