«Հորիզոն»ը ե՛ւ գիր ե՛ւ կեցուածք
ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Արեւմտեան Հայաստանի շունչն ու բոյրը վերապրեցնող սուրիահայ համայնքի վեցամեայ արհաւիրքի օրերուն, հայրենի թէ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները թիկունք կանգնեցան մեզի: Իւրաքանչիւրը իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ջանք չխնայեց նեցուկ դառնալու, ոմանք նիւթական կարողութիւններով, ոմանք յարաբերական աշխատանքով, ոմանք փրկարար դերակատարութեամբ եւ ոմանք` գրիչով:
Վերջին տասնամեակներուն համացանցի աշխարհին մէջ արձանագրուած հաղորդակցական նուաճումներուն շնորհիւ, հայկական թերթերը աշխարհացրիւ հայութիւնը կամրջելու կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան: Յարգանքի արժանի շարք մը լրատուամիջոցներ, իրենց պարկեշտ կեցուածքներով, ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարով, ճշմարիտ լուրերու, հաղորդումներու ու տեղեկութիւններու տարածման աշխատանքով եւ սուրիահայութեան շահերը պաշտպանող դիրքերէն հանդէս գալու բծախնդրութեամբ` Սուրիոյ պատերազմին մեծապէս օգտակար դարձան սուրիահայութեան:
Երախտագիտութեան արժանի այդ թերթերէն է` Հ.Յ.Դ. Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «ՀՈՐԻԶՈՆ»ը:
«Հորիզոն»ը Հալէպի եւ հալէպահայութեան վերաբերող իր յօդուածներով, լուրերով, հաւասարակշռուած քաղաքական վերլուծումներով օրինակ հանդիսացաւ ընդհանրապէս մամուլի եւ հայ մամուլի մասնաւորապէս` սփիւռքի մէջ ստանձնած առաքելութեան լաւագոյն ձեւով դրսեւորման:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»ը հետաքրքրուեցաւ ոչ միայն Հալէպով եւ հալէպահայութեամբ, այլեւ Սուրիոյ հայաշատ տարբեր նահանգներու եւ քաղաքներու հայութեամբ, բայց մասնաւորապէս Քեսապով եւ Տէր Զօրով:
Սուրիահայութեան վերաբերող գրութիւնները մնայուն ներկայութիւն էին անոր էջերուն վրայ: Շնորհիւ «ՀՈՐԻԶՈՆ»ի որդեգրած պարկեշտ մամուլի սկզբունքներուն` ճշմարտացիութեան, առարկայականութեան, անաչառութեան, ան «Գանձասար»ի կողքին դարձաւ Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան մասին ստոյգ տեղեկութիւններու ամբարը: Յանուն արդարութեան ան պայքարեցաւ Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան վերաբերեալ ուղղամիտ, անկողմնակալ, հայկական շահերէ մեկնող լուրերու փոխարէն` իրականութիւնները խեղաթիւրել փորձող գրութիւններուն դէմ:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»ը գրեց Հալէպի հայկական, ազգային, միութենական, կրթական ու մշակութային կեանքին մասին, անդրադարձաւ հայութեան կենցաղային դժուարութիւններուն, գրեց հայ զոհերուն ու նահատակներուն մասին, անդրադարձաւ քաղաքական կեանքին եւ հայութեան հասած օժանդակութիւններուն: Աւետեց Հալէպի անկախութիւնն ու անվտանգութեան վերահաստատումը եւ հալէպահայութեան յոյս ներշնչող տողեր խմբագրեց:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»ի արդարամիտ կեցուածքը բնականաբար աննկատ չմնաց Թուրքիոյ կողմէ: Հալէպի մէջ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ` խաղաղ բնակչութեան դէմ մղուած դաժան գործողութիւններու էութիւնը քօղազերծուիլը` Քանատայի մէջ հրատարակուող հայավայել թերթի մը կողմէ, մարսելի չէր Թուրքիոյ համար եւ թրքական հարուածը չուշացաւ` «ՀՈՐԻԶՈՆ»ը կայքահան եղաւ:
Սակայն ինչ փոյթ, արդարութեան ձայնը կարելի չէ խեղդել, «ՀՈՐԻԶՈՆ»ին ձայնը շարունակեց լսելի դառնալ ողջ աշխարհին…
Սուրիահայութիւնը ընդմիշտ պիտի յիշէ «ՀՈՐԻԶՈՆ»ի պատուաբեր կեցուածքը իր ապրած տագնապին եւ ամէն անգամ, որ սերունդներուն պիտի բացատրէ մամուլի ճամբով հայրենակիցին ձեռք երկարելու միջոցներուն մասին` «ՀՈՐԻԶՈՆ»ը օրինակ պիտի վերցնէ:
Ձեր վարձքը կատար սիրելի խմբագիր եւ աշխատակիցներ, թող «ՀՈՐԻԶՈՆ»ի հորիզոնը մնայ պայծառատես ու արդար, ձեր խմբագրած էջերուն ընդմէջէն ե՛ւ գիր, ե՛ւ կեցուածք կը կարդանք: