«Հորիզոն»ի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Սաճճան կարեւոր նկատեց Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը
2281
0
Դեկտեմբեր 1-ին, Գանատայի կառավարութեան Քեպէգի գրասենեակին հրաւէրով, «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի հետ։ «Հորիզոն»ի խմբագրութեան կողմէ հարցազրոյցը վարեցին վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ «Հորիզոն»ի անգլերէն բաժնի աշխատակից Լելակ Ոսկիեան։
Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս Գանատա–Հայաստան համագործակցութեան մասին։ Նախարարը կարեւորեց վերոնշեալ երեւոյթը յայտնելով, որ յայտնապէս տարածաշրջանային առումով անհրաժեշտ են նման համագործակցութեան նախաձեռնութիւններ, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան խաղաղարար աշխատանքներու ընդհանուր պարունակին մէջ։
Այլ հարցերու շարքին նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Գանատայի ներկայ կառավարութեան կողմէ յառաջիկայ երկու տասնամեակներու ընթացքին 62 միլիառ տոլար պաշտպանութեան պիւտճէի ծրագրային կարգ մը մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայիս հակամարտութեան մէջ գտնուող աշխարհի կարգ մը շրջաններ գանատական բանակի խաղաղապահ ուժեր գործուղելու ծրագիրներուն մասին։
Նշենք, որ Նախարար Սաճճան Գանատայի պատմութեան մէջ առաջին պաշտպանութեան նախարարն է, որ կը պատկանի ազգային փոքրամասնութեան մը։ Ան զինուորական իր ծառայութիւնը կատարած է Գանատայի բանակին մէջ որպէս գնդապետ։ Գործուղուած է Պոսնիա–Հերցեկովինա եւ Աֆղանիստան, որմէ ետք 11 տարի ծառայած է Վանգուվըրի ոստիկանութեան ոճրագործութեանց հետաքննութեան բաժանմունքին մէջ։ Խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուած է 2015-ին եւ նոյն տարին վարչապետ Թրուտոյի կողմէ նշանակուած է Պաշտպանութեան նախարար։
Հարցազրոյցի աւարտին, «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան նախարար Սաճճանի յանձնեց Արցախեան Ապրիլեան պատերազմին նուիրուած «Հորիզոն»ի 2016 թուականի եռալեզու բացառիկ թիւը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած եռալեզու յաւելուածը։