Հունգարիան կը խափանէ Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծը, որուն շուրջ դաշինքին մէջ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր։ Հայաստան այս հիմնադրամէն օգնութիւն ստանալու դիմում ներկայացած էր նախորդ տարի։
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի դիւանագիտական աղբիւրներուն՝ Հունգարիան կը պահանջէ, որ Ատրպէյճան եւս ներառուի ծրագիրին մէջ, ինչ որ, ըստ նոյն աղբիւրին, դրուած է քննարկման սեղանին՝ փակուղիէն դուրս գալու համար։
Ապրիլի կէսերուն, «Ազատութիւն»ը տեղեկացաւ, որ Պրիւքսելի մէջ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եուրոյի օգնութիւն տրամադրելու շուրջ։ Ըստ դիւանագիտական փաստաթուղթերու` այդ գումարով պէտք է ստեղծուէր մէկ գումարտակի համար նախատեսուած դաշտային ճամբար մը, որ պէտք է ներառէր նաեւ մէկ բժշկական օգնութեան շրջուն դարմանատուն, ինչպէս նաեւ համապատասխան ծառայութիւններ եւ կարողութիւններ։
«Այս աջակցութեան նպատակն է՝ նպաստել, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը բարձրացնեն դիմադրողականութիւնը եւ կայունութեան հաստատման գծով կարողութիւնները եւ այդպէս՝ աւելի լաւ պաշտպանեն խաղաղ բնակչութիւնը՝ ճգնաժամերու եւ արտակարգ պատահարներու ընթացքին», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ, որուն վաւերացումը քանի մը շաբաթէ ի վեր կը խափանուի Հունգարիոյ կողմէ։
Պուտափեշտ կը պահանջէ, որ ականազերծման համար Ատրպէյճան եւս օգնութիւն ստանայ: Սակայն, հարցը այն է, որ Պաքու այդ հարցով դիմում չէ ներկայացուցած Եւրոպական Միութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Միութիւնը կրնայ չընդառաջել. Առ այդ, գործընթացը վերջնականապէս փակուղի կրնայ մտնել։
Comments are closed.