«Հորիզոն»ի 45-ամեայ էջերէն. Շնորհաւոր 30-ամեակը Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքին
«Հորիզոն», 28 Նոյեմբեր 1988
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի 30-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած մրցաշարքերուն եւ ձեռնարկներուն թղթակցութիւնը.
Շնորհաւոր 30-ամեակը Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքին
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) պատմութեան մէջ՝ 1958 թուականը դարձակէտային թուականներէն մէկը հանդիսացաւ, երբ Հիւսիսային Ամերիկայի Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ ծնունդ առաւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը (որ 1966-էն ետք անուանակոչուեցաւ ՀՄԸՄ-Կամք): Փրկարար ուժ մը, որ հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր Հիւսիսային Ամերիկայի ամէնէն գործօն եւ օրէ օր բազմացող մասնաճիւղն է:
Ան իր 30 տարիներու փորձառութեան ընթացքին նախախնամական դեր կատարած է զանազան գաղութներու մէջ, եւ հետեւելով իրեն՝ բազմացած են մասնաճիւղերը: Այսօր, իբրեւ հիմնադիր այս հեռաւոր Հիւսիսային Ամերիկայի, կը շարունակէ իր բարի ուխտը՝ ինք բարձրանալով կը բարձրացնէ նաեւ միւս մասնաճիւղերը:
28, 29 եւ 30 Հոկտեմբերին կայացած պասքեթպոլի մրցաշարքով (Նիւ Եորք, Պոսթըն, Մոնթեպէլլօ, Մոնթրէալ), պարահանդէսով ու տողանցքով արտակարգ աշխուժութիւն ստեղծուեցաւ Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք եւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Հաճէթեան մարզասրահներէն ներս: ՀՄԸՄ-Կամքի վարչութիւնը իր մարզական եւ սկաուտական խորհուրդներու եւ յանձնախումբի անդամներու կամաւոր աշխատանքով, մեծ յաջողութեամբ տօնակատարեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 70 եւ ՀՄԸՄ-Կամքի 30-ամեակները:
Շաբաթավերջի ձեռնարկներէն մէկուն կամ միւսին ներկայ եղան դաշնակցային երեսփոխաններ եւ թեկնածուներ, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի նրկայացուցիչը, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Բարձր. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. վարչութեան անդամ եղբ. Վարուժան Սերոբեանը, ՀՅԴ-ի եւ յարակից միութեանց տեղական, շրջանային, կեդրոնաան մարմիններու նրկայացուցիչները, բազմահարիւր մոնթրէալաբնակ հայեր եւ համակիրներ:
Տօնակատարութեան պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած էր մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եղբ. Սերգօ Պոյաճեան:
Եռօրեայ տօնակատարութիւնները բաժնուեցան հետեւեալ ձեւով.
Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահին մէջ կատարուեցաւ խաղերու բացումը, ՀՄԸՄ-Կամքի պասքեթպոլի փոքր տղոց միջ-անդամական մրցախաղով, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ-Կամքի եւ ՀԲԸՄ-ի կրտսեր աղջկանց բարեկամական խաղը: Նոյն երեկոյեան, երէց տղոց մրցաշարքը սկսաւ Մոնթեպէլլօ ընդդէմ Պոսթընի խաղով, ապա՝ ՀՄԸՄ-Կամք ընդդէմ Նիւ Եորքի:
Շաբաթ առաւօեան տեղի ունեցան կիսաւարտական խաղերը, Ս. Յակոբ վարժարանի Հաճէթեան մարզասրահին մէջ:
Մրցաշարքի երկրորդ խաղէն ետք, ՀՄԸՄ-Կամքի կրտսեր տղոց խումբը բարեկամական խաղ մը ունեցաւ ընդդէմ ՀԲԸՄ-ի կրտսեր խումբին:
Երեկոյեան, աւելի քան 500 ազգայիններ, ՀՄԸՄ-ականներ եւ հիւրեր ներկայ գտնուեցան պարահանդէսին, որ առաջնորդութեամբ «Տարք Այզ» նուագախումբին, տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամերը:
Հանդիսավար եղբ. Կարօ Նշանեանի բացման խօսքէն ետք կարդացուեցան զանազան շրջաններէ ստացուած շնորհաւորական հեռագիրները: Ապա, վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Գէորգ Մանկէլեան, որ նաեւ պատուոյ նախագահին յանձնեց վարչութեան կողմէ յուշատախտակ մը:
Պարահանդէսի ընթացքին, վարչութիւնը գնահատանքի վահանով մը պատուեց ՀՄԸՄ-Կամքի այն անդամները, որոնք 20 կամ 10 տարիներ ծառայած են մասնաճիւղին: 10 տարուան ծառայութեան համար յուշատախտակ ստացաւ եղբ. Յովսէփ Զէրտէլեան, իսկ 20 տարուան համար՝ եղբ. Վարուժան Զուրիկեան: 30-ամեակի կարկանդակը, պատրաստուած եղբ. Պօղոս Բօշեանի կողմէ, կտրուեցաւ պատուոյ նախագահին եւ իր տիկնոջ ձեռամբ:
Կիրակի, 30 Հոկտեմբերին, Հաճէթեան մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տողանցքը: Օրուան հանդիսավարն էր եղբ. Հրաչ Տէր Սարգիսեան:
Եղբ. Մանկէլեանի խօսքէն ետք, օրուան բանախօսը՝ եղբ. Վարուժան Սերոբեան փոխանցեց իր խօսքը:
Դրօշակակիրներու արարողութենէն ետք սկսաւ աւարտական խաղը: Նիւ Եորքի խումբին մէկ օր առաջ մեկնելուն պատճառաւ, երրորդ դիրքը գրաւեց Պոսթընի խումբը:
Աւարտական խաղը (ՀՄԸՄ-Կամք-Մոնթեպէլլօ), եղաւ խիստ հետաքրքրական եւ երկու խումբերն ալ ցուցաբերեցին գեղեցիկ եւ բարձրորակ խաղարկութիւն եւ աւարտեցաւ Մոնթեպէլլոյի խումբի յաղթանակով:
Տօնակատարութեան եռօրեայ աշխուժութիւնը եղաւ տպաւորիչ եւ արժանացաւ ներկաներու անվերապահ գնահատանքին:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Comments are closed.