Մայրենի Լեզուին Նուիրուան Օրուան Առիթով՝ Այցելութիւն Մաշտոցի Շիրիմին եւ Մատենադարան
Փետրուար 21-ին Մայրենի լեզուի օրուան առիթով՝ հայ մտաւորականները, լեզուաբանները, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ այցելած են Օշական եւ ծաղիկներ խոնարհեցին Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին: Այս մասին կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը։
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ կից դպրատան մէջ կայացած է Մայրենիի օրուան նուիրուած հանդիսութիւն, ուր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Նախարարը ջերմօրէն շնորհաւորած է ներկաները Մայրենիի տօնին առիթով եւ ընդգծած. «Կ՝ուզեմ դիմել բոլոր ներկաներուն, յատկապէս երիտասարդներուն, աշխարհասփիւռ հայութեան եւ խնդրել երկիւղածութեամբ ու սրբութեամբ վերաբերիլ լեզուին, պահել, պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայերէնը»:
Ձեռնարկի մասնակիցները ողջունած է նաեւ ՀՀ Արագածոտնի մարզպետի տեղակալ Նունէ Մովսիսեան:
Հայոց լեզուին նուիրուած ասմունքով, երգով, պարային բեմականացումով հանդէս եկած են Ագարակի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները:
Այնուհետեւ, ձեռնարկի մասնակիցները այցելած են Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու հիմնարկ՝ Մատենադարան եւ ծաղիկներ դրած Մ. Մաշտոցի արձանին առջեւ:
Comments are closed.