«Հորիզոն»ի 45-ամեակի հանդիսութիւններու ընթացքին կայացած նուիրահաւաքներէն գոյացաւ $107,000 տոլար

Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն, Թորոնթոյի, Գէմպրիճի, Մոնթրէալի եւ Վանգուվըրի մէջ պաշտօնական յատուկ հանդիսութիւններու ընթացքին նշուեցաւ «Հորիզոն»ի 45-ամեակը։ Յոբելենական այս հանդիսութիւններու գլխաւոր պատգամաբերն էր «Հորիզոն»ի Արցախի աշխատակից Տիրուհի Գասպարեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Ուրախ եւ երախտապարտ եմ, որ առիթ ունեցայ աշխատելու «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հետ, 2021 եւ 2022 թուականներին։ Միասին մի շարք լրագրական առաքելություններ կատարեցինք։ Շնորհաւորում եմ «Հորիզոն»ի 45-ամեակը, այն «Հորիզոն»ի, որ արցախեան ազատագրական պայքարի օրերից մինչեւ այսօր եղել է Արցախահայութեան կողքին, իսկ վերջին 20 տարին, ամէն տարի մասնակից է եղել Արցախի կեանքին, Քարվաճառից՝ Հադրութ, Ստեփանակերտից՝ Մարտունի ու Շուշի»։

45-ամեակի հանդիսութիւններու ընթացքին կայացած նուիրահաւաքներէն գոյացաւ $107,000 տոլար, որ պիտի օգտագործուի «Հորիզոն»ի յառաջիկայ լրագրական եւ քարոզչական ծրագիրներուն համար։ Շուտով կը հրատարակենք նուիրատուներու ցանկը։

 

Comments are closed.