Մայր Աթոռը խստօրէն կը դատապարտէ իշխանութիւններու կողմէ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն մէջ արձանագրուած հերթական միջամտութիւնը

Մայր Աթոռը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն բացայայտ խախտումներով իշխանութիւններու կողմէ Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն մէջ արձանագրուած հերթական միջամտութիւնը, որուն ծիրին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ եւ սկսած է քրէական հետապնդում Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հոգեւորական անդամներուն դէմ։

Այս մասին նշուած է Մայր Աթոռի յայտարարութեան մէջ։

Յունուար 31-ին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հոգեւորական անդամներուն ուղարկուած են ծանուցագրեր եւ պահանջուած է որպէս մեղադրեալ ներկայանալ Քննչական Կոմիտէ, որ վերստին ակնյայտ վկայութիւն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ ձեռնարկուած արշաւին եւ հոգեւորականներու նկատմամբ իրականացուող բռնաճնշումներուն։

«Քրէական հետապնդման ծիրին մէջ արգելափակուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եպիսկոպոս անդամներուն ելքը երկրէն։ Այս դատապարտելի գործընթացը մեր պետութեան օրէնքներով եւ միջազգային պայմանագրերով ամրագրուած մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտում է, որուն նպատակն է խաթարել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բնականոն գործունէութիւնը, մասնաւորաբար՝ մօտակայ ապագային Աւստրիոյ մէջ գումարուելիք եպիսկոպոսական ժողովի աշխատանքները»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան աւարտին Մայր Աթոռը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ իրաւապահ համակարգին՝ «գործել բացառապէս ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջանակներուն մէջ՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան գերագոյն սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ, եւ յարգել Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան իրաւունքը»։