«Հորիզոն» շաբաթաթերթի ուխտագնացութիւնը Պատմական Հայաստան

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի կազմակերպած Հայաստան ուխտագնացութիւնները առանձնայատուկ իրենց դրոշմը ունին. այս տարուան շրջապտոյտը, բծախնդրօրէն պատրաստուած ու համադրուած թերթին խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի ջանքերով, սրբազան ու սովորական տեսարժան վայրերու այցելութիւններու կողքին (Էջմիածին, Զուարթնոց հնագիտական եկեղեցի-յուշարձան, Խոր Վիրապ, Նորավանք, Գառնիի հեթանոսական տաճար, Գեղարդ վանական համալիր, Տաթեւ վանական համալիր եւ այլն) կ՚ընդգրկէր այցելութիւն մեր անցեալի օրերը խորհրդանշող Անիի աւերակներուն, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու բացառիկ առիթ՝ համշէնական աշխարհին: Հարկ է նշել, որ Վահագն Գարագաշեանի պատասխանատուութեամբ կազմակերպուած դէպի հայրենիք ուխտագնացութիւնները լոկ զբօսաշրջիկային բնոյթ չունին, այլ առիթ կ՚ընծայեն յարգելի խմբագրին, մեր հերոսներուն սխրագործութիւններէն ներշնչուած, համեմուած զեկոյցներով, հայ ժողովուրդի արժանի զաւակները ըլլալու հպարտանքի զգացումն ու հայրենասիրութեան հուրը փոխանցելու խումբի անդամներուն:

Տեղին է նաեւ շեշտել, որ «Հորիզոն»ի խմբագրին հայրենանուիրումը ամբողջական է ու անսահման, ան Հայաստան ու Արցախ յաճախակի այցելութիւններով, տրամադրելի բոլոր միջոցներով կը ջանայ նեցուկ կանգնիլ ժողովուրդին, ազգային, կրթական ու մշակութային կարիքներուն. տեւաբար իր գուրգուրանքին ու հոգածութեան առարկայ է պատանի-պատանուհիներէ կազմուած Երեւանի «Նարեկացի» ժողովրդային գործիքներու նուագախումբը, որ արհեստավարժութեան մակարդակին հասած իր ելոյթով խորապէս հմայեց ու կախարդեց բոլորը: Ուշագրաւ ու գնահատելի երեւոյթ է նաեւ յարգելի խմբագրին այցելութիւնները Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, ինչ որ կ՚ենթադրէ բարձր նկարագիր ու զգայուն սիրտ:

Արցախ ուխտագնացութիւնը կ՚ընդգրկէր այցելութիւն Գանձասար վանական համալիրին, հնագոյն Տիգրանակերտ քաղաքին պեղումնավայրը, հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի թանգարանը, «Տաթեւի Թեւեր» ճոպանուղիով ուղեւորութիւնը Տաթեւ վանական համալիրին, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութեան, որ դժբախտաբար անձրեւին պատճառով անշուք անցաւ:

Յիշատակելի ու անմոռանալի օր եղաւ Աստղաշէն գիւղի վարժարանին տուած մեր այցելութիւնը, որուն ընթացքին առիթը ունեցանք ըմբոշխնելու ու գնահատելու վարժարանին աշակերտութեան գեղարուեստական բացառիկ ձիրքերը (նուագ, երգ, պար, արտասանութիւն՝ դպրոցին վերաբացման առաջին օրուան զուգադիպող մեր այցելութեան ընթացքին). դպրոցի տնօրէնուհիին արտասանած հայրենաշունչ ուղերձը տակաւին ամբողջութեամբ դրոշմուած կը մնայ յիշողութեանս մէջ. ան պատանի աշակերտները նկատեց ապագայ ազատամարտիկներ՝ հարկ եղած պարագային պաշտպանելու Ղարաբաղի հողային ամբողջականութիւնը, տրուած ըլլալով որ ներկայիս կը տիրէ «ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն» իրավիճակ, ու թշնամին պատրաստ է որեւէ ժամանակ հարուածելու:

Կէսօրին խումբը ճաշի հիւրը եղաւ գիւղին, զանազան տեսակի խորովածներէ, հացերով ու այլ տեսակի ուտեստեղէններով բեռնաւորուած սեղաններու շուրջ, ուր կը յորդէր հայկական խաղողի ու թութի գինին, օղին, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վրայ պատրաստուած քոնեակը, արտասանուած հայրենաշունչ ճառախօսութիւններու մթնոլորտին մէջ:

Հայկական աւանդական հիւրասիրութիւն…

Ճաշերով բեռնաւորուած սեղաններով կարելի էր կշտացնել ամբողջ բանակ մը. յիշատակելի ու անմոռանալի օր:

Խումբը յայտագրին մէջ նախատեսուած իր այցելութիւնը տուաւ Դադիվանքին, ուր առիթը ունեցանք մօտէն ծանօթանալու ապառաժեայ նկարագրի տէր Տէր Յովհաննէսին, որ իր գործուն մասնակցութիւնը բերած է Արցախի ազատագրական պայքարներուն, ան իր գիւղական համեստ անկողինին տակ տեղաւորուած հրցանաը ցոյց տուաւ մեզի, յայտնելով որ հարկ եղած պարագային պատրաստ է վերստանձնելու իր ազտամարտիկի պաշտօնը:

Արեւմտահայաստան այցելութիւնը կ՚ընդգրկէր համշէններու աշխարհին հետ շփում ու մանաւանդ այցելութիւն անցեալի մեր օրերը խորհրդանշող Անիի աւերակներուն: Երբ կը մտածեմ Անիի մասին, յիշողութեանս մէջ անմիջապէս կը պատկերանայ Հալէպի մեր տան հիւրասենեակին պատէն կախուած գորգը, որուն վրայ սեւեր հագած հայ մայրը, Անիի աւերակներէն կոյտի մը վրայ նստած, աջ ձեռքը ծնօտին, լալէն աչքերը ցամքած, անօգնական ու յուսահատ, դարեր սպասելէ ետք արիւնաքամ, քարացած ու արձան դարձած՝ կ’ողբայ աւերակ դարձած Անին:

Մեզմէ շատեր զանազան առիթներով այցելած են հռոմէական, յունական եւ այլ քաղաքակրթութիւններ խորհրդանշող աւերակներ, սակայն հայու մը համար Անիի աւերակներուն այցելութիւնը, տարբեր հանգամանք ու իմաստ կը ստանայ, որովհետեւ Անին խոր արմատներ ու անջնջելի իր դրոշմը ունի իւրաքանչիւր հայ անհատի հոգիին մէջ. Հայաստանի մնայուն հոտը կայ անոր մէջ, որ խօսք առնելով մեզի կը պատմէ հայոց դարաւոր պանծալի պատմութեան կողքին նաեւ տխուր էջի մը մասին: Անիի աւերակները տեսնելէ շաբաթներ առաջ, տարբեր աշխարհ մը ստեղծուած էր մտքիս մէջ, որովհետեւ այդ աւերակներն ու քարերը դարերու հայ պատմութեան լեզուն են, որոնք կը պատմեն փառքը մեր հայրերուն ձեռքերովը շաղախուած ու արիւնովը ներկուած մեր տաճարներուն, եկեղեցիներուն ու մանաւանդ՝ հանճարը մեր նախահայրերուն:

Թեթեւ մաղուող անձրեւին տակ մուտք կը գործենք Անի: Չորս կողմ թափթփած քարեր, կիսակործան պատեր, հողակոյտեր, որմէ մէկուն վրայ բարձրանալով կը դիտեմ աւերակ քաղաքին ընդհանուր պատկերը. կը տեսնեմ Անիի մայր տաճարը, մին Անիի գեղեցկագոյն շէնքերէն՝ շինուած Տրդատ ճարտարապետի ձեռքով, որ կանգուն մնացած է, բացի գմբէթէն:

Երեւակայութիւն ու պատրանք միաձուլուած՝ աչքերուս առջեւ կ’ուրուագծուին խանձած ու փոշեթաթախ դէմքերով, պալատին առջեւ կանգ առած երկու հայ բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնք կը հնչեցնեն իրենց փողերը, եղանակաւորելով հայոց ազգային քայլերգը…:

Ապա պահ մը առանձնանալով, հեռուէն դիտելով ընդհանուր պատկերը, աւերակներուն հետ կը դառնամ խօսակից ու զրուցակից, ու կարծես հեռուէն կը լսեմ ձայները մեր քաջերուն… պահ մը ետք ներսէն կ’արձագանգէ լալագին, խեղդուկ ձայն մը, որդեկորոյս մօր մը կանչը ըլլայ կարծես, որ կ’ողբայ կորուստը մեր փառաւոր անցեալի հազարումէկ եկեղեցիներուն… քիչ մը ետք լռութիւն է ամէնուրեք, միջավայրը վերածելով լուռ գերեզմանի մը… ու կը խորհրդածեմ՝ այլեւս չկան իշխաններ ու թագաւորներ Հայաստանի մէջ, սակայն կը յուսադրուիմ, որ պատմութենէն ներշնչուած ու ներհուն մտածողութեամբ հայ ժողովուրդը այսուհետեւ պիտի ըլլայ միակամ, պիտի ունենայ մէկ իշխանութիւն ու հաւաքական ուժ, որուն տէրը աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդն է:

Անիի աւերակներուն մօտ տեղադրուած բոլոր բացատրական ցուցատախտակներուն վրայ կը նկատեմ բացակայութիւնը հայ անուան, որոնք բագրատունիները կը ներկայացնեն այդ շրջանի քրիստոնեայ, այժմ անհետացած մէկ համայնք…

Տխուր զգացում…

Խորապէս ազդուած անխնամ ճամբաներուն պատճառաւ ինքնաշարժին առթած ահաւոր ցնցումներէն, պարտասած ու պարպուած՝ առաւօտեան վաղ ժամերուն կը վերադառնանք Երեւանի մեր պանդոկը ու անմիջապէս կ’ուղղուինք մեր սենեակները:

Անկարելի կը դառնայ ինծի համար քնանալը… երեւակայութիւններու աշխարհին մէջ եմ ու խորապէս համոզուած, որ երբեմն երեւակայութիւնը աւելի իրական է քան ինքնին իրականութիւնը…:

Աչքերուս առջեւ կը ներկայանայ բագրատունի վերջին պատանի թագաւորը՝ Գագիկ Բ.-ը, արքունի պճնազարդ պալատին մէջ, բազմած իր գահին վրայ, մարգարտազարդ թագը գլխին, արմուկները հաստատած գահին արմկակալներուն վրայ, ու իր մօտ կանգնած քաջասիրտ պատուական հայը՝ սպարապետ Վահրամ Պահլաւունին, ճակտին վրայ մարգարտացած քրտինքով, աչքերուն մէջ անդոհանք, թէեւ յոգնած ու պարտասած, բայց վճռական արծաթահունչ պերճախօսութեամբ կը խրատէ պատանի թագաւորին՝ մերժելու յունաց կայսեր հրաւէրը, մինչ քիչ մը անդին վէստ Սարգիս, սադայէլական դիմագիծով, գաղտագողի մտիկ կ’ընէ կատարուած խօսակցութիւնը… ու սրտիս պոռթկումը մտքիս փոխադրուելով, կարծես աչքերուս առջեւ կը տողանցեն յունաց խաբեբայ Վասիլ Բ. կայսրը, ինչպէս նաեւ ծագումով հայ խղճամիտ կոստանդին կայսրը, որ մահուան իր անկողնին մէջ, անդրադառնալով ու զգալով անպատիւ ու անազնիւ գործ մը կատարուած ըլլալուն, ձեռքին Յովհաննէս Սմբատի չարաշուք կտակը, զայն կը յանձնէ Կիրակոս անուն հայ քահանային, ըսելով. «Չեմ ուզեր ուրիշին սեփականութիւնը իւրացնել… տար այս կտակը ու յանձնէ թագաւորիդ», սակայն անարժան ու հայրենադաւ քահանան, փոխանակ հայոց թագաւորին յանձնելու, զայն կը վաճառէ Կոստանդին կայսեր՝ յաջորդ յունաց կայսրին, Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջալոյսը դարձնելով մեր դարաւոր փառապանծ պատմութեան շղթային տկար, այպանելի մէկ օղակը:

Ու այժմ, երբ գրի կ’առնեմ այս տողերը, անհունօրէն տպաւորուած Անիի աւերակներուն այցելութենէն, անհատնում խորհրդածութիւններ կը տողանցեն տակաւին մտքիս մէջ…:

Աստուածաբնակ շիրիմներ են Անիի աւերակները, որոնց առջեւ ծնկաչոք ուխտաւորներ եղանք բոլորս. այդ եկեղեցիները, պալատներն ու գեղաքանդակ շինութիւնները Տրդատներու ու Մանուէներու հանճարովը յղացուած ու հայ ուխտաւորներու ձեռքերովը կերտուած, արգասիքն են հայ տաղանդին, նշխարները մեր անցեալին ու հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան վաւերական մէկ կոթողը, որ գերութեան տակ կը հիւծէ:

Այժմ չկայ նիւթեղէն Անին, ամայութեան մէջ աւերակներու կոյտ մըն է ան: սակայն իւրաքանչիւր հայու համար ան կը մնայ անքակտելի մէկ մասնիկը հոգեկան հայրենիքին, մանրանկար որբացած Հայաստանի մը, որուն երկնակամարին վրայ ու շուրջը հայութիւն թելադրող իրենց ճռուողիւններով կ’ոստոստեն անհամար ծիծառներ, իբրեւ անվիճելի իրաւատէրերը այդ հողերուն:

Ծիծեռնակ… խորհրդանիշը հայ ժողովուրդի անընկճելի շինարար ոգիին:

Բժիշկ Օհան Թապաքեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.