ՀՕՄ-ի գրասենեակ՝ Վանգուվըրի նորակառոյց Հայ կեդրոնին մէջ
«Հորիզոն», 2 Փետրուար 1987
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Վանգուվըրի նորակառոյց Հայ կեդրոնին մէջ ՀՕՄ-ի գրասենեակի բացման թղթակցութիւնը.
Երկուշաբթի, 5 Յունուար 1987-ի երեկոյեան, Վանգուվըրի հայութիւնը ապրեցաւ յիշատակելի օր մը: ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Արփի Չարխուտեան, յատկապէս հրաւիրուած օրուան առթիւ, Կեդրոնական վարչութեան անունով, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի վերնամասին մէջ, պաշտօնական բացումը կատարեց Կեդրոնէն ներս ՀՕՄ-ի գրասենեակի, անուանակոչելով զայն ՀՕՄ-ի Սոֆիա Յակոբեան գրասենեակ: Ժապաւէնի հատումէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր օրուան հանդիսավար ընկհ. Անի տէր Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչին, իր ներկայութեան համար: Ապա, Սիւզի Կէտիկեան երգեց «Արազ, Արազ», ընկհ. Արփինէ Գրիգորեան արտասանեց «Խօսք իմ որդւոյն»ը, ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներէն Քրիստափոր Գապագեան մեներգեց «Հայրենիք» երգը:
Խօսք առաւ ընկհ. Արփի Չարխուտեան եւ խօսեցաւ ՀՕՄ-ի ընդհանուր ծրագրին եւ տարած աշխատանքներուն մասին: Իր խօսքի աւարտին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, 10,000 ամերիկեան տոլարի վճարագիր մը ներկայացուց տեղւոյս ՀՕՄ-ի ատենապետ ընկհ. Պիաթրիս Արքիլէթեանի, Հայ կեդրոնի շինութեան պարտքի շիջման համար: Ապա, չորս ներկաներ, հրապարակաւ կատարեցին իրենց ուխտը, մաս կազմելով ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «Արազ» մասնաճիւղին, անդամակցեցան ՀՕՄ-ի հզօր ընտանիքին:
Պաշտօնական բաժինը փակեց Հոգշ. Հայր Նարեկ Ալիեմէզեան՝ «Պահպանիչ»ով:
Ներկաները հիւրասիրուեցան գինիի սեղանի մը շուրջ:
Այս շաբաթավերջին եղած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 15,685 տոլար:
Comments are closed.