Հ.Յ.Դ. Բիւրոն կ՚ողջունէ Ա.Մ.Ն. Ներկայացուցիչներու պալատի որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող ու ամրագրող

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամրագրող Ներկայացուցչական Պալատի թիւ 296 բանաձեւի որդեգրումին առիթով, Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը տարածած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Այս բանաձեւի քուէարկութիւնը պատմական է, որովհետեւ մօտ 35 տարիէ ի վեր առաջին անգամն է, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան լիագումար ժողովին կը բերուի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ այսպիսի համապարփակ բանաձեւ։ Անցնող տասնամեակներուն նոյն Պալատին մէջ թէեւ խորհրդանշական որոշումներ կայացան, նման ամբողջական բանաձեւ քուէարկութեան չէր բերուեր, որովհետեւ միշտ ալ պարզ էր, որ ներկայացուելու պարագային՝ վստահօրէն պիտի որդեգրուէր։

«Ամենայնդէպս, հիմա որ բանաձեւը որդեգրուած է, եւ վերահաստատուած ու ամրագրուած՝ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստը, պարտինք շնորհակալութիւն յայտնել ԱՄՆի քաղաքական այն գործիչներուն, որոնք այս հարցին հետեւողականօրէն աջակցած են եւ հիմա ալ կողմ քուէարկեցին։ Այս յաղթանակը արդիւնքն է տասնամեակներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարուած անդուլ պայքարին. ան յատկապէս արգասիքն է ԱՄՆի մեր՝ Հ.Յ.Դ. կառոյցներուն եւ մարմիններուն, Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն հետեւողական, ծրագրուած եւ ճշգրտուած աշխատանքներուն, որուն մասնակից եղաւ նաեւ ամերիկահայ համայնքի մէկ կարեւոր մասը։ Բոլորին վարձքը կատար։

«Ներկայացուցիչներու Պալատի այս բանաձեւը ոչ միայն վերահաստատեց եւ ամրագրեց Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստը, այլ պաշտօնապէս մերժեց նաեւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը։ Ներկայացուցիչներու Պալատի երկու կուսակցութիւններուն կողմէ այս նախաձեռնութեան ստացած մեծ նեցուկը ճամբայ կը բանայ, որ Ծերակոյտն ալ որդեգրէ նմանօրինակ բովանդակութեամբ թիւ 150 բանաձեւը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ալ կը մղէ ազնիւ եւ անկեղծ ոգեկոչում կատարելու առանց շրջանցելու ցեղասպանութեան բառին օգտագործումը։

«Համաշխարհային գետնի վրայ, ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու Պալատի այս որոշումը կարեւոր մարտահրաւէր է արդարութիւնը խոչընդոտելու Թուրքիոյ քաղաքականութեան, եւ կը նպաստէ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին եւ այլ ժողովուրդներու դէմ գործադրուած ոճիրներուն իրական, արդարցի եւ ամբողջական կարգաւորում բերելու պայքարին։ Անգամ մը եւս կը փափաքինք շեշտել որ այս բանաձեւին կարեւոր պատգամներէն է նաեւ այն ազդարարութիւնը, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններն ու ցեղասպանութիւնները անհանդուրժելի են քաղաքակիրթ աշխարհին համար, եւ նոյնքան անընդունելի է անոնց ժխտումը, անկախ անկէ թէ ո՛վ, ե՛րբ, ո՛ւր կը կատարէ այդ ոճիրները»։

Հ.Յ.Դ. ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
29 հոկտեմբեր 2019

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.