ՀՅ Դաշնակցութեան Դերը 1926-1930 Արարատի Քրտական Ապստամբութեան Մէջ

Թուրքիոյ մէջ 20-րդ դարուն տեղի ունեցած քրտական ապստամբութիւններէն կը տարբերի 1930-ի Արարատի յեղափոխութիւնը: Այս ըմբոստութիւնը իր բնոյթին մէջ տարբեր էր 1921-ի Քոչկիրիի եւ 1925-ի շէյխ Սայիտի ապստամբութիւններէն: Տարբեր էր, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով քրտական ազատագրական պայքարին մէջ իբրեւ գաղափարախօսութիւն` տեղ կը գտնէր անկախութեան գաղափարը եւ ինքնավար ու ազատ պետութիւն կերտելու ձգտումը:

Արարատի 1926-1930 ապստամբութիւնը քիւրտ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի այն կարեւոր հանգրուանն էր, երբ տեղի ունեցաւ արմատական յեղաբեկում անոր ինքնագիտակցութեան մէջ: Համաքրտական ազգային կուսակցութեան` Հոյբունի ձեւաւորումը քիւրտ ժողովուրդի պայքարին ներարկեց քաղաքական յստակ նպատակներ ու գաղափարական նոր ուղեցոյցներ:

Այս ապստամբութեան երկրորդ առանձնայատկութիւնը կը հանդիսանայ այն իրողութեան մէջ, որ առաջին անգամ ըլլալով թրքական բռնատիրութեան դէմ պայքարելու հայ-քրտական պայքարի համատեղ շարժում մը յառաջ կու գար, ուր նախկին բոլոր տարաձայնութիւնները մէկ կողմ կը դրուէին, եւ երկու կողմերը կը համագործակցէին յանուն երկու ժողովուրդներու արդար իրաւունքներու վերատիրացման: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Հոյբունի միջեւ կնքուած պատմական դաշինքով` երկու կուսակցութիւնները կ՛որդեգրէին Սեւրի դաշնագրի կողմէ վաւերացուած դրոյթներով առաջնորդուելու քաղաքական սկզբունքը: Այսինքն երկու կողմերուն համար ալ յստակ էր, որ ապստամբութեան բարեյաջող աւարտի պարագային, ինչ տարածքներու մէջ պիտի ընդգրկուէին ու սահմանագծուէին զոյգ պետութիւններու տարածքները:

Պատմական ուսումնասիրութեան հեղինակը` Արամ Սայիեանը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արխիւներուն մէջ յայտնաբերած է նոր արխիւային փաստաթուղթեր, որոնք առաջին անգամ ըլլալով լոյս աշխարհ կու գան ու տրամադրելի կը դառնան հասարակութեան:

Այդ փաստաթուղթերէն ամէնէն կարեւորներէն է անցնող տարիներուն Փարիզէն Հայաստան փոխադրուած ՀՅԴ գործիչ Ռուբէնի (Ռուբէն Տէր Մինասեան) անձնական արխիւը, որ այժմ կը պահուի Հայաստանի Ազգային արխիւի թիւ 1048 պահադարանին մէջ: Վերոնշեալ արխիւի առաջին ցուցակի 64-րդ հատուածը («Քրտական գործը Պարսկաստանի մէջ») 34 էջերէ բաղկացած տետրակ մըն է, որ գրուած է Թեհրանի մէջ, ուր գործուղուած էր Ռուբէն 1929-ի Փարիզի մէջ կայացած ՀՅԴ 11-րդ Ընդհանուր ժողովէն բխած որոշումները գործադրման դնելու համար: Պատմական մեծ կարեւորութիւն ունեցող այս փաստաթուղթի յայտնաբերումով լոյս աշխարհ եկան շատ մը մանրամասնութիւններ ու պատմական իրադարձութիւններու մասին յստակ տեղեկութիւններ, որոնք ցարդ կը մնային անյայտ:

Հայաստանի Ազգային արխիւի թիւ 1048 պահադարանին մէջ կը պահուի նաեւ 10 էջերէ բաղկացած` Ռուբէնի 1944 թուականի մարտ 8-ի նամակը Եգիպտոսի մէջ Խորհրդային Միութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիքոլա Նովիկովին, որուն մէջ հետաքրքրական փաստեր կը բերուին խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ Արարատի ապստամբութեան ղեկավարներէն դաշնակցական Արտաշէս Մուրադեանի Արաքս գետի ափ հրաւիրուելու ու դաւադրաբար ձերբակալուելու պատմութեան վերաբերեալ:

Օգտագործուած են նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի «Հրայր Մարուխեան» գրադարանին մէջ պահուող ՀՅԴ գործիչ Անտրէ Ամուրեանի (Տէր Օհանեան) «Կեանքի էջեր» անտիպ ձեռագիր յուշագրութենէն արժէքաւոր տեղեկութիւններ, որոնք կ՛առնչուին քրտական շարժման աջակցելու նպատակով Իրանի մէջ ՀՅԴ գործունէութեան:

Օգտագործուած են նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի պետական արխիւներէն նիւթեր, ինչպէս նաեւ` ապստամբութեան մասնակից հայ եւ քիւրտ ղեկավարներու վկայութիւններ: Նշենք, որ ուսումնասիրութեան հեղինակ Արամ Սայիեան այս նիւթը ներկայացուցած է իբրեւ պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանի հայցման ատենախօսութիւն: Ուսումնասիրութիւնը առաջին անգամ հրատարակուած է «Վէմ» պատմագիտական հանդէսի 2014 թուականի նոյեմբերի թիւին մէջ:

Ուսումնասիրութիւնը կարդալ հոս`

http://horizonweekly.ca/wp-content/uploads/2016/11/HORIZON-2015.pdf

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.