ՀՅԴ 131-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2021-ին, Գէմպրիճի «Արարատ» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, արժանաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ «Արարատեան» Կեդրոնական կոմիտէի անդամը, ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» Կոմիտէի ընկերերը, Գէմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ընկերներ եւ համակիրներ:
Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի օրհներգներով, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ օրուան հանդիսավարը՝ ընկհ. Շողեր Աշգարեանը, եւ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած Դաշնակցական ընկերներուն եւ բոլոր նահատակներուն: Ապա, բացման խօսքով հանդէս գալով, ընկերուհին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ՀՅԴ-ն իր ծնած օրէն մինչեւ այսօրուան ճակատագրական օրերը, հաւատարիմ մնացած է իր գաղափարախօսութեան եւ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն պաշտպանելու գործին: Աւելցնելով, ան ըսաւ « Պատահական չէ, որ այսօրուան յուսալքուած պայմաններուն մէջ ալ, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ազգային իշխանութիւն հաստատելու նպատակով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դարձեալ կանգնած է առաջին գիծի վրայ», խօսքի աւարտին, ան յանձնախումբին եւ ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս օրերու դժուար պայմաններուն մէջ իրենց ներկայութեամբ եւ տարբեր ձեւերով նեցուկ կանգնեցան ձեռնարկի յաջողութեան:
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութենէն՝ Ընկ. Ժան Պալճեանը:
Իր պատգամին մէջ, Ընկ. Ժան յիշեցուց ներկաներուն, որ Դաշնակցութեան տօնակատարութիւնները կը հանդիսանան առիթ մեր գործունէութեան հաշուետուութիւնը ներկայացնելու, այժմէական իրադարձութիւններուն անդրադառնալու եւ մեր արժեւորումը կատարելու, ժողովուրդին ներկայացնելու մեր ապագայի ծրագիրներն ու քայլերը, եւ ի վերջոյ, դիմագրաւելու մեզ յուզող բոլոր մարտահրաւէրները: Ընկերը զուգահեռ բաղդատական մը ըրաւ 1905-1907 երկարող Հայ Թաթարական կռիւներուն եւ Արցախի ազատագրական ու գոյատեւման զոյգ պատերազմներուն միջեւ: Ան աւելցուց «Արցախեան ազատագրական պայքարին, ՀՅԴ-ն իր մարտիկներով անզուգական մասնակցութիւն բերաւ հերոսամարտերուն: Տուինք դաշնակցական հարիւրաւոր նահատակներ եւ վիրաւորներ: Հայկական կողմը 1994-ին յաղթեց թշնամիին, սակայն օրուան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Ազրպէյճանի զինադադարի խնդրանքը ընդունեց առանց կապիտուլանտ, յանձնուողական յայտարարութիւն եւ անկախ Արցախի հռչակագիր պարտադրելու: Այս մէկը պատճառ դարձաւ 2020-ի պարտուողական պատերազմին, ուր կորսնցուցինք Արցախի եօթանասունհինգ առ հարիւրը, իսկ այսօր, Նիկոլ Փաշինեանի յանձնուողական քաղաքականութեան արդիւնքով վտանգուած են նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան տառածքները»: Իր պատգամին աւարտին, ընկերը հաստատեց՝ « Մեր պայքարը տկարութիւն չի ճանչնար, եւ հաւատարիմ մեր երդման, թեկուզ կեանքի գնով, պիտի մնանք այն յառաջատար կուսակցութիւնը, որ չի զլանար պաշտպանելու համայն հայութիւնն ու Հայ Դատը»:
Այնուհետեւ, ՀՅԴ-ի 131-ամեակի կարկանդակը հատեցին, ԿԿ-ի ներկայացուցիչը, Կոմիտէի անդամները, օրուան պատգամաբերը, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի ու ՀՅԴ ԳՊՄ-ի «Փոթորիկ» մասնաճիւղի ընկերները: Բոլորը միասնաբար խորհրդանշելով Դաշնակցութեան ներկայ եւ ապագայ սերունդը:
Մինչեւ առաւօտ կանուխ ժամերուն, Յեղափոխական եւ Ազգային երգերով հանդէս եկաւ Սերոբ Յակոբեանն ու «Կիլիկիա» նուագախումբը, որոնք ներկաներուն մէջ անգամ մը եւս արթնցուցին յեղափոխական ոգին, յիշելով Դաշնակցութեան բոլոր հերոսներն ու վերաթարմացնելով Դաշնակցութեան պատմութիւնը՝ երգերու ընդմէջէն:
Ցոլեր Փանոսեան