Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը Արցախի հարցը արծարծեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ Քերի Լին Ֆինտլիի հետ
2313
0
Երեքշաբթի 28, Հոկտեմբերի երեկոյեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի անդամներ Սօսի Թերզեան եւ Կարօ Թերզեան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ումեցան Գանատայի խորհրդարանի անդամ տիկ. Քերի Լին Ֆինտլիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, խորդհրդարանի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամը զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան եւ Պահպանողական իր գործընկերներու նման դատապարտեց թուրք-ատրպէյճանական վայրագութիւները Արցախի բնակչութեան դէմ, շեշտելով, որ Գանատան շատ աւելի գործօն դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքերը պաշտպանելու հարցով։
Տիկ. Ֆինտլի յայտնեց, իր անձնական ուղերձ մը պիտի հրապարակէ դատապարտելու թուրք-ատրպէյճանական յարձակաղոպաշտ վարքագիծն ու բարբարոսութիւնները։