«Հրանդ Տինքի աւանդը եւ ժամանակակից Թուրքիան
Սեւան Տէիրմենճեան
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրանդ Տինքի սպանութեան 13-րդ տարելիցին առթիւ, 19 Յունուարին Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած յուշ-երեկոյին ընթացքին Պոլիսէն յատկապէս հրաւիրուած խմբագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ մտաւորական Սեւան Տէիրմենճեանի ներկայացուցած դասախօսութիւնը՝ «Հրանդ Տինքի աւանդը եւ ժամանակակից Թուրքիան» թեմայով.
Հրանդ Տինք իրականութեան մէջ առանձին չէ։ Մեծ Եղեռնէն ետք Թուրքիոյ ազգայնացումը, թրքացո՛ւմը, եթէ կարելի է գործածել այս եզրը՝ բնութագրելու համար կայրսութենէն ժառանգուած բազմազգ կառոյցը միակ ազգի մը ենթարկելու կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը, իր աւերը գործած էր ժողովուրդներու, հանրային բոլոր խաւերուն վրայ։ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը, որ այլ փոքրամասնութիւններու հետ ենթարկուած էր նաեւ Ունեւորութեան տուրքի աւերին, վախի ու սարսափի մթնոլորտէն ստացած էր իր բաժինը. նախ՝ քար լռութիւն եւ ապա անսահման անտարբերութիւն, որ հասած էր մինչեւ դարեր շարունակ իր հայրենիքը եղած այս երկիրը ուրանալը։ Արդէն այս չէ՞ր ազգայնական պետութեան նպատակը. երկիրը վերածել վայրի մը, որ հայրենիքն է միայն յետսամուտ տարրին։
Կար սակայն ջիղ մը մեր ժողովուրդի մարմնին վրայ, որ անկարելի էր լռութեան կամ անտարբերութեան դատապարտել։ «Նոր օր» թերթի տղաքը, որոնցմէ մէկն էր Զաւէն Պիպեռեան, հետեւեալը պիտի գրէր, կարծէք պիտի աղաղակէր առիթով մը.
«Եթէ պէտք է հին հաշիւները՝ մենք ալ կրնանք բանալ։ Եթէ պէտք է համրել անցեալի իւրաքանչիւր դիակը՝ մենք ալ կրնանք համրել, որովհետեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն պէս, ու քիչ մըն ալ աւելի, համրուելիք դիակներ ունինք։ Եւ հաւանաբար նուազ բաներ չենք ունենար ըսելիք “Թասվիր”ի ու թասվիրճիներուն, որոնց նմաններն են պատասխանատուն այն միլիոնաւոր դիակներուն, որոնք կը նեխին ասդին, անդին։ … Այլեւս կարող չենք հանդուրժելու այսքան նախատինքի՝ անարժան արարածներու կողմէ։ Ինչպէս ամէն ժողովուրդ, մենք ալ գիտենք մեր պատիւով ապրիլ եւ իրաւունք ունինք մեր պատիւովը ապրելու։ Ամէն ինչ չափ մը ունի»։
Ճնշուեցաւ այս ջիղը, քաղցկեղացաւ ժամանակով, սակայն մաքուր երակ մը միշտ ալ մնաց, ուր ուրացումը, անտարբերութիւնը բոյն չդրաւ երբեք։ 1996-ին Հրանդ Տինք եւ իր ընկերներուն կողմէ հիմնադրուած «Ակօս»ը Պիպեռեանին նման «ա՛լ կը բաւէ» աղաղակելու, «մենք տակաւին հոս ենք» ըսելու մէկ ձեւն էր անկասկած։ «Ակօս» այս իմաստով ինչքան որ թրքախօս հայ հասարակութեան, նոյնքան ալ Թուրքիոյ բազմազգ հասարակութեան ուղղուած էր, լսելի դարձնելու հայ հանրութեան պահանջքները, բացատրելու ինքզինք, ծանօթացնելու։
Հրանդ Տինք իր սպանութեան 13-րդ տարելիցին, ա՛յսօր, եթէ կ՚ոգեկոչուի աշխարհի չորս ծագերուն՝ Պոլիսէն մինչեւ հոս, Մոնթրէալ, Փարիզէն մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ, եթէ ո՛չ միայն հայեր, այլ նաեւ, թերեւս աւելի՛, թուրքեր, քիւրտեր, այլ ժողովուրդներ, որոնք Թուրքիան կը կազմեն, «Արդարութեան համար, Հրանդի համար», «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք» վանկարկումներով եթէ կը քալեն Պոլսոյ մայթերուն վրայ՝ ուրեմն համարձակօրէն կրնանք ըսել, թէ «Ակօս» եւ Հրանդ Տինք յաջողեցան։ Յաջողեցան, որովհետեւ երկխօսելու ճամբան ընտրեցին, բախումի փոխարէն։
Արդարութեան պահանջքը, այո՛, կայ անշուշտ, սակայն 13 երկար տարիներէ ի վեր չհաստատուած արդարութիւնը եթէ երանելի օր մը հաստատուի իսկ՝ Հրանդին տարբեր ուժերու կողմէ ծրագրուած կերպով, ստեղծուած դաշինքի մը կողմէ կատարուած անարգ սպանութիւնը որպէս կսկծալի ցաւ մը պիտի շարունակէ կոտտալ բոլորիս սրտերուն մէջ ու հոգիներուն վրայ, իր կեանքի օրինակը, իր կերպարը բազմաթիւ սերունդներ պիտի շարունակէ դաստիարակել ու ներշնչել։ Ցաւը պիտի կոտտայ, եւ իր կերպարը ներշնչանքի աղբիւր մը պիտի շարունակէ ըլլալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ բազմազգ կայսրութեան մը բեռը թօթափել չկրցած Թուրքիան չէ դարձած երկիր մը, ուր կը յարգուին այլ ժողովուրդներու իրաւունքները, մշակոյթը, կենցաղը, լեզուն, պատմութիւնը, ուր առերեսում մը կատարուած չէ դեռ անցեալին հետ՝ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, 1936-ի Տերսիմի կոտորածին, բազմաթիւ անմեղ զոհեր խլած պետական ահաբեկչութեան։
«Ապագայի հանդէպ մեր վստահութիւնը նոյնքան կը բազմապատկուի, որքան անթերի ըլլայ իրարու հանդէպ մեր վստահութիւնը այնպիսի ժողովրդավարութեան մը մէջ, որ պիտի հիմնուի յոգնապաշտութեան, հաւասարութեան ու ազատութեան վրայ», կը գրէր Հրանդ 2004-ին։ Շատ տարիներ անցած են, սակայն Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ տարբեր խաւերուն իրարու հանդէպ վստահութիւնը ո՛չ միայն հաստատուած չէ պետութեան կողմէ, այլ այդ ուղղութեամբ կատարուած տարրական փորձերն իսկ յանցանքի կարգ կ՚անցնին։
Եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք փոխվստահութեան միջավայր մը ստեղծել, երբ արեւելքի քրտաբնակ քաղաքներուն ու շէներուն մէջ, հանրութեան քուէներով իսկ ընտրեալ քաղաքապետներ, անհիմն մեղադրանքներով կը հեռացուին իրենց պաշտօններէն եւ անոնց փոխարէն կը նշանակուին դրածոյ պաշտօնեաներ։
Յիշենք դեռ քանի մը տարի առաջ ակադեմական շրջանակներուն, աւելի քան հազար համալսարանականներու ստորագրած հանրագրութիւնը, խաղաղութեան կոչը՝ ընդդէմ երկրի արեւելքին սանձազերծուած պատերազմը, որուն զոհերը սկսած էին դառնալ անմեղ քաղաքացիներ եւս։ Դատուեցան, բանտարկուեցան, հեռացուեցան անոնք իրենց պաշտօններէն եւ այսօր, ցրուած հոս ու հոն, կը ջանան իրենց հանապազօրեայ հացը ճարել իրենց արդար քրտինքով կամ իրենց միտքն ու պաշարը կը զարգացնեն այլ երկիրներու կրթական հաստատութիւններուն մէջ։
Բայց Հրանդ Տինքի ակնարկած հանրային իրերավստահութեան մաղթանքը, որ անոր բացակայութիւնը կը մատնանշէ միաժամանակ, նոր չէ։ Աւելի քան հարիւր տարի առաջ Ռուբէն Զարդարեան ալ գրեր էր այդ մասին.
«Սահմանադրութիւնը, որ իբրեւ հիմնական սկզբունք, կ՚ապահովէ անհատին խօսքի ու գաղափարի ազատութիւնը, չի կրնար երբեք ո՛չ մէկ արգելիչ միջոցներով ու եղանակով կաշկանդել անհատներուն հաւաքական ձայնը, խօսքի հաւաքական ազատութիւնը։
«Ճիշդ է, կրնայ պատահիլ, որ մամուլի անարժան գործիչներ եւ անազնիւ մարդիկ զեղծանին այս ազատութեամբ եւ շահագործեն այս ազատութիւնը՝ ի նպաստ դատապարտելի շահերու եւ դիտումներու։
«Բայց բոլոր այդ պատճառները, բոլոր այդ նկատումներն ու նախատեսութիւնները բնաւ չեն կրնար այնքան արժէք, բարոյական ու իրաւական այնքան ուժ ունենալ, որ աւելի կշռեն, քան ինքն իսկ խօսքի ազատութիւնը եւ այդ ազատութեան ընդհանուր օգուտները»։
Յօդուածի մը մէջ, Տինք կը յանգի այն եզրակացութեան, թէ «պետութիւնը ոգի չ՚ունենար»։ «Եթէ ունենայ,- կ՚ըսէ ան-, իւրաքանչիւր քաղաքական կառոյց, պետութիւնը իր հոգեւոր ինքնութեան ենթարկելու համար, պիտի ջանար ձեռք անցընել զայն։ Կրօնական բնոյթով քաղաքականութեան մը պետական կառոյցը ձեռք անցընելու ու զայն կրօնական պետութեան մը վերածելու ջանքը եւ անաստուած կամ ազգայնական կազմակերպութեան մը ջանքը կը յանգին նոյն հաշիւին։ Վերջապէս իւրաքանչիւրը իր ոգին պիտի փոխանցէր պետութեան։ Այնքան ժամանակ, որ պետութիւնը իշխանութեան միջոց մըն է՝ իշխանութեան պայքարը աւարտ չ՚ունենար» (1996)։
Փաստօրէն Հրանդ Տինքի աւելի քան քսան տարի առաջ գրառած այս տողերը տակաւին կը պահեն իրենց այժմէութիւնը, յատկապէս Թուրքիոյ պարագային։ Քանի մը տարի առաջ, 2016-ին, եղանք ականատեսը պետական յեղաշրջումի կասկածելի փորձի մը, երբ պետութիւնը ձեռք անցընել ուզող հատուած մը շիտկէ շիտակ ճակատեցաւ իշխող վարչակարգին հետ, որ իր հերթին այլ ոգի մը կը ջանար ներարկել պետութեան։ Եւ տակաւին այսօր, երբ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած, սակայն անպարտ արձակուած Էրքոնեքոնի խմբակը, ինչպէս նաեւ ազգայնական այլ շրջանակներ, որոնք մաս եւ բաժին ունին ցարդ կատարուած անարդարութիւններուն ու թափուած արիւնին մէջ, վերստին ձեռք անցուցած են կառավարումը եւ կը ձգտին միահեծան իշխանութեան, լուռ պայքար մը մղելով կրօնական համայնքները, Սուրիայէն վերադարձած զինեալները եւ նման տարրեր իրեն նեցուկ ընել փորձող, բայց եւ այնպէս իր անցեալի զեղծումներուն հետեւանքով սանձերը այլոց յանձնած եւ հետզհետէ տկարացող կառավարութեան դէմ։
«Տեղի ունինք ենթադրելու թէ իր հաւասարակշռութիւնը … կորսնցնող քաղաքական կուսակցութիւն մը, պիտի չուշանայ գործելու դեռ աւելի ծանր սխալներ, դեռ աւելի մեծ անիրաւութիւններ՝ ժողովրդական իրաւունքներուն ընդդէմ»։ Այս տողերն ալ կը պատկանին Ռուբէն Զարդարեանին դարձեալ, որուն ենթադրութիւնը դժբախտաբար իրականացաւ Հայոց ցեղասպանութեամբ, որուն զոհերէն մէկն ալ ինք դարձաւ։ «Գիւղը, որ կ՚երեւի, պէտք չունի ուղեցոյցի», ինչպէս կ՚ըսէ թրքական առածը։ Հիմա եւս, ներկայի կառավարութիւնը իր տկարացած իշխանութիւնը ամրապնդելու համար կը փաթթուի ազգայնականութեան՝ զօրք առաքելով Սուրիա, Լիպիա, արտաքին քաղաքականութիւնը դարձնելով երկարաձգումը ներքին քաղաքականութեան, ինչ որ վնասաբեր է։
* * *
Անցեալ շաբաթուան բանախօսութեանս ժամանակ անդրադարձած էի Թուրքիոյ մէջ մայրենի լեզուի ուսուցման նիւթին։ Հայեր, յոյներ ու հրեաներ, որպէս ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններ, թէեւ իրենց վարժարաններուն մէջ կրնան ուսուցանել իրենց մայրենին կամ մայրենիով դասաւանդել դասերը, սակայն երկրի բազմամարդ հասարակութիւններէն մին հանդիսացող լեզուն՝ քրտերէնը, բացակայ է վարժարաններէն, հանրային վայրերէն։ Տինք 2000-ին գրառած «Կ՚ուզեմ իմ քրտերէնը» յօդուածով անդրադարձ կատարած է այս նիւթին։ Քրտերէնով ուսուցում կատարելու անհրաժեշտութեան մասին խօսելէ ետք, Տինք կը գրէ հետեւեալը. «Անատոլուի խառնարանին մէջ ո՛չ քրտերէնը կարելի է միայն քիւրտերուն յանձնել, ո՛չ ալ հայերէնը՝ միայն հայերուն։ Ինչպէս որ թրքերէն գիտնալը որեւէ մէկը չի թրքացներ, այնպէս ալ քրտերէն գիտնալը չի քրտացներ հայը։ Քրտերէնը միայն քիւրտերու մենաշնորհին թողել պիտի նշանակէր սնուցանել քրտամոլութիւնը, նոյնպէս հայերէնը միայն հայերուն թողելը՝ հայամոլութիւնը։ Այս հողերուն վայել է միասնութիւնը այն զանազանութիւններուն, որոնք գիտեն ու կը խօսին միւսի լեզուն։ Ինչո՞ւ կը խրտչինք սորվելէ կամ մերը համարելէ լեզուները այն անձերուն, որոնց հետ բնակակից ենք, երբ եօթն օտարին լեզուն բերած ու մտցուցած ենք մեր վարժարաններէն ներս» (2000)։
Փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ խտրականութիւնը սահմանափակուած չէ միայն լեզուի հարցով։ Ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները մանաւանդ, ազգային հարցերու կողքին, կրօնական գետնի վրայ ոչ-ժողովրդավար հարթութեան մը վրայ կը գտնուին։
Տինք հեգնական մօտեցում մը ունի այս նիւթին։ Պետութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր միջամտած է կրօնական հարցերուն, այնքան որ գոյացած է պետութեան ու կրօնի յարաբերութիւն մը։ Մինչդեռ հասարակութեան հարիւրէ մէկ տոկոսը, որ քրիստոնեայ է, պետութեան նման յարաբերութենէն զրկուած մնացած է։ Պետութիւնը քրիստոնեայ հասարակութեան համար դպրեվանք բացած չէ, ինչպէս կ՚ընէ իսլամներուն համար, ո՛չ ալ կրօնական պատրաստած է։ Ո՛չ եկեղեցի կառուցած է անոնց համար, ո՛չ ալ միջամտած ժամասացութեան լեզուին։ Թէեւ ան խառնուած է հոգեւոր առաջնորդներու ընտրութեան, ինչպէս պատահեցաւ նաեւ վերջերս, դժուարութիւններ յարուցած եկեղեցիներու նորոգութեան առջեւ, խոչընդոտած կրօնաւորներ պատրաստելու ծրագիրները, որոնք եղած են սակայն փոքրամասնութիւններու դէմ որդեգրած իր քաղաքականութեան արտայայտութիւնը, եւ ո՛չ թէ քրիստոնէութիւնը հսկողութեան տակ առնելու փորձ մը։
Սակայն կրօնական խտրականութիւնը պէտք է փնտռել այլուր։ Որպէս քրիստոնեայ քաղաքացի, կ՚ըսէ Հրանդ Տինք, կը վճարէ իր տուրքը, որուն մէկ մասը կը փոխանցուի Կրօնից տեսչութեան, իսկ վերջինս այդ գումարով կը վարձատրէ մզկիթներու պաշտօնէութիւնը, կը վճարէ իմամին ամսականը, մզկիթին ելեկտրականութեան ծախսը, մինչդեռ չի վճարեր քահանայի մը ամսականը, եկեղեցւոյ ելեկտրականութեան ծախսը։
«Զիս կ՚անհանգստացնէ հարիւրէ մէկ տոկոսի կրօնքին որպէս սպառնալիք չընկալուիլը, “ապրեցէք ձեր հաւատքը այնպէս, ինչպէս որ կ’ուզէք” ըսուիլը, սակայն միւս կողմէ իննսունինը տոկոսին ըսուիլը, թէ “ձեր հաւատքը պիտի ապրիք այնպէս, ինչպէս որ ես կ’ուզեմ”»։ Հաւասարութիւն կը պահանջէ Հրանդ Տինք. կ՚ուզէ, որ իր վայելած ազատութենէն օգտուին նաեւ մնացեալ իննսունինը տոկոսը, եւ անոնց կատարուած յատկացումները տրամադրուին նաեւ իրեն։
Այս հարցը արդիական է նաեւ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ, մանաւանդ երբ Կրօնից գործոց տեսչութեան յատկացուած պիւտճէն գերազանցած է արտաքին գործոց, ներքին գործոց, մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան, Եւրոպական միութեան եւ քանի մը այլ նախարարութիւններու պիւտճէն։ Եւ այս խոշոր պիւտճէէն ղրուշ մը իսկ բաժին չի հասնիր փոքրամասնական, ոչ-իսլամ հասարակութիւններուն։
* * *
Հրանդ Տինք 2002-ին կը գրէր, թէ պատրիարքակեդրոն համայնքային կեանք մը ի սկզբանէ իսկ պարտադրանք մըն էր Թուրքիոյ հայերուն վրայ։ Ֆաթիհ Մեհմետի կողմէ, յունաց պատրիարքը հակակշռելու համար ստեղծուած հայոց պատրիարքութիւնն ու Լոզանի մէջ արձանագրուած «կրօնական փոքրամասնութիւններ» եզրը խորքին մէջ չեն տարբերիր իրարմէ։ «Հասարակութիւն մը իր առանձնայատկութիւններէն զրկել եւ միայն կրօնականին իջեցնելը՝ հանրային համակարգը այդ յատկութեան վրայ կազմելու տարբեր մէկ ձեւն է միայն»։ Կայսրութեան պայմաններուն մէջ այս համակարգը լաւ գործած էր, որովհետեւ պատրիարքը մեծ տարբերութիւն մը չունէր սուլթանէն. երկուքն ալ միապետ էին, իսկ հասարակութիւնը՝ ծառայ։ Սակայն հանրապետական շրջանին, երբ աշխարհավար կարգեր հաստատուեցան, ողջ համակարգը փոխուեցաւ, հետեւաբար թրքահայութեան մօտ ալ անորոշութիւն մը ծայր առաւ։ Օրինակ, ժամանակավրէպ երեւոյթ մըն է հայ հասարակութեան պետութեան հետ յարաբերիլը պատրիարքին միջոցով։ Կրօնականի մը աշխարհիկ նիւթերու շուրջ պետութեան հետ բանակցիլը աշխարհավար հանրապետութեան սկզբունքներուն յարիր չէ։ Պատրիարքարանը կը գիտակցի այս կացութեան, կ՚ընդունի աշխարհկայնանալու անհրաժեշտութիւնը, սակայն կ՚ըսէ. «Ո՛չ թէ դուք աշխարհիկ դարձէք, ես ձեր փոխարէն ալ կ՚աշխարհկայնանամ»։ Հրանդ Տինք կը յայտնէր, թէ թրքահայութեան աշխարհիկ հասարակութիւն մը դառնալուն առջեւ կանգնած մեծագոյն արգելքը պատրիարքութիւնն է, քանի որ կրօնական հաստատութիւն մը ըլլալով հանդերձ, կ՚ուզէ իր ազդեցութեան տակ պահել հասարակութեան ընկերամշակութային եւ հանրային բոլոր տարածքները։ Պատրիարքարանի այս ախորժակը նոր չէ, այս ախորժակին դէմ մղուող պայքարն ալ նոյնքան հին է։ «Թուրքիոյ հայոց շուրջ հարիւր յիսուն տարուան այս պայքարը ո՛չ միայն պատրիարքարանին դէմ մղուած է, այլ նաեւ այդ հաստատութեան վրայօք՝ պետութեան դէմ»։
Հրանդ Տինք կը գրէր, թէ հասարակութեան աշխարհիկ դառնալուն առջեւ լրջագոյն արգելքներէն մէկն ալ անհատականացած, սակայն աշխարհիկ դառնալ չկրցած հաւաքականութիւնն է, «քանի որ,- ըստ իրեն,- աշխարհիկ դառնալը քաղաքական պատասխանատուութիւն եւ կեցուածք կը պահանջէ»։ Համայնքային հաստատութիւններուն վարիչները պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն որպէս վարչային, ոչ որպէս մտայնութիւն, եւ առկայ հարցերուն լուծումը կը յանձնեն կրօնական իշխանութեան։ Հետեւաբար այս հաստատութիւնները կը դադրին ըլլալէ հարցերու լուծման վայրեր՝ վերածուելով միայն տեղերու, ուր հարցերը իտարէ կ՚ընեն։ Իսկ անոնք, որոնք կը համարձակին ինքնուրոյն գործելու, անմիջապէս կը հեռացուին։ Հետաւաբար «մեր իբր թէ աշխարհիկ հաստատութիւնները ո՛չ թէ անհատ կ՚արտադրեն, այլ կը սպառեն»։
* * *
Տինքի այս եւ այլ յօդուածները, որոնք ձեւով մը Թուրքիոյ հանրային կեանքէն ներս ընթացող քննարկումները հայկական աշխարհ կը տեղափոխէին ատեն-ատեն, կը կրէին իրենց հեղինակին անհատականութեան կնիքը՝ վստահաբար նոր տարածքներ նուաճելով սփիւռքեան գետնի վրայ։ Այս իմաստով Հրանդ Տինքի արտադրանքը նոր ու թարմ խօսք մըն է եւ այսու իսկ տակաւին կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը, եւ ո՛չ միայն 19 յունուարներուն, այլ տարբեր առիթներով եւս արժանի են քննարկումներու եւ մտածուելու։