ՀՅԴ-ն ու Անոր Տարբեր Կառոյցները Հզօր Կամուրջ են, Որոնք Ամուր կը Պահեն Հայրենիքի եւ Սփիւռքի Միջեւ Կապերը. Բակօ Սահակեան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունուար 16-ին, ուղերձ մը յղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի յարգելի՛ մասնակիցներ,
Ի սրտէ կ՝ողջունեմ բոլորդ կուսակցութեան այս գերագոյն ժողովի մեկնարկին առիթով: Մեծ գոհունակութեամբ կ՝ուզեմ նշել, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն ձեր՝ տասնեակ երկիրներէ ժամանած պատուիրակներուդ հայրենանուէր գործունէութիւնը:
Դաշնակցութիւնը մեր հանրապետութեան մէջ պարբերաբար կը կազմակերպէ համագումարներ, խորհրդակցութիւններ, հաւաքներ: Սակայն, Ընդհանուր ժողով՝ իբրեւ կուսակցութեան ամենակարեւոր քաղաքական ձեռնարկ, Արցախի մէջ տեղի կ՝ունենայ առաջին անգամ, որ ինքնին իւրայատուկ խորհուրդ ունի եւ կը վկայէ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան ու գործունէութեան մէջ Արցախի դերին ու նշանակութեան մասին:
Դժուար է թերագնահատել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը մեր ազգային-ազատագրական պայքարին, հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման, պաշտպանութեան, կայացման ու զօրացման, համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ:
Դաշնակցութիւնն ու անոր տարբեր կառոյցները կը հանդիսանան նաեւ հզօր կամուրջ մը, որ ամուր կը պահէ հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ կապերը՝ ըլլալով աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային ինքնութեան պահպանման, մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակման կարեւորագոյն կառոյցներէն:
Արցախի պետականութեան ամրապնդումը, արցախեան հիմնախնդիրի արդարացի լուծումը, մեր հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը առանցքային նշանակութիւն ունին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար, որ մենք մշտապէս կը զգանք եւ կ՝արժեւորենք:
Ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերը, բնական է, ունին կարեւորագոյն նշանակութիւն ձեր կուսակցութեան համար, եւ պիտի ուզէի մաղթել, որ անոնց բազմակողմանի ու համապարփակ քննարկումները, համապատասխան որոշումներու կայացումը յուսալի հիմք հանդիսանան հաստատուած ծրագիրներուն եւ ՀՅԴ յետագայ գործունէութեան իրականացման համար:
Կրկին կ՝ողջունեմ բոլորդ եւ կը մաղթեմ աշխոյժ ու արդիւնաւէտ աշխատանք եւ ամենայն բարիք»: