ՀՕՄ-ուհին այսօր մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարութեանց եւ միջազգայնօրէն ամրագրուած սկզբունքներու պաշտպան է. Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան
«Այսօր մենք չունինք Շուշի քաղաքը, սակայն անիկա մեր սրտերուն մէջն է, ոչ միայն որպէս մեր ազատագրական պայքարի խորհրդանիշ, այլ «վաղ թէ ուշ» հոն վերադառնալու կամք դրսեւորելու յանձնառութեան կռուան։ Շուշին չունինք բայց ունինք մեր «Շուշի» մասնաճիւղը, որուն առջեւ տակաւին բաց են լայն հորիզոններն ու կանաչ ճանապարհները» Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեան
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի 30-ամեակի նշումին, որ տեղի ունեցաւ 29 Հոկտեմբեր 2023-ին, օրուան բանախօս Լորիկ Սապունճեան Ծատուրեանի պատգամը.
Գերաշնորհ սրբազան հայր,
Հոգեշնորհ հայր սուրբ,
Արժանապատիւ քահանահայր
Յարգարժան տիկ. երեսփոխան, քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչ
Շատ սիրելի ՀՕՄ-ուհիներ,
Սիրելի հայրենակիցներ,
Բաւական պատասխանատու պարտականութիւն մը վստահուած է այսօր ինծի, փոխանցելու օրուան պատգամը ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով, որ կը զուգադիպի այնպիսի օրերու, երբ մեր խօսքերը կը խեղդուին մեր կոկորդներուն մէջ, եւ պատգամներն ու լոզունգները կը դառնան անիմաստ, երբ անոնք կը բախին աշխարհի անտարբերութեան ու սառնասրտութեան։
Անշուշտ յոռետեսութեամբ պիտի չուզեմ սկսիլ խօսքս, երբ այսօրուան առիթը միայն լաւատեսութիւն ու յոյս ներշնչող է։ Սակայն երբ մասնաճիւղը մկրտուած է «Շուշի» անունով, ու անոր հիմնադրութիւնը յաջորդած է մեր պատմութեան ամենայատկանշական յաղթանակներէն՝ Շուշիի ազատագրման, հետեւաբար կարելի պիտի չըլլայ անջատել զոյգ առանցքները իրարմէ։
«Շուշի» մասնաճիւղը 30 տարեկան է, եւ երբ ընկերուհիները լծուած էին այս ձեռնարկի պատրաստութեան աշխատանքներուն, մենք կորսնցուցինք Արցախը, որուն ազատագրումը կրցած էինք վայելել նոյնպէս 30 տարի։
30 տարի առաջ, երբ ազգովին մեր յաղթանակով հպարտ, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ Շուշի կ՚անուանկոչէինք մեր նորածին դուստրերը կամ միութիւններու նորաստեղծ մասնաճիւղերը, որպէս նոր կեանքի ու նոր յոյսի խորհրդանիշ, այսօր 30 տարի ետք ո՛չ միայն Շուշի անունը, այլ նաեւ Մարտակերտ, Գանձասար, Ամարաս ու անվերջ տեղանուններու շարքը սկսաւ մեր ականջին լսուիլ որպէս Վան, Կարս, Անի ու Մուշ… նոյն կարօտով, սակայն տարբեր արձագանգով։ Այս անունները այսուհետեւ, մեր ականջներուն մէջ տեւաբար արձագանգելով մեզ անընդհատ կը յուշեն յաւելեալ պատասխանատուութիւն, կրկնակի յանձնառութիւն ու պայքարի նոր հանգրուան սկսելու պարտաւորութիւն…
Այո՛, սիրելի ընկերուհիներ, այսօր ձեր մասնաճիւղի 30-ամեակի նշումը, ձեր գործունէութիւնը վերանորոգ թափով շարունակելու յանձնառութիւնը վերամրագրելու օր է, որովհետեւ դուք ընտրած էք ձեր ուղին, երբ որոշած էք անդամակցիլ ՀՕՄ-ի շարքերուն։ Այդ տպաւորութիւնը չունենաք, թէ այսօր ձեր 30 տարուան գործունէութիւնը արդարօրէն գնահատելու, ձեր նուաճումները արժեւորելու եւ վաստակաշատ անդամները դրուատելու փոխարէն, նոր մարտահրաւէրներ կը բանանք ձեր դիմաց։ Ո՛չ, ասիկա պարզապէս փորձ մըն է տարբեր բառերով ուրուագծելու ձեր ողջունելի աշխատանքն ու ամբողջական նուիրումը, որոնց շնորհիւ այսօր Գանատայի այս հեռաւոր ափերէն, անմիջական օգնութեան ձեռք կ՚երկարէք կարօտեալ հայորդիներուն, ուր որ ըլլան անոնք, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ (ինչպէս կը վկայէր քիչ առաջ ձեր դիտած տեսանիւթը)… ու չմոռնանք այսօրուան ձեռնարկի հասոյթը նոյնպէս պիտի ուղղուի արցախցի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն օժանդակութեան։
Բնականաբար 30 տարի առաջ այս մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ պայծառատեսութիւն, հեռատեսութիւն ու լաւատեսութիւն, զոր ունեցած է Գանատայի օրուան շրջանային վարչութիւնը, որոշում առնելով ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ մըն ալ հիմնել Լաւալի մէջ, ուր հայութիւնը արդէն իսկ պատկառելի թիւ դարձած էր, շնորհիւ նորաստեղծ հայ ընտանիքներու բնակութեան եւ Գանատա գաղթած մեծաթիւ հայորդիներու ժամանման։ Շրջանը արդէն ունէր իր Հայ կեդրոնն ու Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ 14 Յունիս 1993-ին 115 ընկերուհիներով կազմուած այս մասնաճիւղը, այսօր այցետոմսը դարձած է շրջանի հայութեան։ Վկա՛յ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդին ու Քեպէգի խորհրդարանին մէջ մեր կին ներկայացուցիչները։ Մէկ խօսքով երեսունամեայ «Շուշի» մասնաճիւղը հարազատ թարգմանն է ՀՕՄ-ի բնաբանին՝ Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար։
ՀՕՄ-ը նախքան 1910-ի իր հիմնադրութիւնը, հաւատարիմ եղած է իր բնաբանին, երբ հայ կիները լծուած էին շտապ օգնութեան ու հայ ժողովուրդի զանազան կարիքները հոգալու աշխատանքին, կամաւորական միաւորներով, որոնք կը գործէին հայաշատ զանազան շրջաններու մէջ։ Անոնք յեղափոխական շարժման վիրաւոր ֆետայիները կը խնամէին ու հայկական գիւղերու տագնապահար բնակիչներուն սնունդ, հագուստ ու դեղորայք կը հասցնէին։
Պատմութեան կամ ճակատագրի չար կատակով, աւելի քան դար մը առաջ ծաւալուած այս գործունէութեան առաջնահերթութիւնները վերադարձած են այսօր, երբ բռնի տեղահանուած արցախցի մեր բազմահազար հայրենակիցներուն ու պատերազմի նահատակներուն ընտանիքներուն ապաստան տրամադրելը, սնունդ, տաք հագուստ ու դեղորայք ապահովելը ներկայիս առաջնային կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։
Երկու շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ գումարուած ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովին հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ, որ ժողովի քննարկումներու, ծրագրաւորումներու եւ մտահոգութեան առանցքները կազմած են Արցախն ու անոր տեղահանուած ժողովուրդը, որուն ծով կարիքներուն հասնիլն ու անոնց նեցուկ կանգնիլը այսօր՝ հրամայական են։ եւ անշուշտ ոչ միայն։ ՀՕՄ-ը իր աշխարհացրիւ կառոյցներով կանգնած է նաեւ Միջին Արեւելեան տագնապահար շրջաններու՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան կողքին։ Սակայն ՀՕՄ-ը լոկ հանգանակութիւն հաւաքող ու դրամ հասցնող մեքենայ չէ միայն։ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն է ծառայել՝ հոգալու հայ ժողովուրդի մարդկային հոգեկան թէ ֆիզիքական կարիքները, եւ ձգտիլ պահպանել հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը։ Այս առաքելութիւնը կ՚արտացոլայ անոր բազմաշերտ գործունէութեան բարեսիրական, կրթական, առողջապահական, յարաբերական զանազան ծրագիրներու ընդմէջէն, որոնց քաջածանօթ էք բոլորդ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծնունդ կանացի այս կազմակերպութեան անդամները այսօր ամէն տեղ են, անոնք նոյնիսկ նուաճած են, աւանդաբար արական սեռի առանձնաշնորհումը համարուող ասպարէզներ ճարտարագիտական, իրաւաբանական, ելեւմտական, տնտեսական ու աւելի՛ն։
ՀՕՄ-ուհին ոչ միայն հոգատար մայր, գթասիրտ քոյր, օրինակելի դուստր, դաստիարակ ուսուցիչ ու նուիրեալ խնամատար է, որ իր գործունէութիւնը սահմանափակուի միայն դաստիարակչական ու բարեսիրական ոլորտներուն մէջ։ ՀՕՄ-ուհին այսօր մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան եւ միջազգայնօրէն ամրագրուած սկզբունքներու եւ արժէքներու պաշտպան է։ Ան ամէն տեղ է ազգային, եկեղեցական, կազմակերպական, քաղաքական ու նոյնիսկ դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ ։
ՀՕՄ-ը կը ղեկավարէ ու կը հովանաւորէ ոչ միայն իր հաստատած որբանոցներն ու ծերանոցները, միօրեայ թէ ամէնօրեայ վարժարանները, ծաղկոցներ կամ մանկապարտէզներ, այլ ներկայութիւն է նոյնիսկ ՄԱԿ-ի մէջ, ուր Միջազգային այլ հեղինակաւոր կառոյցներու կողքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ անկաշկանդ ու ապահով ընկերութեան մը մէջ ժողովուրդին արժանապատիւ կեանք ապահովելու ու խաղաղութեան հաստատման ձգտող զանազան նախաձեռնութիւններու։
Ինչո՞ւ կը նշեմ այս բոլորը, որովհետեւ 21-րդ դարը արհեստագիտութեան դար ըլլալու կողքին, նաեւ դարն է արհեստավարժութեան, գիտելիքներու կատարելագործման ու ինքնազարգացման, եւ որքան ալ փորձենք մեր առաքելութիւնը շարունակել աւանդական ձեւերով, ընդունինք կամ ոչ, այսօր մենք պէտք է գործենք նորարար ծրագիրներով։ Այո՛, հինը միշտ արժէքաւոր է, սակայն նորը միշտ անհրաժեշտ է։
Այսօ՛ր ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը պէտք է ըլլայ տագնապներու շտապ օգնութեան կոչերու անսալէ, դրամահաւաք կատարելէ ու զուտ բարեսիրական գործունէութիւնէ անդին՝ շարքերու երիտասարդ յանձնառու, արթնամիտ ու պատրաստակամ տարրերով համալրմամբ, կառոյցի թարմացմամբ ու դարու գործիքներով ծրագիրներու ծաւալմամբ, շեշտելով ինքնաքննութեան ու վերակազմակերպման հրամայականը, ինչպէս թելադրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, երբ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, Սփիւռքի տարի յայտարարեց «Ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում» ընդգծումով։
Եւ իսկապէ՛ս ՀՕՄ-ը ունի այս բոլորը կատարելու նախադրեալները, մասնաւորաբար Գանատայի ու Քեպէգի մէջ, ուր բազմամշակութային զանազանութիւնը կը խրախուսուի, ու տարբեր հաւաքականութիւններու առանձնայատկութիւնները կը յարգուին։ Հետեւաբար առաւելագոյնս պէտք է օգտագործել ընձեռուած բոլոր առիթները, ի շահ հայ ժողովուրդին՝ առանց մոռնալու մեր համայնքը, հայրենիքի բարօրութեան զուգահեռ՝ առանց անտեսելու Սփիւռքի մեր կառոյցներն ու անոնց բարգաւաճումը, միշտ ի մտի ունենալով որ Հզօր Սփիւռքը երաշխիքն է հզօր հայրենիքին։ Սփիւռք, որուն գոյութիւնն ու շարունակութիւնը կ՚երաշխաւորուի առաջին հերթին իր զաւակներուն նիւթաբարոյական աջակցութեամբ ու մանաւանդ կամաւոր ծառայութեամբ։
ՀՕՄ-ն ալ, սիրելիներ, մեր ուղեկից ու քոյր միութիւններուն նման կամաւորներու բանակ մըն է։ Այս բանակին մաս կը կազմեն արհեստավարժ մասնագէտներ, շնորհալի տանտիկիններ, տաղանդաշատ օրիորդներ, աշխատասէր հայուհիներ, որոնք այսօր իրենց ընտանեկան ու ամուսնական բազում պարտականութիւններուն կողքին, որոշած են նաեւ ծառայել ՀՕՄ-ին, հաւաքական շահը գերադասելով անհատականէն, ու այդպիսով ապրելու հոգեկան բաւարարութիւն։ Անշուշտ, հարկ է հոս անպայման նշել ՀՕՄ-ուհիներու կողակիցներն ու անոնց անվերապահ նեցուկը հանդիսացող ու քուլիսներու ետին աշխատող ամուսինները, գիշերները ուշ ժամերուն ձեռնարկներու ու ժողովներու օրերուն երբեմն շարժավար աշխատելով, երբեմն տնային պարտականութիւնները իրենց ուսերուն առնելով ու շարք մը կիսաւարտ այլ գործերուն աչք խփելով, նաեւ կարեւոր է ձեր դերակատարութիւնը յարգելի ընկերներ, որ կը հաւատաք ձեր կանանց կարողութիւններուն ու կը ներշնչէք զիրենք վերցնելու այս դժուար մարտահրաւէրը՝ անկարելին կարելի դարձնելով։ ՀՕՄ-ը իր անդամներու անսակարկ նուիրումին, վայելած յարգանքին ու անոնց շուրջ համախմբուած համակիրներուն շնորհիւ, այսօր լեռներ կրնայ շրջել։
Ներեցէք, որ խօսքս ակնկալուած բանախօսութենէն աւելի եղաւ մեր առօրեայ մտահոգութիւնները փարատելու բարձրաձայն մտորում՝ միշտ աւելի՛ն տալու, աւելի՛ն իրագործելու, աւելի՛ բարձրը նուաճելու նախանձախնդրութեամբ։
Ամիսներ առաջ երբ ընկերուհիները դիմեցին ինծի այս պարտականութիւնը ստանձնելու, ըսի, որ պիտի չկարենամ ձեր արդար իրաւունքը տալ, մանաւանդ որ ձեր երեսնամեայ գործունէութեան միայն վերջին երեք տարիներուն իրողապէս ծանօթ եմ, ու ձեր աշխատանքներուն չեմ կրնար մասնակից դառնալ, միութենական այլ պարտաւորութիւններու բերումով, առանց փակագիծ բանալու որ ճիշդ 28 տարի առաջ ձեր ձեռնարկներէն մէկուն համար, քրոջս Արտային կեսրոջ մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն ընկհ. Զապէլ Կիւլեանին օգնած եմ թապուլէի պատրաստութեան 144 կապ ազատքեղ մաքրելու աշխատանքին…):
Բայց հաւատացէք սիրելիներ ՀՕՄ-ն ու անոր գործունէութիւնը ընտանիքիս ու ինծի համար միշտ եղած է վսեմ, այսպէս դաստիարակուած ենք քոյրերս ու ես, նոյն համոզումին եղած է հայրս, բոլորս սատարած ենք մօրս՝ Արփի Սապունճեանին, ՀՕՄ-ի առաքելութեան ամբողջական ծառայութեան ընթացքին։ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը այնքան նուիրական էր մօրս համար, որ փափաքեցաւ մասնագիտանամ Ընկերային ծառայութեան մէջ, ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը սիրողականէ արհեստավարժի վերածելու համար։ Մօրս փափաքը իրականացուցի եւ որոշ շրջան մը այդ ոլորտին մէջ աշխատելէ ետք, գիտակցեցայ, որ ունիմ այլ կոչում, որ կրնայ նոյնպէս օգտակար դառնալ մեր համայնքին, ուր որ ալ գտնուիմ։
Եզրափակելու համար, այսօր հակառակ, որ մենք չունինք Շուշի քաղաքը, սակայն անիկա մեր սրտերուն մէջն է, ոչ միայն որպէս մեր ազատագրական պայքարի խորհրդանիշ, այլ «վաղ թէ ուշ» հոն վերադառնալու կամք դրսեւորելու յանձնառութեան կռուան։ Շուշին չունինք բայց ունինք մեր Շուշիները, ունինք մեր «Շուշի» մասնաճիւղը, որ կանացի արգասաբեր ու խոհեմ երեսնամեայ տարիքին է, եւ որուն առջեւ տակաւին բաց են լայն հորիզոններն ու կանաչ ճանապարհները։ Վարձքը կատար բոլոր ՀՕՄ-ուհիներուն, վարձքը կատար ՀՕՄ-ի Շուշի մասնաճիւղի ժրաջան անդամուհիներուն, մեզմէ առյաւէտ բաժնուած, նաեւ տակաւին բեղուն գործունէութիւն ծաւալող բոլոր ընկերուհիներուն։ Շնորհաւոր ձեր 30-ամեակը։
Comments are closed.