«Հորիզոն»ի եւ Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի»։ 9 յունուար 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին «Սփիւռքի տարի» հռչակագիրը, որ այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւ հրատարակուեցաւ սփիւռքահայ մամուլին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը իր հռչակագրին մէջ հրամայական կը նկատէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ կը շեշտէ.- «Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ անոր հզօրացումն է. իսկ Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումն է. Եւ սա համազգային առաջնահերթութիւն է ու մարտահրաւէր։ Հարկ է անյապաղ լծուիլ աշխատանքի»։

Ի մտի ունենալով Արամ Ա. Վեհափառի հռչակագրի յոյժ կարեւորութիւնը, «Հորիզոն»ի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ լոյս տեսած են հայկական Սփիւռքի ժամանակակից հրատապ հարցերն ու մարտահրաւէրները քննարկման բովէ անցնող յօդուածներ։

Գրքոյկ-յաւելուածի առաջնորդող յօդուածին մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Բաբգէն Արք. Չարեան կ՚անդրադառնայ սփիւռքահայութեան կարեւոր ոստաններէն նկատուող Գանատայի տարածքին կատարուելիք ազգապահպանման հաւաքական աշխատանքին մասին, շեշտելով, որ անհրաժեշտ է գանատահայ սփիւռքի հիմերը ամրացնել վաղուան առողջ սերունդները ապահովելու համար եւ այդ տան հիմերը, կը նկատէ՝ եկեղեցին, դպրոցը, մամուլը, մշակոյթը, միութիւններն ու կուսակցութիւնները։

«Ինքնութիւնը որպէս ծրագրային օրակարգ» յօդուածով, միջազգային հարցերու մասնագէտ՝ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան հիմնականին մէջ վերլուծական բովէ կ՚անցնէ «ի՞նչ է Սփիւռքը» հարցումը, այդ հարցադրման յղացքին հետ շաղկապելով պահանջատիրութեան, ազգապահպանութեան ու հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերջին հարիւրամեակի յարափոփոխ հոլովոյթները։

««Յանձնառու ազգային»ի կարիքը» խորագիրը կրող յօդուածով, «Հորիզոն»ի գրական յաւելուածի եւ անգլերէն-ֆրանսերէն յաւելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան կը վերլուծէ Սփիւռքի եւ Սփիւռքահայու տեղն ու դերը յետ-խորհրդային ժամանակշրջանին, այսինքն՝ վերանկախացման ժամանակներու Սփիւռքը, յատկապէս շեշտադրելով, որ այսօրուան նորահաս սերունդին նախ եւ առաջ պէտք է փոխանցել «Ազգային կրթութիւն», ճիշտ այնպէս, ինչպէս կարգ մը երկիրներու մէջ կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառուած է «Քաղաքացիական կրթութիւն» նիւթը։

«21-րդ դարու Սփիւռքահայ մամուլը իր մարտահրաւէրներով» յօդուածով «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան կը ներկայացնէ գիտարուեստով յագեցած մերօրեայ աշխարհին, տեղեկատուական հասարակութեան եւ թուայնացած համաշախարհային մշակոյթին մէջ՝  հայ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու արեւմտահայերէնի գոյութեան ու գործածութեան սպառնացող բազմաբեւեռ հարցերը։

«ՀԱՅ-Ա-Ս-տան Պատմական Հայաստան + Արցախ + Սփիւռք» խորագրեալ յօդուածով, հոգեբան Նորա Արուշեան տեսութեան կ՚ենթարկէ Սփիւռքի պատմական ժառանգութեան իմաստը, այն եզրայանգման հասնելով, որ Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպումն ու հզօրացումը երբեւիցէ հակոտնեայ չէ հայրենադարձութեան գաղափարախօսութեան, այլ՝ կը պայմանաւորէ, որ իւրաքանչիւր հայ իր մտածումներուն ու գործերուն մէջ իր ուշադրութիւնն ու կիզակէտը դարձնէ համայն հայութեան տունն ու օճախը հանդիսացող՝ Հայաստանը։

Մանկավարժ հոգեբան Նայիրի Մկրտիչեան իր յօդուածով կ՚անդրադառնայ Սփիւռքի պահպանման ու զարգացման գլխաւոր խնդիրներուն, որոնց մէջ յատկապէս կը կեդրոնանայ կրթական ոլորտէն ներս գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ հարցերու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ներուժի ճի՛շդ ուղիներու որոնման անհրաժեշտութեան մասին։

Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Գառնիկ Աւ. քհնյ. Գոյութեան «Սփիւռքը/անուն եւ երեւոյթ» իր ուսումնասիրութեամբ կ՚ուրուագծէ «Սփիւռք» հասկացութեան ժամանակագրական հոլովոյթը, թէ ե՞րբ սկսած է Սփիւռքը, ո՞ւր կ՚երթայ այսօր Սփիւռքը եւ ի՞նչ է Սփիւռքի յատկապէս անցնող դարաշրջանի կենսափորձը։

Գրքոյկի յօդուածները շուտով կը հրապարակուին «Հորիզոն»ի եւ Ազգային Առաջնորդարանի կայքէջերուն եւ համացանցային հարթակներուն վրայ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.