«Հորիզոն»ի Մէջ Լոյս Պիտի Տեսնէ Կարօ Սասունիի «Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» Գիրքը

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով, «Հորիզոն» իր յառաջիկայ թիւերուն մէջ պիտի հրատարակէ Կարօ Սասունիի «Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» աշխատութիւնը, որ կը ներկայացնէ Արեւմտահայաստանի հայութեան գաղթաշարժը դէպի Արեւելահայաստան՝ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ Սասունիի պատմական այս արխիւագրութիւնը առաջին եւ միակ անգամ հրատարակուած է 1927-ին Պոսթընի մէջ եւ կը վաւերագրէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան սաղմնաւորման ու կազմաւորման պատմութիւնը։ Գիրքը կը սկսի Սասունիի նախաբանով։ Յօդուածաշարքը կը հրատարակենք բնօրինակին հաւատարիմ մնալով։

Յառաջաբան

Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան բնութագծի արտաբերումը բաւական բարդ գործ մըն է: Վերջին տասնեւհինգ ամեակի հայ հասարակական կեանքն ենթակայ եղած է արտաքին խոշոր դասաւորումներու եւ խճճուած քաղաքական բարդ մթնոլորտի մը հանգոյցներուն մէջ, ուրկէ երկունքի գալարումներով միայն կրցած է իր այսօրուայ նաւահանգիստը հասնիլ:

Հայ կեանքի ամբողջական պատկերը տուած ժամանակ, հայ պատմաբանը – ինչ հոսանքի ալ պատկանի – կը գալարուի նոյն այդ բարդ ցանցին մէջ եւ աւելի կը զբաղուի շրջապատի խոշոր երեւոյթներով ու ընդհանրացումներով, քան կը կեդրոնանայ հայկական իրականութեան ՆԵՐՔԻՆ ԷՈՒԹԵԱՆ վրայ:

Ուսումնասիրող միտքը հայ բնաշխարհէն հեռու՝ օտար մթնոլորտի խոշոր ոստաններու մէջ – Բագու, Թիֆլիս, Պօլիս, Եւրոպա – զարգացած է եւ իրերն ու երեւոյթները չափած ու ձեւած է անմիջական շրջապատի ընդհանուր տուեալներով: Մեր ներքին կեանքի արժէքները անճանաչելի մնացած են: Անոնց կարեւորութիւնը ժխտուած կամ ստորագնահատուած է, որով այդ արժէքները լիովին չեն զարգացած ու հետեւաբար՝ որպէս ընդհանուր ազգային առաքինութիւններ, չեն ներարկուած հայ հանրութեան:

Եթէ առարկուի թէ մտաւորականութեան այդ պակասը կամ հեռաւորութիւնը կարելի է դարմանել փաստերու եւ փաստաթղթերու խղճամիտ ուսումնասիրութեամբ, ես, մեր իրականութեան ճանաչողութեամբ, ինծի իրաւունք կուտամ պնդելու որ փաստական տուեալներու կատարեալ բացակայութիւնը կը հանդիսանայ մեծ պակասութիւն մը մեր մէջ: Մեր կեանքի իրական ներքնաշխարհը արձանագրուած չէ հայ մամուլի եւ այլ պաշտօնական դիւանաթղթերու մէջ: Արտաքին կեղեւը – միայն իր արձագանգը գտած է գրաւոր արտայայտութիւններու մէջ, իսկ ներքին աստառը կը մնայ ծածկուած: Ժողովուրդը շարժած է բերանացի ու գաղտնի կարգադրութիւններով: Շարժումները չեն պատկերացուած իրենց բուն իմաստով, այլ ընդհակառակը, շատ անգամ բոլորովին շրջուած կը ներկայանան իրերը, չգիտէք ինչ արդարացումի համար: Անկասկած խիստ արժէքաւոր եւ ուշագրաւ փաստեր կան մանաւանդ Հ. Յ. Դաշնակցութեան առայժմ անքննելի թուղթերուն մէջ, իսկ բազմաթիւ խոշոր դէպքեր հետք անգամ չեն թողած: Ասոնց կողքին, չափազանց փոքրիկ երեւոյթներ իրենց շուրջ անհաւատալի աղմուկ հանած, ու պատմաբանին – որ թուղթերու դէզին կառչած կը մնայ – առատ նիւթ հայթայթած են(1): Դուք կը տեսնէք թէ ինչպէս հատորներ կը գրուին, հիմնուած միայն ձեռքի տակ գտնուած տուեալներու վրայ, որոնք կ՚առաջնորդեն այդ գրողները դիւրին եզրակացութիւններ հանելու: Ատոնք թերեւս կը ներկայացնեն շրջապատի լայն ուրուագիծը, առանց սակայն ընդգծելու էութիւնը սա հայ ժողովուրդ կոչուող լուռ ու խորհրդաւոր զանգուածին:

Հայ ուսումնասիրող քաղաքական միտքը՝ եթէ կ՚ուզէ մեր օրերու ճշմարտութիւնն առարկայականօրէն հրապարակ բերել եւ չափով մը լուսաւորել մեր ժողովուրդի վաղուան ճանապարհը, այն ատեն ան ետ պիտի երթայ, խորանայ հայ գիւղական զանգուածի մէջ ու վարէն համադրէ իրողութիւնները, թափանցէ լուռ՝ բայց ապրող ու գործող զանգուածի հոգիէն ներս եւ գիտականօրէն դրսեւորէ հայ հասարակական զարգացման կերպարանքը: Մնացածը, հայկական շէնքի պատերու արտաքին շպարը մնալու դատապարտուած է:

*******

«Տաճկահայաստանը Ռուսական տիրապետութեան տակ, Տաճկահայոց գաղթաշարժը ու անոնց դերը Հայաստանի հանրապետութեան կազմութեան մէջ» գիրքը փոքրիկ աշխատասիրութիւն մըն է, որու գլխաւոր նպատակն է ձգտիլ վեր հանել մեր ամենէն փոթորկալի շրջանի Տաճկահայ կեանքի ներքին իրական պատկերը:

Այս գրուածքը կը սահմանափակուի Ռուսական գրաւման ժամանակաշրջանով եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած նոր կացութեամբ: Կամաւորական շարժումը Կովկասի մէջ, կոտորածները Տաճկաստանի մէջ, երկու խոշոր դէպքեր են եւ հաւասարապէս իրենց անդրադարձումն ունեցած են երկու հատուածներու հայութեան վրայ: Սակայն այդ երեւոյթները միայն այն չափով կը յիշատակուին, ինչ չափով անոնք կրնան նպաստել իմ առաջադրած նիւթի զարգացման:

1914-ի աշնան սկսուած Ռուսական արշաւանքով պզտիկ պատուհան մը կը բացուէր Տաճկահայաստանի վրայ Բասէնով ու Ալաշկերտով: Դանդաղ ու աստիճանական լայնացումը ունեցաւ այդ պատուհանը ու կամաց կամաց հասաւ Մուշ-Սասուն, Պիթլիս, Վան-Երզնկա եւ Տրապիզոն: Տաճկահայութեան մնացորդները կ’իյնային Ռուսական տիրապետութեան տակ:

Այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցան յառաջխաղացումներ, ահռելի նահանջներ, կրկին վերադարձ դէպի հայրենի երկիր, ու վերջապէս, Ռուսական յեղափոխութիւնը եւ կովկասեան ճակատի վերջնական փլուզումը: Այդ վերիվայրումներու ընթացքին, տաճկահայութիւնը միայն որպէս գաղթական եւ որբ չապրեցաւ, այլ ունեցաւ իր քաղաքական եւ ազգային կեանքն ու կազմակերպութիւնը: Տաճկահայը քաղաքական եւ ազգային արժէք մը կը ներկայացնէր, երբ վերահաստատուած էր Տաճկահայաստանի մէջ, եւ երբեք այն պատկերը չունէր, ինչ որ կը ներկայացնէին Կովկասի զանազան կողմերն ապաստանած թափառական գաղթականները: Ուշագրաւ կողմը այդ ժողովրդի ինքնակազմակերպումը եւ ինքնակառավարումն էր: Այդ կողմէն դիտելով մեր կեանքը՝ շատ սփոփիչ գտած եմ:

Սակայն Ռուսական պետութիւնը կազմալուծուեցաւ 1917-ին, անոր բանակները հեռացան Հայաստանէն եւ Կովկասէն: Թրքական բանակները արշաւեցին Տաճկահայաստան եւ գերազանց ուժերով ստիպեցին վերահաստատուած ժողովուրդը զանգուածային գաղթաշարժի՝ դէպի Արարատեան Հայաստանը եւ Կովկասի զանազան կողմերը: Հայ հասարակական եւ քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն էջերէն մէկը կը կազմէ այդ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը, որ շաղկապուած է այսօրուայ մեր նորակազմ կեանքին հետ: Առանց մանրամասն դրուագներու վրայ ծանրանալու, աշխատած եմ ընդհանուր պատկերը տալ այդ ժամանակուայ Տաճկահայաստանի ժողովրդին եւ արժէքաւորած դէպքերն ու աշխատանքները հայկական ազատագրութեան տեսակէտէն:

Անհրաժեշտ կը նկատեմ հոս շեշտել թէ շատ համառօտակի անցած եմ Էրզրումի, Վանի եւ Տրապիզոնի շրջանի աշխատանքներու վրայէն եւ միայն ընդհանուր բնութագիծը տուած եմ: Մինչդեռ Բասէնի, Ալաշկերտի եւ ամբողջ Տարօնի շրջանի վրայ աւելի հանգամանօրէն ծանրացած եմ:

Այդպէս վարուելուս առաջին պատճառը այն է որ պատերազմի ժամանակ յիշեալ վայրերու մէջ գործած չեմ եւ բացի անձնական տուեալներէն կը պակսին գրաւոր տուեալներն ալ: Իսկ Տարօնի եւ անոր յարակից շրջաններու մէջ գործած եմ անընդհատ եւ երկար տարիներու իմ փորձով եւ ուսումնասիրութեամբ՝ յանգած եմ իմ եզրակացութիւններուն:

Երկրորդ հիմնական պատճառն այն է որ աշխատութեանս գլխաւոր առանցքը դարձուցած եմ Տարօնը, առանձին ուշադրութեամբ հետեւած եմ տեղի ունեցած գաղթաշարժերուն, մեծ կարեւորութիւն մը տուած եմ Տարօնցիներու Արարատեան դաշտի եւ Լեռնահայաստանի մէջ կատարած դերին եւ քաղաքական-ազգային իմաստին: Տաճկահայաստանը դատարկուած է քիւրդերէն եւ թուրքերէն: Կովկասեան Հայաստանն ալ ազատուած է թաթարական հոծ բազմութիւններէն: Ահա այն ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ որ տեղի ունեցած է մեր պահանջած միացեալ հայրենիքին մէջ: Այս հիմնական նիւթը պարզաբանելու համար աշխատած եմ ընդհանուր պատկերը տալ գրաւուած ամբողջ Տաճկահայաստանին, որպէս լրացուցիչ մասը հիմնական նիւթին: Վանի եւ Էրզրումի շրջաններու այդ ժամանակուայ հասարակական կեանքի մանրամասն պատմութիւնն առանձին աշխատանքի կը կարօտի, ինչ որ այս գրքի սահմաններէն դուրս է:

*******

Ինչո՞ւ մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուցած եմ Տարօնին եւ այդ ամբողջ շրջապատի մէջ աչքս յառած եմ ժողովրդի շարժման վրայ: Արդեօք հայրենակցական զգացո՞ւմը զիս ստիպած է առանձին կարեւորութիւն մը ընծայելու անոր, թէ պատմութեան համար նիւթ մը հայթայթելու գաղափարը մղիչ ուժ հանդիսացած է: Ոչ մէկը եւ ոչ միւսը: Այլ այն համահայկական քաղաքական ոգին որ յաճախ յայտնաբերած է այդ ժողովուրդը եւ որը նորէն կենդանացած տեսայ վերապրող զանգուածին մէջ: Աւելի ուշադրութեամբ հետեւեցայ անոր շարժումներուն ու աշխատեցայ վեր հանել ու ընդհանրացնել այդ ոգին՝ որպէս անցեալի ստեղծագործող ուժ մը եւ ապագային՝ առաջնորդող առաքինութիւն մը:

Եթէ ազգի մը կամ ժողովրդի մը ոգին, զանազան ժամանակաշրջաններուն, կը մարմնանայ այդ ժողովուրդը բաղկացնող այս կամ այն հատուածի ու երկրամասի մէջ, կա՛մ կ’արտայայտուի այսինչ դասակարգի կամ կուսակցութեան միջոցաւ. հապա ուրեմն, կարելի է վստահօրէն ըսել, որ հայկական քաղաքական վերածնունդի ոգիի կրողը եղած են Տարօնն ու ղարաբաղը ե՛ւ որպէս գիւղացիութիւն ե՛ւ որպէս կուսակցութիւն: Այդ ոգիի թռիչքները սահմանափակուած չեմ իրենց միջավայրով, այլ ներարկուած են հայ ժողովրդի լայն զանգուածներուն շօշափելի գործերու մէջ:

Տարօնի այդ ոգին կուգայ հին դարերէն,- Մամիկոնեան տունէն: Մամիկոնեան տունը պատահական երեւոյթ մը չէ հայոց աշխարհի պատմութեան մէջ: Պատմութեան ուշադիր վերլուծող մը Տարօնի եւ Մամիկոնեան նախարարութեան արտաքին պատմութեան տակ՝ դիւրութեամբ պիտի գտնէ հայոց զինուորական կուսակցութիւնը, որ կը մարմնացնէր ազգային անկախ պետութեան գաղափարը: Չորրորդ դարէն մինչեւ իններորդ դարը, հինգ հարիւր երկար տարիներու մեր պատմութեան առանցքը կազմած են Մամիկոնեան եւ հակամամիկոնեան կուսակցութիւններու ներքին եւ արտաքին պայքարները: Այդ ժամանակաշրջանին եւ ատկէ յետոյ, երբեմն երկար, երբեմն ընդհատաբար, անկախութեան ու քաղաքական վերածնունդի պայքարի ոգին, Մամիկոնեաններու միջոցաւ, եկած հասած է մինչեւ մեր օրերը: Անոնք մեր ազատագրութեան մշտական դրօշակիրներն եղած են:

Բնաւ պատահական երեւոյթ չէ, որ Տարօնն եղաւ հայոց ժամանակակից յեղափոխական շարժման կեդրոնը: Խղճամիտ ուսումնասիրութիւն մը պիտի կրնայ ապացուցանել որ արտաքին դրդումները եւ 19-րդ դարու մտաւոր զարթնումը չէին միայն որ հայկական շարժումը փաթաթեցին այդ ժողովրդի վզին, որ գործնականօրէն գլխաւոր կրողը եղաւ երկրի յեղափոխական շարժման: Այլ հին ազատագրական անթեղուած ոգին էր որ կը մարմնանար ու յարութիւն կ’առնէր Մամիկոնեան տան բեկորներուն մէջ եւ հոն կը քաշէր կենսունակ ուժերը, ապրումներու եւ յոյսերու շղթայ մը կապելով այդ լեռնաշխարհին հետ:

Տարօնի անցած քառասուն տարուայ փոթորկալի կեանքը, հայ լրագրութեան եւ ազգային մարմիններու արխիւներուն մէջ մեծ մասամբ ողբ ու կոծի պատկեր մը կը պարզէ, կամ խոշոր պայթումներու եւ մեծաշռինդ կռիւներու աղմկալի արձագանգը կուտայ: Կարեւոր երեւոյթներն իրենցհիմնական դրդիչ պատճառներով արձանագրուած չեն: Ուրախալի է սակայն որ այդ հսկայ ժողովուրդի ժամանակակից մեծագործութիւններն իրենց ամբողջական, յեղափոխական հարազատ դէմքով մոխիրներու տակէն, եւ վերապրող ժողովրդի հոգու ծալքերէն դուրս եկան ու կենդանի պատկերացումն ունեցան մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Այդ մեծ գործը վիճակուած էր Ռ. Տէր-Մինասեանին, որ Ռ. Ստորագրութեամբ «Հայրենիք» ամսագրի մէջ «Յեղափոխականի մը Յիշատակները»(2) վերնագրով այնքան ճշգրտօրէն Տարօնի յեղափոխական պատմութիւնը տուաւ: Տարօնի յեղափոխական պատմութիւնը տալ իր ամբողջութեան մէջ, կը նշանակէ ոչ միայն Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնական պատմութիւնը, այլ հայ ժողովրդի ազատագրական պատմութեան միջուկը ներկայացնել:

Հարուած ստացած Տարօնը կոտորակուած էր, բայց անոր բեկորները կորովի ամփոփում մը ունեցան եւ հայ ազտագրական վերջին բեմին վրայ հրապարակ եկան իրենց ուժի տուրքը տալու: Անոնք իրենց խոշոր մասնակցութիւնը բերին դարերու հայ իտէալի, Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ստեղծման դժնդակ գործին մէջ: Եթէ գրասենեակներու մէջ փակուած ուսումնասիրողը իր պրպտած թուղթերուն մէջ միայն որբերու, նահանջի, կարօտեալ գաղթականներուն օգնելու կոչերուն պիտի հանդիպի եւ միայն պատսպարան մը խնդրող բազմութիւն մը պիտի գտնէ իր դիմաց ու եզրակացնէ – խեղճե՜ր -, ես պիտի թելադրեմ ընթերցողին որ քայլ առ քայլ հետեւի այդ ժողովրդի ներքին կեանքին, ուշադիր խորհրդածութեան առարկայ դարձնէ անոր քայլերն ու գործերը, տեսնելու համար թէ ո՜րքան քաղաքական ու յեղափոխական արժէք կայ անոր այդ կարճ ժամանակաշրջանի ազատագրական ոգորումներուն մէջ:

Մամիկոնեան մարտական ոգին, ներկայ Տարօնցիներուն մէջ յարութիւն առած էր, որ կուգար իր անջնջելի կնիքը դնելու նորակազմ Հայաստանի հանրապետութեան կառուցման գործին վրայ եւ պատճառ դառնալու անոր ազգագրական կերպարանքի հիմնական փոփոխութեան:

Այսօր ալ ամբողջ տաճկահայ բեկորներէն, Տարօնցին է որ կը մնայ որպէս գիւղական հաւաքական կազմ ունեցող ամբողջութիւն մը, որ ունի իր շէնութիւնները, որ կ’ապրի ու կը շնչէ հպարտօրէն, առնական աշխատութեան մը փայլուն ապացոյցները տալով: Անիկա կենսունակ ու ներշնչող զարկերակն է հայ ժողովրդին եւ այսօրուայ Հայաստանի հաւաքականութեան մէջ՝ ազատագրութեան ջիղը:

Եթէ այս փոքրիկ աշխատութիւնս կարողանայ հետաքրքրութիւն ստեղծել ընթերցողներու մէջ, աւելի մօտէն ճանչնալու հայ ժողովուրդն ընդհանրապէս եւ Տարօնցիները մասնաւորապէս, ու մղէ զանոնք աւելի լայն ուսումնասիրութիւններով լիակատար գաղափար մը կազմելու այդ ժողովրդի ուշագրաւ անցեալի մասին, համոզուած եմ որ ատիկա պիտի նպաստէ մեր ապագայ ոգորումներու ընթացքին՝ հաւաքական կամքի եւ յեղափոխական վճռականութեան յայտնաբերման, եւ որով՝ գրուածքը իր նպատակին ծառայած կ’ըլլայ:

Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ

1.– Բազմաթիւ օրինակներէն մէկը նմոյշի համար կ’ուզեմ հոս յիշատակել: Սասնոյ Փսանաց գաւառը դեռ ութսունական թուականներուն կ’ապստամբի աւատապետին դէմ եւ կը մերժէ ճանչնալ անոր հողային եւ այլ իրաւունքները: Քառասուն օրուայ արիւնալի, յեղափոխական կռիւներէ յետոյ, Պերմի շրջակայ բոլոր գիւղերը կ’ազատուին ճորտական իրենց վիճակէն: Դասակարգային այս պայքարը երկուստեք բազմաթիւ կեանքեր կը հնձէ: Քառասուն տարի անցնելէ յետոյ, այս դէպքը հիմա միայն կ’արձանագրուի մեր մամուլին մէջ,մինչդեռ այդ ժամանակաշրջանի հայ աղջկայ մը առեւանգումը ամբողջ աշխարհը կը զբաղեցնէ: գրաւոր տուեալներէն դատելով, պատմաբանը բնականօրէն կ’եզրակացնէ որ հայ ժամանակակից պատմութիւնը առեւանգումներու պատմութիւն մըն է միայն:

2.- Տես «Հայրենիք» ամսագիր 1292 Ա. Տարիէն մինչեւ 1927, Ե. Տարի (տակաւին կը շարունակուի):

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.