«Հորիզոն»ի 2017 թուականի ուսանողական վարժողական ծրագրի գործակատարն է Կորիւն Գոյունեան
Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը երկրորդ տարին ըլլալով կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր (Internship Program)։
«Հորիզոն»ի խմբագրութեան ուղուած Ապրիլ 10 թուակիր նամակով մը, Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի կը յայտնէր, թէ նախարարութիւնը գնահատելով «Հորիզոն» շաբաթաթերթի համագանատական բնոյթի տեղեկատուական եւ լրագրական տասնամեակներու աւանդը, վերստին կը հովանաւորէ ամառնային ուսանողական վարժողական ծրագիրը (Internship program)։
Այս ծրագրին դիմում կատարած թեկնածուներէն Մոնթրէալահայ ուսանող Կորիւն Գոյունեան ընտրուեցաւ վերոնշեալ ծրագրի գործակատար։
Ծրագրի գործակատարը «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս պիտի կատարէ թարգմանութիւններ, գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ եւ հարցախոյզներ, ինչպէս նաեւ թերթի վարչական բաժանմունքին մէջ պիտի դասաւորէ «Հորիզոն»ի 37-ամեայ արխիւները։
Կորիւն Գոյունեան Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Անդամ է ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՄԸՄ-Կամքի անդամ է։ Ներկայիս Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ կը հետեւի քաղաքական գիտութեան դասընթացքներու։
Նշենք, որ 2016-ին նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած «Հորիզոն»ի վարժողական ծրագրի գործակատարն էր Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ Արին Տիմիթեան, որ 6 շաբաթներու վրայ երկարող ծրագրի ընթացքին աշխատեցաւ «Հորիզոն»ի խմբագրական եւ վարչական բաժանմունքներուն մէջ եւ կարեւոր ներդրում ունեցաւ արխիւագրելու «Հորիզոն»ի անցեալի թիւերը։