ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերը միացեալ հանդիսութեամբ մը նշեցին Կանանց Միջազգային օրը

Նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն եւ կազմակերպութեամբ միացեալ յատուկ յանձնախումբին, կիրակի, 15 մարտ 2026-ին, կ․ա․ժամը 11:00-ին, Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահէն ներս նշուեցաւ Կանանց Միջազգային օրը, նախագահութեամբ ընկհ․ Տիանա Հաճէթեանի։ Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Գանատայի խորհրդարանի, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ականներ եւ հոծ բազմութիւն։

Սրահի մուտքին դիմաւորող երկու պարմանուհիներուն հայկական տարազներով ներկայութիւնը ողջունելի նախաձեռնութիւն էր։ Տպաւորիչ էր բեմի յարդարանքը, որ կը ներկայացնէր պաստառի վրայ տեղադրուած հայուհիի գեղեցիկ պատկերը՝ նուռը ձեռքին։

Ձեռնարկին սկիզբը, օրուան հանդիսավարներուն՝ ընկերուհիներ Լիւսի Մելքոնեանի (հայերէն) եւ Արազ Եաղճեանի (ֆրանսերէն) արտասանած բարի գալուստի խօսքերէն ետք, կատարուեցաւ  համեղ եւ ճոխ նախաճաշի հիւրասիրութիւնը:

Կանանց Միջազգային օրուան հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը ընթացք առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ։ Ապա բացման խօսքով հանդէս եկան երկու հանդիսավարները, նշելով որ Կանանց Միջազգային օրը կը յիշեցնէ հայ կնոջ ունեցած արժանիքները, ինչպէս նաեւ յատուկ առիթ մըն է վերարժեւորելու համար ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը:

Բացման խօսքէն ետք, ներկաները ունկնդրեցին Շիրազ Բենենեանի հայկական ժողովրդական երգերու գեղեցիկ կատարումները, երկու նուագարաններով (սրինգ եւ flute traversie՝re)։

Այնուհետեւ հանդիսավարները ներկայացուցին պատգամաբեր դոկտ․ ընկհ․ Նայիրի Տէրտէրեանի կենսագրական գիծերը եւ հրաւիրեցին զինք փոխանցելու օրուան պատգամը։ Բանախօս ընկերուհին առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի զոյգ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ միացեալ յանձնախումբին։ Ապա իրաւացիօրէն մատնանշեց, որ 1910-ին հիմնուած ՀՕՄ-ը Կանանց Միջազգային օրուան նշումի թուականէն առաջ հիմնուած կազմակերպութիւն է։ Առանձնակի աշխատանքի դժուարութիւններուն անդրադառնալէ ետք, ընկերուհին ներկայացուց հաւաքական աշխատանքի ընձեռած կարեւորութիւնը  եւ անոր արդիւնաւէտութիւնը։ Որպէս կնոջական կազմակերպութիւն, պատգամաբերը օրինակ բերաւ ՀՕՄ-ը եւ կեդրոնացաւ անոր գործունէութեան, զանազան մարզերէ ներս իրականացուող ծրագիրներուն եւ կատարուող յատկացումներուն։

«Give to gain» թեմայի մասին արտայայտուելով, ընկերուհին ընդգծեց, որ հայ կնոջ եւ ՀՕՄ-ականի կատարած միաձոյլ աշխատանքի յաջողութիւնը կը նպաստէ թէ՛ կազմակերպութեան հզօրացման, թէ՛ հայ համայնքին ու ազգի յարատեւման,  իսկ աւելի ուշ՝ սերունդներու շարունակականութեան։ Սակայն այս աշխատանքը կ’ենթադրէ տրամադրելիութիւն եւ ժամանակի յատկացում։ Կանանց Միջազգային օրուան առթիւ պատգամաբերը կոչ ուղղեց աշխուժանալու, տալու (to give) իմաստով՝ վճռական կեցուածք ցուցաբերելու եւ փոփոխութիւններ կատարելու, հաւատալով կիներու միասնական աշխատանքի զօրութեան եւ անոր արդիւնքով՝ դրական հետեւանքին։  Այնուհետեւ իր խօսքը եզրափակեց, հաստատելով որ ՀՕՄ-ի երթը պիտի շարունակուի՝ ծառայելով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանին։

Պատգամաբերին ներկայացուցած խօսքին աւարտին, միացեալ յանձնախումբի ատենապետ ընկհ․ Արփի Սանոսեան Մարտիրոսեան յուշանուէր մը յանձնեց ընկհ․ Նայիրի Տէրտէրեանին։

Սոյն ձեռնարկին, երեք երգերու բարձրորակ կատարողութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար պրն․ Սարգիս Պարսեմեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ ընկհ․ Հուրի Մանուկեան Պետրոսեանի։

Երգչախումբի ելոյթին յաջորդեց օրուան նախագահուհի ընկհ․ Տիանա Հաճէթեանի կենսագրականի ներկայացումը եւ սրտի խօսքի ընթերցումը, որուն ընթացքին ընկերուհին կը հաստատէր, որ «ՀՕՄ-ը կը մնայ կենսունակ եւ միշտ պատրաստ՝ առաջնորդելու մեր համայնքը դէպի պայծառ ապագայ»։

Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ ընկհ․ Արփի Սանոսեան Մարտիրոսեան ծաղկեփունջով մը նուիրեց օրուան նախագահուհիին, որպէս շնորհակալութեան երախտիք:

Յաջորդիւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, եւ բախտաւոր տոմսին տիրոջը նուիրուեցաւ Մարաշի ասեղնագործութեամբ գեղեցիկ պայուսակ մը՝ տրամադրուած ընկհ. Հերմինէ Մանուկեանին կողմէ։

Կանանց Միջազգային օրուան ձեռնարկի աւարտին, հրաժեշտի խօսք արտասանեց միացեալ յանձնախումբի ատենապետ ընկհ․ Արփի Սանոսեան Մարտիրոսեան, ընդգծելով որ այսօր արժեւորեցինք յատկապէս հայ կինը ու մանաւանդ ՀՕՄ-ուհին եւ մատնանշեցինք անոր իւրայատուկ դերը  ընտանիքին, համայնքին ու ազգային կեանքին մէջ։ Ընկերուհին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահուհիին, պատգամաբեր ընկերուհիին, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք անսակարկ նուիրումով սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան, հիմնական հովանաւորներու շարքին մասնաւորաբար յիշելով ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի կրթաթոշակ ստացած նախկին ուսանողներու մասնակցութիւնը։