Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի. Հայրապետական հռչակագիր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Թեմակալ Առաջնորդներուն,

Հոգեւոր Դասուն,

Ազգային Իշխանութեանց, եւ

մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրա­վանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, Հայրապետական օրհնու­թեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, եւ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով բացուող Նոր Տարուան սե­մին կ’ըսենք՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. թող Նոր Տարին Աստու­ծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային ճշմարտու­թիւն­ներով, բարիքներով ու շնորհներով լեցուի մեր ազգին ու հայրենիքին կեանքը:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Անցնող տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր տարին Հայրապե­տական յատուկ Հռչակագրով նուիրեցինք մեր կեանքին հետ անմի­ջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն ու ընդհանրապէս կեանքին մէջ: Մեր թեմերուն ու ժողո­վուրդի զաւակներուն վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեր փորձա­ռու­թիւնը ցոյց տուին, որ անոնք եղան մեր անհատական թէ հաւա­քա­կան կեանքը նոր հորիզոններու բացող, ինչպէս նաեւ նոր մտածելա­կերպեր ու գործե­լա­կերպեր յա­ռաջացնելու ձգտող իւրայատուկ քայ­լեր: Արդ, մեկնելով այս քաջալերական երեւոյթէն, նոր բացուող 2026 տարին որոշեցինք հռչակել՝

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ

Պարագայական որոշում մը չէ սա, այլ հրամայական անհրաժեշ­տութիւն մը՝ ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին: Արդարեւ, մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ կրնայ մեզ հեռացնել մեր հոգեւոր արժէք­ներէն ու աւանդութիւն­ներէն, մեր արմատներէն ու ինքնութենէն. այլ խօսքով՝ մեր կեանքին գոյութեան աղբիւրէն, Աստուծմէ:

Պօղոս Առաքեալ, Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ.- «Անոնք որ միա՛յն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղե­կա­վարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կապրին, անոնց մտածելակերպը հո­գեւոր է»: Շարունակելով իր խօսքը, Առաքեալը կը հաստատէ՝ «Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հե­տեւին Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (Հռ 8.5-8):

Առաքեալին համար հոգեւոր կեանք կը նշանակէ հո­գեւորը նկա­տել գերիվեր նիւթականէն եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորել Աս­տուծոյ ներկայութեամբ ու զայն լեցնել երկնային արժէքներով: Չմոռ­նանք, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը ֆիզիքականէն անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է՝ Աստուծոյ պատկերով ու նմա­նու­թեամբ ստեղծուած:

Ներկայ ժամանակներուն, համաշխարհայնացած, աշխարհայնա­ցած եւ ճարտարագիտու­թեամբ տիրապետուած աշխարհին մէջ, ի տես պատերազմներով ու բռնութեամբ լեցուն ընկերութեան կեան­քին, կենսոլորտային վտանգ­ն­երուն, տնտեսական եւ այլ բազմազան տագնապներուն, դէպի հոգեւոր կեանք շարժում մը սկսած է դառնալ ակներեւ ամէ՛ն տեղ եւ բոլոր կրօններէն ներս: Ոմանք դէպի հոգեւոր հակումը կը նկատեն նիւթա­կան աշխարհին մէջ մարդոց ունեցած ձախողութեան ար­դիւնք: Ուրիշներ, զայն կը մեկնաբանեն մէկ կող­մէն, որպէս ծայրայեղ ու արմա­տական կրօնական շարժում­նե­րու արտայայտու­թիւն ու միւս կողմէն՝ տակաւ աճող բռնարարքներու եւ ահա­բեկ­չա­կան երեւոյթներու հակազդեցութիւն: Կան նաեւ ոմանք, որոնք դէպի հոգեւոր շարժում հակումը կը մեկնաբանեն որպէս երկ­նային միջամտութիւն՝ եր­կինքէն հեռացած եւ նիւթականով տի­րա­պետուած աշխար­հին մէջ: Ինչ մեկնաբանու­թիւն ալ տրուի, հոգե­ւոր կեանքին նկատմամբ հետզհե­տէ աճող ձգտում մը, հե­տա­քրքրու­թիւն մը, հոգեւոր սնունդի կարօտ մը նկատառելի է՝ փառքով, հա­ճոյքով ու նիւ­թակա­նով յղփա­ցած ներկայ աշխար­հին մէջ:

Դրական նկատուող այս երեւոյթին դիմաց նաեւ կը տես­նենք հո­գեւոր կեանքի շահագործում: Հեռատեսիլներու վրայ երբեմն ակա­նա­տես կ’ըլլանք այնպիսի տեսարաններու եւ ընկե­րային ցան­ցերու ճամբով յաճախ կը լսենք այնպիսի երեւոյթներու մասին – օրի­նակ հի­ւանդութիւններու բուժում ու տարօրի­նակ գուշակութիւն­ներ – որոնք մեծ մասամբ կեղծ են ու փաստօրէն կը հե­տապնդենշահա­դի­տական նպատակներ: Հոգեւոր արժէքները երբեմն կը շահա­գոր­ծուին բռնարարք­­ներ կազմակերպելու եւ ատելու­թիւն սերմանելու նպա­տա­կով: Միւս կողմէն, ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք հո­գեւոր կեան­քին նկատմամբ արհամարհական մօտեցում­ներու, զայն նկա­տե­լով անիմաստ ու ժա­մանակավրէպ: Յիշեալ բացասական  ու հա­կա­սա­կան երե­ւոյթները ու մօտեցումները մեզ կը մղեն ճիշդ տեղե­կութիւն, յստակ տեսակէտ եւ ուղղութիւն ունենալու հոգեւոր կեան­քի իմաս­տին, նպատակին ու մանաւանդ անոր կարեւորութեան մասին:

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ

Հոգեւոր կեանքը աշխարհի բոլոր կրօններու կենցաղակերպին, մտա­­ծելակերպին ու գործելակերպին էական մասը կը կազմէ: Այս ծիրէն ներս հասարակաց երեւոյթներու կողքին, կրօններու մօտ կան նաեւ տար­բեր մօտե­ցում­ներ: Միաստուածեան երեք կրօննե­րուն՝ հրէու­­­­թեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան մօտ նմանու­թիւն­նե­րը տի­րական են, բայց նաեւ շեշտաւորումի ու արտայայ­տու­թեան տար­բե­րութիւններ գոյութիւն ունին: Հրէութեան մօտ հոգեւոր կեան­քը կ՚ար­տայայտուի Թովրայի նկատմամբ հաւատարմութեան ու ա­ւան­դու­թիւն­ներու տառացի պահպանման մէջ, իսկ Իսլամութեան մօտ Քու­րանի եւ Հատիս Նապաուի ուսուցումներուն անթերի գոր­ծադ­րու­թեան մէջ: Արե­ւել­եան կրօն­­ներ՝ պուտիզմը, հինտուիզմը, Ճի­նիզմը ու Սիխիզմը, հետե­ւելով իրենց հիմնադիրներու կեանքին ու մտածո­ղութեան, կը շեշ­տեն բա­րոյական սկզբունքներուն կիրառումը եւ միստիկ ա­ւան­­դու­թիւն­նե­րով – խոկում, եոկա, խիստ ծոմապահու­թիւն, ինքնազրկում, եւայլն – յատկա­նշուող վանական դրութիւնը: Ափրիկ­եան կրօն­ներ հոգեւոր կեանքը կ’ար­տայայ­տեն երգի, պարի կամ մշա­կու­թի այլ ճիւղերու ճամբով:

Աշխարհի կրօններու շար­քին քրիստոնէութիւնը իր ողջ պատմու­թեան ըն­թաց­­քին իրեն յատուկ ուսուցումներու, սրբազան արժէքնե­րու ու բարո­յական սկզբունք­ներու շարքին նաեւ ներառած է այլ կրօններէն հոգեւոր կեանքի հետ աղերս ունեցող որոշ կեր­պեր ու ա­ւան­դութիւններ, անոնց տալով քրիս­տո­նէական իմաստ, ինքնու­թիւն ու նկարագիր: Երեւոյթ մը, որ այն­քան տիրական է մեր ժո­ղո­վուրդի պատմութեան մէջ, մասնաւորա­բար հեթանոսութենէն քրիս­տոնէու­թիւն դարձի ժա­մանակաշրջանին:

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ

Աստուածաշունչը կը պարունակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը՝ գրի առնուած Սուրբ Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ: Հետե­ւաբար, Աստուածաշունչը աստուածային ճշմարտութիւններու, սկզբունք­նե­րու, արժէքներու, պատուիրան­ներու եւ ուսուցումներու  ամ­բող­­ջու­թիւն մըն է: Հին Կտակարանը կը շեշտէ մար­դուն մեղանչումը եւ մարգարէներու թելադ­րու­թիւնը ու յիշեցումը՝ վերադառ­նալու Աստուծոյ, մարդուն մէջ վերականգնելու Աստուծոյ անկեալ պատկերը ու նմանութիւնը: Նոր Կտա­կարանը Աս­­տու­ծոյ Որդւոյն մարդեղու­թեամբ ու առաքելութեամբ իրա­գործո­ւած կոչ մըն է մար­դուն՝ ապ­րելու Քրիս­տոսով տրուած «լեցուն կեան­քը» (Յհ 10.10), հետեւելու երկ­­նային արժէքներու եւ ընթանալու փրկութեան ճա­նա­պար­հէն: Արդ, Աստուածաշունչին համաձայն, հո­գեւոր կեանքը մարդուն վե­րադարձն է իր երկնաւոր հօր՝ Աստուծոյ, ան Աստու­ծոյ ներկա­յու­թիւնն է մարդու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւիլ է՝ երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէք­ներու կենսագոր­ծումով:

Հոգեւոր կեանքը զանազան կերպերով ու աւանդութիւններով կ՚ար­­­­­­­­տայայտուի եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Քրիստոնէութեան եզա­­­կի երեւոյթներէն մէկը հաւատքի ու մշակոյթի միախառնումն է. այլ խօսքով՝ հաւատքը ինքզինք կ՚արտայայտէ տուեալ մշակոյթի ճամ­բով եւ մշակոյթը քրիստոնէական նկարագիր կը ստանայ հա­ւատքի ազդու ներկայութեամբ: Այս իրողութիւնը ո՛չ միայն մեր եկեղեցւոյ, այլ բոլոր եկեղեցիներուն առնչուած յատկանշական երեւոյթ մըն է: Ահա թէ ինչու, նկատի ունենալով ազգերու մշակոյթներուն տարբե­րութիւնը, հո­գեւոր կեանքը տարբեր արտայայտութիւն ու շեշտաւո­րում ունեցած է քրիստոնէական աշխարհին մէջ: Հին դա­րերէն սկս­եալ Աստուածաշնչական ուսուցումներուն ու մշակոյթի կողքին նաեւ խորհրդապաշտութիւնը, դի­ցաբանութիւնը եւ բնազանցութիւնը իրենց որոշակի ազդեցու­թիւնը ու­նե­ցած են ընդհանրապէս քրիստո­նէական կեանքին ու մտածողութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքի զանա­զան երեսներուն ու յատկապէս վանա­կա­նու­թեան վրայ:

Ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ ընդհանրապէս շեշտը դրուած է ծիսական ու վանական կեանքին վրայ: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մօտ վա­նական կեանքին առընթեր՝ աստուածաբանական մտածո­ղու­թեան վրայ: Բողոքական եկեղեցիներու մօտ Աստուածաշունչը կեդ­րոնա­կան ներկայութիւն եղած է, որպէս հոգեւոր կեանքի աղբիւր: Ափրիկեան եկեղեցիներ, ինչպէս մատնանշեցինք, կը շեշտեն արուեստ­ներու ու յատկապէս երաժշտութեան ու պարի կարեւո­րու­թիւնը, որպէս հո­գեւոր ապրումներու հարազատ արտայայտութիւն: Ասիական եկե­ղեցիները, որ­պէս փոքրամասնութիւն շրջապատուած ըլլալով այլ կրօն­ներով, կրած են անոնց մտածելակերպին ու կեն­ցա­ղակերպին զօրեղ ազդեցութիւնը: Իսկ Ամերիկայի ափրիկեան ծա­գում ունեցող Աւետարանական եկեղեցիները ա­ռա­ւելաբար ցուցական երե­­ւոյթ­ներու կարեւորութիւն կու տան, ազդուե­լով  ափրիկ­եան մշակութա­յին աւանդու­թիւն­ներէն: Հետեւաբար, հո­գեւոր կեան­քը այսօր տար­­բեր կերպերով ու շեշ­տաւորումներով կը ներ­կայանայ մեզի քրիստո­նէական աշխարհին մէջ: Բնականա­բար, այս բոլորին հիմքը ու հէնքը երկնային արժէքներու հաւատարմութեամբ՝ Աստու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը ապրիլ է երկ­րա­ւոր կեանքին մէջ:

Այս ծիրէն ներս, Արեւմտեան քրիստոնէական աշխարհին մէջ եր­կու երեւոյթներ կը մնան մտահոգիչ եւ ո՛չ ընդունելի.- Առաջին, քրիս­տոնէութեան աւանդական արժէքներէն ու աստուածաբա­նա­կան ու­սու­ցումներէն հետզհետէ հեռացումը եւ արեւելեան կրօն­նե­րու աւան­դութիւն­ներու ու կերպե­րու որդեգրումը: Երկրորդ, «հաւա­տա­լը», որ­պէս ան­հատական ապ­րում, եւ մկրտութեամբ եկե­ղեց­ւոյ «պատկանիլը» իրար­­մէ անջատելը՝ առաջնահերթութիւն տա­լով առա­ջինին եւ փաստօրէն անտեսելով երկրորդը: Յիշ­եալ զար­գա­­ցում­ներուն նկատ­­մամբ եկեղեցիները խիստ վերա­բերում ցոյց տուած են:

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հպանցիկ ակնարկ մը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան կը պարզէ հե­տեւեալ պատկերը.-

Ծէսի ճամբով առաւելաբար արտայայտուած է հոգեւոր կեանքը հայ եկեղեցւոյ մէջ: Հին դարերէն սկսեալ ծէսը կեդրոնական ներկա­յու­թիւն դարձած է հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողու­թեան զարգացման, դա­ւանաբանական տեսակէտներու բանաձեւ­ման, ինչպէս նա­եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կազմաւոր­ման մէջ: Երեւոյթ մը, որ ընդ­հանրական կարելի է նկատել յատկա­պէս ուղղափառ եկե­ղեցիներու մօտ: Ար­դարեւ, ժամերգութիւններու, խորհրդակատարութիւններու, սրբոց տօնակատարութիւններու եւ եկե­­ղեցական աւան­­դութիւն­նե­րուն աղ­բիւրը եղած է ծիսական կեան­քը՝ բնակա­նա­բար առանցք ունենալով սուրբ եւ անմահ պատարագը:

Վանական կեանքը եւս անմիջականօրէն առնչուած ըլլալով ծէ­սին, եղած է հոգեւոր կեանքի կարեւոր շրջագիծը: Հեռու առօրեայ կեան­քէն, եւ եկեղեցւոյ ծէսին ամբողջական ու հարազատ կա­տա­րու­մով, ինչպէս նաեւ խստակրօն կենցաղակերպով յատկանշուող վա­նական կեան­քը դարձած է հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս ուղղափառ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մօտ, հոգեւոր կեանքին ամենէն ցայտուն ու համապար­փակ արտա­յայտիչը: Այսօր, դժբախտաբար, մեր եկե­ղեց­ւոյ կեանքէն ներս պայ­մաններու պարտադրանքով վանական կեան­քը փաստօրէն նահան­ջած է: Վանական կեանքի, վերականգ­նումը հարկ է որ կարեւոր տեղ գրաւէ հայ եկե­ղեցւոյ բարեկար­գու­թեան օրակարգին վրայ:

Մշակոյթը դարձած է մեր բարոյական, ծիսական, աստուածա­բա­նական, դաւանական եւ ընդհանրապէս հոգեւոր արժէքներու զար­գացման ու արտայայտման էական միջոց: Կարելի չէ հոգեւոր կեան­քը իր բոլոր տա­րածք­ներով անջատել հայ մշակոյթէն, եւ՝ փոխադար­ձա­բար:

Ինչպէս բոլոր եկեղեցիներու պարագային, նաեւ հայ եկեղեցւոյ մէջ պատմութեան ընթացքին հոգեւոր կեանքը ենթակայ դարձած է մի­ջա­վայրի ազդեցութիւններուն: Մերձաւոր Արե­ւել­քէն ներս մեր եկե­­ղե­ցին, մնայուն կապեր ունենալով ասորական, յունական եւ լատի­­նական հոգեւոր արժէքներուն ու աւանդութիւն­նե­րուն հետ, որոշ տար­րեր առած է անոնցմէ, զանոնք հայացուցած ու միա­խառնած իր աւանդութիւններուն: Արեւմուտքի մէջ եւս մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կեան­քը միշտ ենթակայ եղած է իր շրջապատի ազդեցութիւններուն: Սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ հայ եկեղեցւոյ հո­գեւոր կեանքի ինք­նարտայայտութեան կեր­­պերը եւ շեշ­տա­ւորումները ժա­մա­նակի ըն­թացքին որոշ փոփո­խու­թիւն կրած են, մեր հոգեւոր կեան­քը կրցած է պահել իր իւրայատուկ ինքնութիւնը՝ Աստուածաշունչը, մեր հայրապետ­ներու հոգեւոր գրականութիւնը, մեր սուրբերուն վար­քը եւ դարերու փորձառութիւնը ունենալով ներ­շնչման աղբիւր եւ ուղեցոյց:

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՍՕՐ

Այսօր, պայմաններու բերումով մեր ժողովուր­դին մօտ հոգեւոր կեանքը չի ներկայացներ նոյն կենսունակ վիճակը ու հարազատ պատկերը՝ յարաբե­րա­բար անցեալին: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է հետեւեալ մատ­նա­նշում­ները կատարել.-

Առաջին, մեր եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոնԲնա­­կա­նաբար, ուղղափառ եկեղեցիներու նման հայ եկեղեցին եւս կը շա­րունակէ առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ ծիսական կեանքին՝ նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը հոգեւոր կեանքի զար­գաց­ման մէջ: Հե­տեւաբար, մեկնելով այս իրողութենէն, հրամայական եւ անյետաձգե­լի կը համարենք ծիսական կեանքի բարեփոխումը՝ ներկայ պայ­ման­ներու ու պահանջներու պատշաճեցումով,  աւան­դու­թիւն­նե­րու ու տօ­նախմբութիւններու ճոխացու­մով եւ ժողովուրդին գոր­­ծօն մաս­նակ­­ցու­­թեամբ:

Երկրորդ, դարձեալ պայմաններու բերումով, պատմութեան ըն­թացքին հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան եւ ծառայութեան մէջ ազ­գա­յինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին: Մասնա­ւո­րաբար ցե­­ղաս­պանութենէն յետոյ սփիւռքահայ կեանքէն ներս, հա­յա­պահ­պա­նման մտահոգութենէն մղուած, եկեղեցին առաւելա­բար շեշ­տած է իր ազգային դերակատարութիւնը: Առանց անտեսելու ազգային արժէք­նե­րու կարեւորու­թիւնը, անհրաժեշտ է որ եկեղե­ցին յա­տուկ նախաձեռ­­նութիւններու դիմելով շեշտէ հոգեւոր արժէք­նե­րու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեան­քէն ներս՝ որ­պէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակու­թային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:

Երրորդ, իրապաշտ մօտեցումը այսօր ցոյց կու տայ, թէ մեր կրօ­նական շրջանակներէն ներս հո­գե­ւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդ­հան­րա­պէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէ ներս՝ լու­սանց­քային: Ճի՛շդ է, յատկապէս տօնական օրե­րուն մեր եկեղե­ցի­ները լե­ցուն են հաւատացեալներով: Ճի՛շդ է, մեր գաղութներուն մէջ կը գոր­ծեն հոգեւոր եղ­բայ­րակ­ցու­թիւններ: Նաեւ ճի՛շդ է, Մեծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կաթողիկո­սու­թիւնը ու իր թեմերը յա­տուկ կարեւո­րութիւն կ’ըն­ծայեն հոգեւոր կեան­քի աճման՝ սուրբ գրոց սերտողու­թիւններու, հո­գեւոր լսարան­ներու, սրբոց տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րու, քրիստոնէա­կան դաստիարա­կու­թեան կազմակերպումով ու ծաւա­լու­մով, ինչպէս նա­եւ ծի­սա­կան կեանքին մեր հաւատացեալներուն հետզհե­տէ աճող մաս­նակ­ցութեամբ: Սակայն, հոգեւոր արժէքներու ներթա­փան­ցումը մեր ան­հա­­տական, ընտանեկան ու հաւաքա­կան կեանքէն ներս տա­կաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նախաձեռնութիւններու ու հետեւողական աշխատանք­ներու: Ինչպէ՞ս…:

Այս հարցադրումին անդրադառնալէ առաջ, անհրաժեշտ կը նկա­տենք նախ ­ընդհանուր ակնարկ մը նետել հոգեւոր կեանքի յատ­կա­նշական երեսներուն:

Ի՞ՆՉ Է ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ

Հոգեւոր կեանքի ճշգրիտ հասկացողութեան համար հրամայա­կան է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.-

– Հոգեւոր կեանքը այնպիսի կեանքի որակ է, որուն առանցքը Քրիս­տոս ինքն է՝ իր ուսուցումները, հրաշքներէն եկող պատ­­­գամները, իր խաչն ու յարութիւնը: Այլ խօսքով, Աստուծոյ Որդւոյն մար­­դե­ղութեան խորհուրդն ու փրկագործական նպատակը՝  շաղախո­ւած մարդու կեանքին, մտածումին ու գոր­ծին հետ: Պօղոս Առաքեալ կը հաստատէ՝ «Ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ կ’ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ’ապրիմ մարմնով, կ’ապրիմ հաւատա­լով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց ինծի հա­մար»: (Գղ 2.20): Ահա հոգեւոր կեանքի հիմքը:

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգիով ներ­շնչուած կեանքի ընթացք մըն է, մարդու կեան­քին իմաստ ու արժէք տուող հաւատքի մնա­յուն փնտռտուք մը: «Փոր­ձեցէ՛ք դուք ձեզ, Քրիստո­սի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անու­նը կը կրէք» (Բ.Կր 13.5)՝ հարց կու տայ Առաքեալը:

– Հոգեւոր կեանքը Աստուծոյ շնորհքով փրկութեան հրաւիրուած ըլ­լալու կեանք է, եւ փրկութեան ճանապարհէն հաւատքով ու հաւա­տարմութեամբ քալելու յանձնառութիւն է՝ միշտ զգոյշ ըլլալով չհեռա­նալու փրկութեան ճամբէն՝ ինչպէս կը յիշեցնէ Առաքեալը (Եբր 2.1):

– Հոգեւոր կեանքը ինքնակեդրոն կեանք չէ՝ հեռու աշխարհի իրա­կանութիւններէն: Ան աշխարհի ժխորին մէջ երկնային արժէքներով ապրուած հաւատքի, սիրոյ ու զոհո­ղու­թեան կեանք է.«Աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անա­րատ պահելն է»՝ կ՚ըսէ Առաք­եալը (Յկ 1.27):

– Հոգեւոր կեանքը ինքնանպատակ կեանք չէ. քրիստոնեան իր կեանքը չ’ապրիր սոսկ իր անձին համար, այլ գերազանցօրէն՝ երկրի վրայ երկնային ճշմարտութիւններու կենսագործ­ման, Աս­տու­ծոյ փառ­քին ու թա­գաւո­րութեան համար:

– Հոգեւոր կեանքը էապէս աղօթքի կեանք է: Աստուած-մարդ յա­րաբերութիւնը հիմքը կը կազմէ հոգեւոր կեան­քին: Քրիստոս աղօթ­քին առանցքային կարեւորութիւնը շեշտեց եւ նոյնիսկ իր աշա­կերտ­ներուն սորվեցուց ինչպէս աղօթել (Մտ 6.5-14, Ղկ 11.1-13):

– Հոգեւոր կեանքը հաւատքով թրծուած ու յոյսով զօրացած կեանք է: Արդարեւ, իր երկրաւոր կեանքը Քրիստոսի նկատ­մամբ իր ունե­ցած հաւատքով ու յոյսով հզօրացուցած Պօղոս Առաքեալ կը վկայէ՝ «Ամէն տե­սակ նեղու­թիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագ­նապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպա­կաս են, բայց լքուած չենք. յա­ճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք»(Բ.Կր 4.8-9): Այլ նա­մակի մը մէջ ան կ’ըսէ՝ «Նեղու­թիւն­­ները մեզի համ­­բե­րու­թիւն կու տան, համբերութիւնը տոկունու­թիւն, տոկունու­թիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.3-4):

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ զինուած պայքարի կեանք է. պայքար՝ աշխարհի ապականութիւններուն ու մեղքերուն, չարիքներուն ու չարերուն դէմ: Պայքար չարի դէմ՝ չարին բարիով յաղ­­թելու հաւատքով ու կամքով կռանուած (Հռ 12.21): Առաքեալը կը յի­շեցնէ. «Աշխարհին հետ բարեկա­մու­­թիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամու­թիւն ընել կը նշանակէ» (Յկ 4.4):

– Հոգեւոր կեանքը Քրիստոսի օրինակով ուրիշին օգտակար ըլլալ է, աղքատին, կարօտեալին, հիւանդին ծառայել է՝ անհուն սիրով ու նուիրումով: «Հօր Աստուծոյ համար անկեղծ եւ իսկա­կան բարեպաշ­տութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրի­ներուն այցելու եւ օգնական ըլլալն է» կ՚ըսէ Առաքեալը (Յկ 1.27):

– Հոգեւոր կեանքը ո՛չ միայն երկնային ճշմարտութիւններով ապրուած կեանք է. այլ՝ զա­նոնք իր կեանքի օրինակով վկայող, ար­տայայտող ու տարածող առաքելութիւն է: Արդարեւ, իր կեանքը ա­ռա­քելութեան վերածած Պօղոս Առաքեալի վկայութեամբ՝ «Աստու­ծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամ­բողջ եկե­­ղե­ցիին շինութիւն կը բերէ» (Ա.Կր 14.4):

– Հոգեւոր կեանքը անմնացորդ սիրոյ բաշխում է հոն՝ ուր սէրը բացակայ է, հոն՝ ուր ատելութիւն ու չարիք սերմանուած են: Հոգեւոր կեանքը սի­րել է մեզ ատողը ու հալածողը: Լսենք Առաքեալին պատ­ուէրը.- «Իրա­­րու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրա­րու… ինչպէս Աստ­ուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներե­ցէք» (Կղ 3.13):

– Հոգեւոր կեանքը հեռու մնալ է հաճոյքով, փառքով եւ նիւ­թական առաւելութիւններով յղփացած կեանքէն ու Քրիստոսի ետեւէն քալել է՝ սիրոյ, խոնարհութեան ու ծառայութեան խորհրդանիշ խաչը մեր ուսին, ինչպէս Քրիստոս թելադրեց (Մտ 16.24):

– Հոգեւոր կեանքը դաւանական տեսակէտերէ ու աստուածա­բանա­կան ուսուցումներէ հեռու, երբեմն նոյնիսկ զանոնք անտեսող մօտեցումներով յատկանշուող կեանքի ընթացք չէ. այլ եկեղեցւոյ ինք­­­նութեան ու համայնական կեանքին նկատմամբ հաւա­տար­մութեամբ ընդելուզուած կեանք է:

– Հոգեւոր կեանքը եկեղեցիէն անջատուած անձնակեդրոն կեանք չէ. հոգեւոր ու բարոյական ար­­ժէք­ները եկեղեցիէն դուրս ապրելու իւրայատուկ եղանակ մը չէ. այլ՝ եկեղեցւոյ համայ­նական կեանքի շրջագծէն ներս, հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:

– Հոգեւոր կեանքը Սուրբ Հոգւոյ ներգործող ներկայութեամբ շա­ղախո­ւած համբերութեան ու խոնարհութեան կեանք է: Իր կեան­քին օրի­նակով Պօղոս Առաք­եալ կը պատուիրէ համբերութեամբ ու խո­նար­հութեամբ յանձն առնել նեղութիւնը, վիշտը ու չարչարանքը (Բ.Կր 6.4-6), եւ ապա կ’աւելցնէ՝ «Մի այլայլիք՝ ոչ փառքէն եւ ո՛չ անար­­գան­քէն, ո՛չ գովա­սան­քէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն» (Բ.Կր 6.8):

– Հոգեւոր կեանք ապրիլ չի նշա­նակեր աշխարհէն հեռանալ, այլ՝ հոգեւորը նկատելով գերիվեր քան նիւթականը, պայքարիլ է նոր ժա­մանակներու կռապաշտութեան ու հեթանոսութեան չաստուած­նե­րուն դէմ, որոնք տեսանելի ու ան­տեսանելի կերպերով մեզ կը շրջա­պա­տեն:

– Հոգեւոր կեանքը, հաւատացեալի եւ հոգեւորի միջեւ տարբե­րու­թիւն տեսնող կեանք չէ, առաջինը նկատելով՝ եկեղեց­ւոյ դաւանան­քին ու աւանդութիւններուն հետեւող, երկրորդը՝ իր հոգե­ւոր կեանքը ի՛նք ստեղծող: Նման ան­ջա­տում ճի՛շդ չէ: Միւս կողմէ, եկեղեցւոյ պատկանիլը բնական ըն­թաց­քով հո­գեւոր չի դարձներ ենթական: Հո­գեւոր կեանքը, ինչպէս ըսինք՝ եկեղեցւոյ հաւաքա­կան կեան­քին մէջ հոգեւոր արժէք­ներու շեշտաւորումով ապրուած կեանք է:

Արդ, որքա՜ն դժուար է հոգեւոր կեանք ապրիլը, չարով ու մեղքով լեցուն աշխարհին մէջ: Սակայն, մկրտութեամբ Քրիստոսին հետեւե­լու ուխտը կատարած քրիստոնեան կեանքի բոլոր պայմաննե­րուն մէջ կոչուած է Քրիստոսը ապրիլ: Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ քրիս­տոնեայ մար­դուն կեանքը:

Հարկ է զգոյշ ըլլալ հոգեւոր կեանքի սխալ ըմբռնումներէն ու ար­տայայտութիւններէն: Հաւատքի ու բանականութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ծէ­սին ու աւանդութիւն­ներուն ներդաշնակ յարաբերու­թիւ­նը հարկ է յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ հոգեւոր կեան­քին մէջ, այլապէս ան կրնայ հեռացնել ենթական Աստուածաշունչի ու դաւանանքի ուղղա­փառ հասկացողութենէն, եւ առաջնորդել ո՛չ-քրիստոնէական տա­րածքներ: Հարկ է նաեւ հեռու մնալ հո­գե­ւոր կեան­քի չափազան­ցուած ցուցա­կան արտայայտու­թիւն­ներէն՝ մոռնա­լով էականը եւ սոսկ արտաքին ձեւը նկատելով կա­րեւոր: Միշտ յիշենք Փարիսեցիին եւ Սադու­կեցիին առա­կը (Ղկ 18.9-14):

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընդհանուր ակնարկով պարզելէ յետոյ հոգեւոր կեանքին յատ­կանշա­կան երեսները, այժմ դարձեալ ամփոփ գծերով կ’ուզենք կա­տարել հետեւեալ հայրական թելադրութիւնները, թէ ինչպէս կարելի է հո­գեւոր կեանք ապրիլ, հոգեւոր կեանքին մէջ աճիլ՝ մեր կեանքը հո­գեւոր արժէքներով հարստացնելով ու իմաստաւորելով.-

1) Առաջին հերթին, Աստուածաշունչը անանջատելի մասը պէտք է կազմէ մեր կեանքին: Աստուածաշունչը սովորական գիրք չէ, ինչ­պէս ըսինք: Քրիս­տո­նէական կեանքի ճշմարտութիւնները, սկզբունք­ները եւ արժէքները յստակօ­րէն պարզուած են հոն: Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ծանօ­թութիւնը էա­կան է. անոր առօրեայ ընթերցու­­մը պէտք է դառնայ մեր կեանքի բնա­կան մասը: Սակայն, ընթեր­ցումէն ու ծանօթութենէն ան­դին՝ հրա­մայական է ապրիլ Աստուա­ծաշունչի պատ­գամը, զայն դարձնե­լով ուղեցոյցը մեր մտածումնե­րուն, գործերուն ու ապրելակերպին:

2) Աստուածաշունչին առընթեր, հոգեւոր գրականութեան ընթեր­ցումը եւ Աստուածաշունչին առնչուած մեկնաբանութիւններուն իրա­­զեկ դառնալը կը նկատենք անհրաժեշտ, պայմանաւ որ անոնք պա­րա­գայական հրատարակութիւններ չըլլան, այլ պատրաստուած ըլ­լան գիտակ հեղինակներու կողմէ եւ ունենան եկեղեցւոյ հեղինակու­թեան համաձայնութիւնը:

3) Թեմերուն կողմէ հոգեւոր նիւթերու շուրջ  դասախօսութիւն­նե­րու ու սեմինարներուկազմակերպումը եւ մեր ժողովուրդի զա­ւակ­ներուն հե­տեւողական մասնակցութիւնը կարեւոր են, որպէսզի հո­գեւոր արժէքներու ծանօթութիւնը դառնայ աւելի ամբողջա­կան ու վա­ւերական:

4) Սուրբ եւ անմահ պատարագի եւ ընդհանրապէս եկեղեցական արարողութիւններու ու խորհուրդներու իմաստին ու նպատակին պար­զաբանումը ու ժողովուրդին փոխանցումը դարձեալ հրա­մա­յա­կան է, որ­պէսզի հաւատացեալները կարենան մօտէն հա­ղորդ դառ­նալ մեր ծիսական կեանքին մէջ պարզուած ճշմարտութիւն­նե­րուն, ուսուցումնե­րուն, սկզբունք­­ներուն եւ արժէք­նե­րուն:

5) Եկեղեցւոյ սուրբերուն տօնախմբութիւնը եւ աւանդութիւններու վերակենսաւորումը, եւ այդ ծիրէն ներս ծոմապահութեան վերաշեշ­տումը ազդու միջոցներ են մեր հաւատացեալներուն համար՝ հո­գեւոր արժէքներով սնուցանելու իրենց կեանքը:

6) Նիկիական հանգանակի – ուր պարզուած են եկեղեցւոյ դաւա­նան­քին հիմնական սկզբունքները – ճշգրիտ ծանօթացումը, ինչպէս նաեւ զղջումի – ուր նկարագրուած են մարդկային մեղքերը եւ ա­նոնց­­մէ Քրիստոնեայ մարդուն հրաժարումը – յաճախակի ընթեր­ցու­մը առ ի յիշեցում, կը նկատենք էական:

7) Թելադրելի է, որ մեր հաւատացեալները ժողովուրդին մատչե-լի ժամագիրքերու – ուր կարելի է գտնել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ Աւագ Շաբթուան, ժամերգու­թիւն­ներու ու խորհուրդներու բարե­փոխ­ուած եւ արեւմտահայերէնի թարգմանուած բնագրերը – ճամբով մօ­տէն հետեւին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:

8) Ծխային եկեղեցիներու կողմէ կատարուող մարդասիրական ու հովուական ծառայութիւններուվերակազմակերպումը եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան սերտացումը ու ծաւալումը՝ կենսական գործօն­ներ են հայ կեան­քէն ներս հոգեւոր արժէքներու առաւել ար­մատացման:

9) Մեր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող հոգեւոր եղբայ­րակցու­թիւն­ներուն գործունէութեան քաջալերանքը, եւ անհրա­ժեշ­­տու­թեան պարագային նման շարժումներ ստեղծելը կը նկա­տենք կարեւոր:

10) Սուրբ եւ անմահ պատարագին իմաստը ու նպատակը հաղոր­դու­թիւնն է Քրիստոսի մարմնին ու արեան: Մեծապէս գնահատելի է ամէն Կիրակի հաւատացեալներու հաղորդութիւն առնելու հետզհե­տէ աճող երե­ւոյթը: Հարկ է որ շարունակուի մեր հոգեւոր կեանքը սնուցանող այս ընթացքը:

11) Բարեսիրական աշխատանքներուն եւ ընկերային ծառայու­թեան լծուած կեդրոններու, ինչպէս նաեւ կարիքաւորներուն մա­տուց­­ուած օժանդա­կութիւնը հոգեւոր կեանքի հարազատ արտայայտու­թիւն­ներէն մէկն է:

12) Մեծապէս թելադրելի է, որ մեր ծխային եկեղեցիները բաց մնան հաւատացեալներուն առջեւ, որպէսզի անոնք կարենան որեւէ ժամա­նակ այցելել Աստուծոյ տունը եւ առանձնական աղօթքի ճամ­բով ապ­րիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ:

Տակաւին կարելի է մատնանշել այլ երեւոյթներ ու քայլեր, որոնք կրնան աւելի ամրապնդել հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը:

Սիրելի՛ հայորդիներ, ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը մեր նախա­սիր­ած միջոցներու շեշտաւո­րումով, սակայն առանց հեռու մնա­­­­լու մեր եկեղեցիէն, աստուա­ծաշունչի ուսուցումներէն, մեր եկեղեցւոյ դա­ւանա­նքէն, ուսուցում­ներէն, աւանդութիւն­ներէն եւ առաքե­լութենէն: Ապրինք մեր հոգեւոր կեանքը հեռու մնալով ցուցական երեւոյթներէ եւ որպէս սիրոյ գերա­գոյն արտայայտութիւն ծառայելով ու օգնութեան ձեռք երկարելով մեր ազգի ու հայրենիքի կարիքներուն:

Մեր սպասումն է, որ մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններու, Կրօ­­­­նական Ժողովներու ու հոգեւորականներու ծրագրուած ու հե­տե­ւողական աշխատանքով, մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր կեանքը աւելի աճի ու ծաղկի՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառու­թեան ու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման:

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով,

Աղօ­թա­րար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Յունուար, 2026

Ան­թիլ­ի­ասԼի­բա­նան