Հ.Յ.Դ. Անդամ Սարինէ Աբրահամեան ընտրուեցաւ Ը.Ե.Մ.Մ.-ի Ընդհանուր Քարտուղար
302
0
Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը (Ը.Ե.Մ.Մ.) նոր Ընդհանուր Քարտուղար ընտրեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ եւ Ը.Ե.Մ.Մ.-ի նախկին փոխ նախագահ Սարինէ Աբրահամեանը: Աբրահամեանը կը յաջորդէ Պռունօ Կոլսալվեսին, Փորթուկալի ընկերվարական կուսակցութեան անդամ, որ սոյն պաշնօնէն իր հրաժարականը ներկայացուցած էր Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւոր ընտրուելէն ետք:
Սարինէ Աբրահամեանը երկար տարիներ Ը.Ե.Մ.Մ.-ի մէջ գործունեայ անդամ եղած է, եւ 2021թ ընտրուած է Ը.Ե.Մ.Մ.-ի փոխ նախագահ եւ Սեւծովեան տարածաշրջանի համակարգող: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ համագործակցելով, ան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ, ներառեալ Ը.Ե.Մ.Մ.-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման ու հատուցման ուղղուած աշխատանքներուն մէջ, որոնց արդիւնքը եղաւ 2015թ Երեւանի մէջ Ը.Ե.Մ.Մ.-ի Համաշխարհային Խորհուրդի նիստին ընդունուած բանաձեւը:
2017թ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին հետ միասին, Աբրահամեանի աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ ճանաչողական այց մը դէպի Արցախ, որ կը ներգրաւէր Ը.Ե.Մ.Մ.-ի եւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու (Ե.Ե.Ը.) միութիւններու ղեկավարներն ու անդամները: Ը.Ե.Մ.Մ.-ի մէջ աշխատանքի ընթացքին, ան եղաւ շարժիչ ուժը բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղուած էին Արցախի միջազգային ճանաչման եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, ինչպէս նաեւ Ը.Ե.Մ.Մ.-ի կողմէ Ազրպէյճանի յարձակողականութեան դատապարտման: Աբրահամեանի ջանքերուն շնորհիւ, Ը.Ե.Մ.Մ. մշտապէս աջակցած է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու իրացման, ներառեալ անոնց հաւաքական վերադարձի իրաւունքին, եւ դատապարտած է Ազրպէյճանի ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը: Այս դիրքորոշումները արտայայտուած են շարք մը բանաձեւերով եւ պաշտօնական յայտրարարութիւններով:
Բացի նշուածներէն, Աբրահամեան աշխատած է ընդգծել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական մարտահրաւէրները, որոնցմէ են ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ բռնաճնշումները եւ ոստիկանութեան կիրառած անհամաչափ ուժը Հայաստանի իշխող կառավարութեան կողմէ: Անոր գործօնութիւնը կը տարածուի Հայաստանի սահմաններէն անդին՝ պաշտպանելով ընկերվարական-ժողովրդավարական գաղափարներ, ընկերային արդարութեան, եւ արծարծել կլիմայի փոփոխութիւնները միջազգային եւ տարածաշրջանային զոյգ մակարդակներու վրայ: Ան կը շարունակէ պաշտպանել Ը.Ե.Մ.Մ.-ի հիմնական արժէքներն ու սկզբունքները ինչպէս են՝ արդարութիւնը, հաւասառութիւնը, ազատութիւնն ու միջազգային համերաշխութիւնը:
Սարինէ Աբրահամեան նաեւ եղած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու եւ ներկայիս կը պաշտօնավարէ որպէս Հանրային Կապերու եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս:
Սարինէ Աբրահամեան նաեւ եղած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու եւ ներկայիս կը պաշտօնավարէ որպէս Հանրային Կապերու եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս:
Անդրադառնալով այս ընտրութեան, Աբրահամեան յայտնեց՝
«Այս մէկը նշանակալից հնարաւորութիւն է ոչ միայն Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականին եւ Հ.Յ.Դ.-ին, այլ ընդհանրապէս Հայաստանին եւ հայութեան համար: Ը.Ե.Մ.Մ. կը հանդիսանայ կարեւոր հարթակ բարձրաձայնելու հայկական հարցերուն մասին միջազգային բեմերու վրայ, միեւնոյն ժամանակ մենք կը խթանենք ընկերվար-ժողովրդավարական եւ առաջդէմ արժէքներ: Ես կը գիտակցիմ այս պաշտօնէն առաջացած պատասխանատուութիւնը, միասին ներկայացնելու Ը.Ե.Մ.Մ.-ը եւ Հ.Յ.Դ., եւ խանդավառ եմ առաջնորդելու այս կազմակերպութիւնը, որ կը բաղկանայ աւելի քան 160 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական երիտասարդական միութիւններէ: Խորապէս շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք աջակցեցան ինձ այս ճանապարհին ընթացքին»:
Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը (Ը.Ե.Մ.Մ.) միջազգային խոշոր կազմակերպութիւն է, որ կ’ընդգրկէ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, եւ աշխատաւորական երիտասարդական միութիւններուն: Ը.Ե.Մ.Մ. հիմնադրուած է 1907 թուականին, որպէս Միջազգային Ընկերվարական Երիտասարդներ, ներկայիս Ը.Ե.Մ.Մ կը ներկայացնէ 163 անդամ կազմակերպութիւններ 110 երկիրներէ: Անոր առաքելութիւնը կը ներառէ Երիտասարդութեան ներգրաւուածութիւն, հասարակական աշխուժ մասնակցութիւն, կրթական ձեռնարկներ, արշաւներ եւ համաշխարհային շահերու պաշտպանութիւն: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը սոյն կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է:
Comments are closed.