Մանկապատանեկան «Հորիզոն», Մարտ 2017 – PDF տարբերակը կցուած

ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

Սիրելի՛ աշակերտներ

Մեր կեանքը ուրախ ապրելու համար, մեր օրերը պէտք է լեցնենք բարի աշխատանքով եւ քաղաքավար կեցուածքով: Մենք առանձին չենք ապրիր. մեր շուրջ ունինք մեր ընտանիքի անդամները՝ հայր, մայր, քոյր-եղբայր, մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ եւ այլ հարազատներ, նաեւ ունինք ընկեր-ընկերուհիներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, տնօրէն-տնօրէնուհի: Քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ մեր շրջապատին մէջ յարգենք զիրար, խօսինք անոյշ լեզուով, արտայայտուինք բարի ժպիտով, որովհետեւ մեր քաղաքավար կեցուածքով ուրիշներ ալ մեզ պիտի յարգեն եւ մեր հետ վարուին ազնուօրէն: Առաջին հերթին «բարեւ» ըսել գիտնանք. լաւ պիտի ըլլայ, երբ տեղին՝ շնորհակալութիւն յայտնել գիտնանք, ըլլանք համբերատար եւ սպասենք շարքի մէջ մեր կարգին, «կ’ուզեմ» ըսելու փոխարէն գործածենք «հաճիս» կախարդական բառը: Ընդունինք, որ միշտ չենք կրնար շահիլ, խաղի մը աւարտին կրնանք նաեւ պարտուիլ: Սորվինք նաեւ բաժնեկցիլ՝ մեր ունեցածէն մաս մը տալով մեր ընկերոջ կամ հարազատին: Լաւ կանոններ են ասոնք եւ մեր լաւագոյնը պիտի ընենք իրագործելու զանոնք մեր առօրեայէն ներս:

Յաջողութի՛ւն եւ բարի օրեր

Հպարտ եմ, որ հայ եմ, ինծի նման հայ է

Ատոմ Էկոյեան

Ատոմ Էկոյեան գանատահայ նշանաւոր աստղ մըն է ֆիլմարուեստի մէջ: Ծնած է 1960-ին, Գահիրէ եւ փոքր տարիքին իր ծնողքին հետ միասին հաստատուած է Գանատա: Ան թատերագիր է, բեմադրիչ եւ ֆիլմերու հեղինակ: Ուսումը ստացած է Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ: Ուսանողական տարիներուն իր նկարահանած ֆիլմերը գրաւած են հանդիսատեսներու եւ քննադատներու ուշադրութիւնը: Next of Kin իր տնօրինած ժապաւէնին միջոցով ծանօթացած է եւ ամուսնացած յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեանին հետ: Էկոյեան մրցանակներ շահած է Cannes-ի ֆիլմի Փառատօներու ընթացքին նաեւ մրցանակներու արժանացած է Թորոնթոյի Միջազգային Ֆիլմի Փառատօներու ընթացքին: 2004-ին Երեւանի առաջին Միջազգային Ֆիլմի Փառատօնին արժանացած է «Ոսկէ Ծիրան» գլխաւոր մրցանակին, իսկ 2011-ին պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով: 2015-ին ֆիլմի աշխարհին մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններուն համար, Ատոմ Էկոյեան արժանացած է Գանատայի բարձրագոյն պարգեւին: Իր ամենէն յայտնի ֆիլմերէն մէկն է «Արարատ»ը:

Ես ալ հայ մըն եմ, պետք է մտածեմ, որ ի՛նչ կրամ ընել եւ պէտք է ընեմ իմ ազգիս համար:

ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ

ՄԵԾԱՄՕՐ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը լեռնային երկիր է, անոր տարծութեան 82 առ հարիւրը լեռներ են: Հայ ժողովուդը իր երկրի լեռներուն նման յարատեւող ու ստեղծագործ ժողովուրդ է: Պատմութեան ընթացքին, տարբեր ժամանակներու մէջ ան կերտած է աւելի քան 70 հրաշալիքներ: Այս հրաշալիքները տեսնելով, օտարները մեր երկիրը անուանած են թանգարան բաց երկնքի տակ:

Հայկական լեռնաշխարհի հնագոյն յուշարձաններէն մէկն է Մեծամօրը, որ կը գտնուի Արարատեան դաշտի կեդրոնը, Երեւանէն մօտ 30 քլմ. դէպի արեւմուտք: Մեծամօրը սառնորակ աղբիւրներով, պտղաբեր շրջան մըն է: Ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, թէ հոն կեանք գոյութիւն ունեցած է Քրիստոսէ 5000 տարիներ առաջ: Փաստուած է, թէ Մեծամօրը այդ ժամանակներէն եղած է արդէն քաղաք մը, որ ունեցած է պարիսպներով շրջապատուած միջնաբերդ, պալատներ եւ փոքր բլուրի վրայ աստղադիտարան մը: Նաեւ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ շատ հին ժամանակներէն Մեծամօրի բնակչութիւնը առեւտրական եւ մշակութային կապեր ունեցած է եգիպտական, բաբելոնեան եւ արեւելեան այլ երկիրներու հին քաղաքակրթութիւններուն հետ:

ՄԵՐ ԱՍՏՂԵՐԸ

Հարցազրոյց Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ Աստղիկ Աբրահամեանի հետ

Այս սիւնակով մենք կը ներկայացնենք հարցազրոյցներ, որոնք պիտի կատարուին մեր գաղութի տաղանդաւոր պատանի-պարմանուհի կամ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն հետ, որոնք զանազան մարզերու մէջ մրցանակներու դափնեկիրներ եղած են:

1- Ո՞ր դպրոցը յաճախած ես: Աւարտելէ ետք, ի՞նչ մասնագիտութեան մէջ ուզած ես խորանալ եւ ո՞ւր:

1- Յաճախած եմ ՄոնթրէալիՍուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը։ 2011-ին ընդունուած եմ Collège Jean-de-Brébeuf եւ հետեւած՝ Արուեստ եւ գրականութիւն ճիւղին: Collège-ը աւարտելէս ետք, 2013-էն ի վեր կը յաճախեմ McGill համալսարան՝ մասնագիտանալով ֆրանսական գրականութեան եւ թարգմանութեան ճիւղերուն մէջ: Ուսանած եմ նաեւ ռուսական գրականութիւն։

2- Ի՞նչ բանն էր, որ քեզ մղեց հետեւելու այս ճիւղին:

2- 12 տարեկան էի, երբ սկսայ հետաքրքրուիլ գրականութեամբ։ Մինչ այդ, շատ կարդալ չէի սիրեր, աւելի տարուած էի հեռատեսիլ դիտելով, կը սիրէի գծել եւ խաղալիքներով պատմութիւններ յօրինել, շատ լայն երեւակայութիւն ունէի։ Գիրքերու աշխարհը իմ առջեւ բացուեցաւ Harry Potter գիրքով, որուն մէջ չափազանց վառ եւ հարուստ էր երեւակայական գործօնը։ Այդ տարիքէս ետք արդէն յստակացաւ, թէ ո՛րն էր ապագայի իմ մասնագիտական ուղղուածութիւնը։ Բնականաբար, ուսուցիչներս, ինչպէս նաեւ հայրս ու մայրս, որոնք շատ գրասէր են, քաջալերեցին իմ մղումս։

3- Ի՞նչ մրցոյթներու մասնակցած ես եւ ի՞նչ մրցանակներու արժանացած:

3- 2013-ին, մասնակցած եմ Concours Critère քոլեժներու համաքեպէգական գրական մրցոյթին եւ «La chair humaine» պատմուածքովս ստացած եմ երրորդ տեղը: Այս յաջողութիւնը շատ մեծ գնահատանք էր ինծի համար եւ զիս աւելի ոգեւորեց։ Նոյն տարին, համաքոլեժական (Collège Jean-de-Brébeuf եւ Marianapolis College) մրցոյթին շահեցայ առաջին մրցանակը իմ «The Note» գրութեամբս։ Իսկ վերջերս, 2016-ի Նոյեմբերին, McGill-ի Yvon-Rivard գրական մրցոյթին իմ «Tu te souviens?» բանաստեղծութեամբ արժանացայ առաջին մրցանակին։

4- Մասնագիտութեանդ մէջ, թէ մասնագիտութենէդ դուրս, ի՞նչ ձեւով մասնակցութիւնդ կը բերես մոնթրէալահայ գաղութին:

4- Կը համագործակցիմ «Հորիզոն» շաբաթաթերթին հետ, հացազրոյցներ ունենալով եւ յօդուածներ տալով։ Իսկ մասնագիտութենէս դուրս կը սիրեմ հայկական պարը եւ իմ մասնակցութիւնս կը բերեմ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» ազգագրական պարախումբին մէջ պարելով:

5- Ի՞նչ խօսք ունիս փոխանցելիք քեզի տարեկից հայորդիներու եւ քեզմէ աւելի փոքրերուն:

5- Չյուսահատիլ: Պատահած է, որ առաջին գրական փորձերս յաջողութիւն չեն ունեցած, բայց յամառօրէն շարունակեր եմ երթալ դէպի առաջ։ Պէտք է յարատեւ աշխատիլ, ըլլալ ուժեղ, ունենալ ինքնավստահութիւն, կամք, յամառութիւն՝ մեր նպատակներուն հասնելու համար։ Եւ՝ պէտք չէ տարուիլ հասարակ, ոչ մնայուն արժէքներով, որոնք շատ դիւրին կու գան, եւ այդքան դիւրին ալ կ՚անհետանան։ Բայց ամենակարեւորը՝ պէտք է ընել այն, ինչ որ իրապէս կը սիրենք. օրինակ՝ գրածներուս մէջ շատ անգամ Երեւանի մասին կը խօսիմ, որովհետեւ Երեւանը ինծի համար ոգեշնչման աղբիւր է, նոյնիսկ եթէ ուրիշներ չբաժնեն այդ զգացումներս։ Եւ վերջապէս, կարդալ, ձգտիլ գեղեցիկին եւ մշակել բարձր ճաշակ՝ ամէն ինչի մէջ։

Կերպարուեստի հսկաներէն՝ Վարդգէս Սուրէնեանց

Վարդգես Սուրէնեանցը ծնած է 1860 թուականին Ախալցխա։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին մէջ, յետոյ շարունակած է ուսումը տեղւոյն գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժինը։ Եղած է նաեւ Գերմանիա, Միւնիխի կայսերական համալսարանի գեղանկարչութեան բաժնին մէջ:

Տիրապետելով տասը լեզուներու՝ պարսկերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ այլն, Սուրէնեանցը ուսումնասիրած է տարբեր ազգերու արուեստն ու գրականութիւնը։ Ան ապրած ու ստեղծագործած է օտար երկիրներու մէջ, բայց իր ամբողջ էութեամբ եւ իր ամբողջ հոգիով կապուած եղած է իր հարազատ ժողովրդին: Ան հայոց լեզուի բոլոր բարբառներով զրուցած է թրքական ջարդերէն փախած գաղթականներու հետ եւ իր գեղանկարներուն մէջ, թարգմանը հանդիսացած է հայ ժողովուրդի հոգիի ապրումներուն, մտահոգութիւններուն եւ մտածումներուն: Ան նկարազարդած է բազմաթիւ հայկական ժողովրդական հեքիաթներ, եղած է յայտնի թատերական նկարիչ, արուեստի հմուտ տեսաբան, թարգմանիչ, ճարտարապետ, քանդակագործ եւ հասարակական գործիչ։ Իր գործերէն մէկն է Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ խորանի Մայր Աստուածածնի եւ Յիսուս Մանուկի նկարը:

Բառերու թարգմանութիւններ

Գեղանկարիչ – peintre

Քանդակագործ – sculpteur

Ճարտարապետ – architecte

Գիտէի՞ր թէ …

Մեր երկրագունդը ծածկող «կեղեւը» կազմուած է խաւերէ (plaques tectoniques), որոնք անդադար շարժումի մէջ են: Երբ անոնք իրարու կը հանդիպին, կը հրեն զիրար եւ ծալլուելով դէպի վեր կը բարձրանան, կազմելով լեռներ:

Ինչպէ՞ս դէմ դնել հարբուխին

Երբ կը յոգնինք եւ օգտակար պտուղներ ու բանջարեղէններ չենք ուտեր, մեր մարմնին դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ: Առաւել, երբ կը հանդիպինք անձերու, որոնք հարբուխ են, շատ դիւրութեամբ կրնանք փոխանցուիլ օդին մէջ արձակուած անտեսանելի կաթիլներէն: Ուրեմն հեռու պէտք է մնալ հիւանդներէն եւ պէտք չէ դպնալ հիւանդներուն դպած իրերուն:

Չվարակուելու համար.

– Պէտք է ձեռքերը յաճախ լուալ. 6-10 անգամ, որովհետեւ հարբուխի ժահրերը հիւանդէն ուրիշի մը կը փոխանցուին ձեռքերէն:

– Պէտք չէ շփել աչքերը:

Եւ պէտք է հեռու մնանք 2 գէշ սովորութիւններէ՝

– Եղունգ կրծելէ եւ մատները քիթին մէջ դնելէ:

Արամ Նահապետ Արմաւիրի պարիսպի աշտարակին վրայ կը գամէ Նիւքար Մադեսը

Հայկ Նահապետի Արամայիս թոռան թոռ Գեղամի թոռն էր Արամը: Ան Հայոց աշխարհի սահմանները պաշտպանելու համար յիսուն հազարնոց զօրք կը հաւաքէ եւ Հայաստանի սահմաններուն մօտ կը հանդիպի մեդիացիներու զօրքին, որոնց առաջնորդն էր Նիւքար Մադես անունով մէկը: Մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին կը գրէ. «Արամը յանկարծակի կերպով յարձակեցաւ նախքան արեւածագը, կոտորեց անոր բազմաթիւ ամբոխը եւ զինք՝ Նիւքարն ալ, որ Մադես կը կոչուէր, ձերբակալելով բերաւ Արմաւիր եւ այնտեղ պարիսպի աշտարակին ծայրը հրամայեց պատին վարսել՝ երկաթէ ցից մխելով անոր ճակտին՝ ի ցոյց բոլոր անցորդներուն, եւ անոր երկիրը մինչեւ Զարապ լեռ իրեն հպատակ դարձուց»:

Խորենացին կը յիշէ, թէ օտարները Հայաստանը կը կոչեն «Արմենիա» ի պատիւ Արամի, որուն քաջագործութիւններուն եւ յաղթանակներուն համբաւը տարածուած էր դրացի երկիրներուն մէջ:

Վանգուվըրի ՀՕՄ-ի «Արազ» Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները կը գրեն… կեցցե՛ն.

Իմ հերոսս է Արա գեղեցիկ, որ եղած է հայ նահապետ մը: Ան մղած է բազմաթիւ պատերազմներ եւ կերտած է հզօր Հայաստան: Շամիրամ Ասորեստանի թագուհին էր, որ կ’ուզէր Արա գեղեցիկին հետ ամուսնանալ, բայց Արա կը մերժէր՝ հաւատարիմ մնալով Նուարդ իշխանուհիին եւ իր հայրենիքին: Արա գեղեցիկ իր խիզախութեամբ եւ քաջութեամբ դարձաւ ինծի համար յագանքի արժանի հերոս մը:

Քրիստ Սեդրակեան

Գէորք Չաուշ կ’ընտրեմ որպէս հերոս: Ան ծնած է 1870-ին, Պիթլիս եւ մահացած է 1907-ին, Մուշ: Եղած է հայ Յեղափոխական մը եւ ֆետայական խումբերով մղած է բազմաթիւ պատերազմներ՝ ազատագրելով գիւղեր եւ շրջաններ: Ան հերոս է, որովհետեւ իր զօրաւոր կեցուածքով պաշտպանած է հայրենիքը թշնամիներէն:

Սէլին Ղալի

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Սարաֆեան» նախակրթարանի Ե. կարգի աշակերտներուն նամակները ուղղուած հայ զինուորին.

Սիրելի՛ հայ զինուորներ

Իմ անունս Կրէյս է: Լսած եմ, որ հայ բանակը զօրաւոր է ու իմաստուն եւ կը կռուիք, որպէսզի պաշտպանէք մեր հայրենիքը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի պէս քաջարի զինուորներուն եւ կը մաղթեմ ձեզի առողջութիւն եւ արեւշատութիւն: Ես շատ հպարտ եմ ձեզմով:

Կրէյս Սաղըրեան

Սիրելի՛ հայ զինուորներ

Ես ձեր մասին շատ լսած եմ: Իմ անունս Սիմոն է. 11 տարեկան եմ: Ես Գանատայի մէջ կ’ապրիմ եւ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Վաժարանի աշակերտ եմ: Դուք 7 օր 24 ժամ Հայաստանի սահմանները կը պաշտպանէք: Աստուած պահպանէ ձեզ: Դուք մեր սրտին մէջ էք ու ձեր մասին կը մտածենք ամէն օր: Ձեզի կը մաղթեմ քաջութիւն եւ յաջողութիւն:

Սիմոն Թրթռեան

Սիրելի՛ հայ զինուոր

Ես կ’ապրիմ Լաւալ՝ Գանատա եւ կը յաճախեմ Սուրբ Յակոբ վարժարան: Երբ կը կռուիք մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար, կը մաղթեմ որ Աստուած ձեր հետը ըլլլայ: Դուք կը վազէք, կը ցատկէք, կը սողաք, որ մեր Հայաստանը պաշտպանէք: Շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել ձեզի, որ թուրքերը մեր հողերէն հեռու կը պահէք:

Աննա Թէպրէճեան

Սիրելի՛ հայ զինուոր

Ես կ’ապրիմ Իլ Պիզար՝ Գանատա եւ կը յաճախեմ Սուրբ Յակոբ վարժարանը: Ես շատ ուրախ եմ, որովհետեւ դուք մեր երկիրը կը պաշտպանէք մեր թշնամիներէն եւ մեր ժողովուրդը ապահով կ’ապրի Հայաստանի մէջ: Կ’աղօթեմ ձեզի համար, որ մնաք միշտ առողջ եւ ըլլաք միշտ քաջ: Թող Աստուած պահէ ձեզի չար թշնամիներէն. եւ երբ խաղաղութիւն ըլլայ, դուք ողջ առողջ վերադառնաք ձեր ընտանիքներուն:

Էմմա Քէլէշեան

Սիրելի՛ հայ զինուոր

Իմ անունս Կրէյս Կարպոյեան է: Ես կ’ապրիմ Լաւալ՝ Գանատա եւ կը յաճախեմ Սուրբ Յակոբ վարժարանը: Շատ շնորհակալ եմ, որ Հայաստանի հողերը կը պաշտպանէք: Դուք այս աշխարհի ամենէն զօրաւոր զինուորներն էք: Դուք ձեր զէնքերով կը կրակէք թշնամին եւ մեզ կը պաշտպանէք: Հա՛յ զինուրներ, դուք միշտ անվախ էք ու միշտ պատրաստ եւ հայկական դրօշակը միշտ բարձր կը պահէք: Մենք շատ հպարտ ենք ձեզմով: Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի:

Կրէյս Կարպոյեան

Սիրելի՛ հայ զինուոր

Ես կ’ապրիմ Լաւալ՝ Գանատա: Շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել ձեզի, որ սրտանց կը փորձէք մեր սահմանները պաշտպանել: Միշտ լաւ կը մարզուիք եւ ձեր լաւագոյնը կ’ուզէք ընել: Դուք շատ աշխոյժ ու զօրաւոր զինուրներ էք, եղէք միշտ անվախ ու յաղթական: Մենք շատ հպարտ ենք ձեզմով. Աստուած պահապան ըլլայ ձեզի:

Միլանա Ճապրայեան

Սիրելի՛ հայ զինուոր

Իմ անունս Նինա Սերեկիւլեան է, կ’ապրիմ Մոնթրէալ՝ Գանատա եւ կը յաճախեմ Սուրբ Յակոբ վարժարան: Շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել ձեզի, որ մեր երկրին սահմանները կը պաշտպանէք եւ մեր սիրելի Հայաստանը ազատ եւ անկախ կը պահէք: Դուք կը մարզուիք ու կը կռուիք, որ մեր հայրենիքը պաշտպանէք: Ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ ուրախ օրեր. թող մեր հայրենիքը ըլլայ միշտ անկախ ու խաղաղ:

Նինա Սերեկիւլեան

Սիրելի՛ հայ զինուոր

Իմ անունս Նարօտ է: Ես կ’ապրիմ Գանատա եւ կը յաճախեմ Սուրբ Յակոբ վարժարան: Դուք գիշեր-ցերեկ կը կռուիք, որ մենք ապահով ու հանգիստ ապրինք: Դուք մարզուած մեր հերոսներն էք ու կը պաշտպանէք մեր հայրենիքը: Ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն. ըլլաք միշտ քաջ ու առողջ: Ես հպարտ եմ ձեզմով:

Նարօտ Չարըքեան

Սիրելի՛ հայ զինուոր

Ես Անի Ստեփանեանն եմ. կ’ապրիմ Լաւալ՝ Գանատա եւ կը յաճախեմ Սուրբ Յակոբ վարժարանը: Շատ շնորհակալ եմ, որ գիշեր-ցերեկ, ամառ թէ ձմեռ Հայաստանի սահմաններուն վրայ կեցած, զէնքեր բռնած պատրաստ էք կռուելու թշնամիին դէմ, որպէսզի մեր հողերը պաշտպանէք: Ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն, քաջութիւն եւ առողջութիւն:

Անի Ստեփանեան

Սիրելի՛ հայ զինուոր

Իմ անունս Ալիք Հատիտեան է: Ես կ’ապրիմ Լաւալ՝ Գանատա եւ կը յաճախեմ Սուրբ Յակոբ Վարժարանը: Միշտ կը հետեւիմ հայկական յայտագիրներուն եւ կը տեսնեմ, թէ որքա՛ն քաջութեամբ կը պաշտպանէք մեր հայրենիքը: Դուք մեր հերոսներն էք, ձեզի կը մաղթեմ աւելի ուժ եւ առողջ կեանք: Թող ձեր բոլոր երազները իրականանան, եւ մեր հայրենիքը ըլլայ միշտ ազատ ու անկախ: Մենք ձեզի շատ կը սիրենք ու կը մաղթենք ձեզի յաջողութիւն եւ ուրախ օրեր:

Ալիք Հատիտեան

«Հորիզոն»ի Մանկապատանեկանի գունաւոր յաւելուածը PDF տարբերակով ներբեռնել (Download) սեղմելով նկարը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.