Հրապարակախօսութեան կորովի ձայնը վարչապետ Փաշինեանի Դաշնակցութեան հասցէին որակումներուն մասին
Վարչապետ Փաշինեանի վերջին ելոյթը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասին բարացուցական է և մտահոգիչ։ Ան ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւն- ընդդիմութիւն քաղաքական բանավէճը այժմ կը գտնուի ախտաւոր շրջանակի (vicious cercle) մէջ, որ միայն կործանիչ կրնայ ըլլալ երկրին համար։ Վարչապետ Փաշինեան և իր գլխաւորած «իմ-քայլական» մեծամասնութիւնը հետևողականօրէն կը մերժեն որևէ երկխօսութիւն խորհրդարանական և արտախորհրդարանական ընդդիմութեան հետ երկրի ճգնաժամային հարցերուն մասին։ Կը մերժեն թէ՛ գործադիր և թէ՛ օրէնսդիր իշխանութիւններու ոլորտին մէջ բնականաբար հրաւիրելով յիշեալ քաղաքական ուժերու անխուսափելի քննադատութիւնը։ Պր. Վարչապետը ինքզինք լիազօրուած կը համարէ Դաշնակցութեան հասցէին անարգական որակումներ ընելու։ Լիազօրուած՝ որո՞ւն կողմէ։ Եթէ ինք ընտրուած է ՀՀ Սահմանադրութեան կանոնակարգով, այս վերջինը իրաւունք չի տար իրեն պետութեան վարչապետի հանգամանքով անարգական լեզու գործածելու Դաշնակցութեան հասցէին։ Անկախ այն բանէն, որ Դաշնակցութեան հետ առհասարակ կարելի չէ այսպիսի լեզուով խօսիլ։
Բարեբախտաբար ՀՀ հրապարակախօսութեան դաշտը դեռևս չէ ամայացած։ Կ՚ըսեմ ՝դեռևս, քանի որ Պր. Վարչապետի ցուցաբերած քաղաքական վարքագիծը դիւրաւ կրնայ երկիրը տանիլ անհանդուրժողութեան և բռնատիրական միջամտութիւններու երկրէն ներս այլակարծութիւնը խեղդելու։
Ո՛ւնկն դնել յայտնի վերլուծաբան և հրապարակախօս Աբրահամ Գասպարեանի խորաթափանց քննարկումներուն։ Այն ինչ, որ ունինք այսօր, ընդունելի չէ։ Հանրութիւնը չի կրնար անտեսել աւերը, որ կը գործուի երկրէն ներս քաղաքական ուժերու բևեռացման ներկայ գործընթացով։ Պր. Վարչապետը կրնայ համոզուած ըլլալ, որ ինք իր պարագայական մեծամասնութեամբ ներկայիս կ՚ապրի քաղաքական ուտոպիայի մը մէջ…և հաշուետու է ոչ ոքի։ Այդպէս չէ։ Այդ պատրանքը որևէ հիմ չունի։ Ինչպէս ամէն գործադիր իշխանութիւն, այս իշխանութեան կեանքն ալ ապահովուած է ընդամէնը ապառիկով։ Հանրութիւնը չի կրնար «քարթ պլանշ» տալ որևէ իշխանութեան։ Ժողովրդավարութեան մէջ մեծամտութեան տեղ չկայ։ Եւ կամ պարզապէս ժողովրդավարութի՛ւն չկայ։ Դո՛ւք ընտրեցէք և հայ հանրութիւնը ձեզի կ՚ըսէ մնացեալը։
Կարօ Արմենեան