ՀՕՄ-ի Ջաւախքի ճամբարը յաջողութեամբ եզրափակեց այս տարուան իր ամառնային ծրագիրը

Հայ Օգնութեան Միութեան հովանաւորութեամբ իրականացող Ջաւախքի ճամբարը վերջերս յաջողութեամբ եզրափակեց այս տարուան իր ամառնային ծրագիրը՝ Ջաւախքի հայաբնակ գիւղերուն մէջ։

Արեւելեան Ամերիկայի նուիրեալ խումբ մը երիտասարդներու կողմէ գործադրուած ճամբարները ապահովեցին անվճար ծրագիրներ՝ նախաճաշով, սնունդով եւ դպրոցական պիտոյքներով՝ տեղւոյն մանուկներուն համար:

Սփիւռքէն կամաւորներ մեկնեցան Հայաստան եւ Ջաւախք՝ Հայոց պատմութիւն, լեզու, երաժշտութիւն, պար եւ առաջնորդութեան հմտութիւններ ուսուցանելու համար։ Այս բոլորին զուգահեռ, մասնակիցներուն հետ հաստատուեցան անխզելի կապեր եւ սերտ բարեկամութիւններ։ Այս կապերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ ջաւախքցի մեր քոյր-եղբայրները երբեք պէտք չէ մոռացութեան մատնուին։

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան, աջակցեցին եւ հաւատացին Ջաւախքի ճամբարի առաքելութեան։ Աջակցեցէ՛ք Ջաւախք ճամբարին՝ այցելելով https://ars1910.org/give/