ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Խորհրդաժողովը Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 17-18 նոյեմբեր 2022-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը:

Ժողովին ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքեան կազմակերպական շրջաններու քաղաքական, կազմակերպական, քարոզչական, Հայ դատի, երիտասարդական միաւորներու եւ մեր ուղեկից միութիւններու վերջին շրջանին ծաւալած գործունէութեան մասին զեկուցումներ:

Զեկուցումներու լոյսին տակ խորհրդաժողովը քննեց Դաշնակցութեան դիմակայած խնդիրները թէ՛ ներքաղաքական եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ, արձանագրելով, որ մեր երկրի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած այսօրուան ծանր վիճակը յաղթահարելու համար հրամայական է վարչակարգի ամբողջական փոփոխութիւնը:

Խորհրդաժողովը ընդգծեց  Արցախի վերջին զանգուածային հանրահաւաքի լոյսին տակ եւ անոր օրինակով, միակողմանի պարտադրուող ծրագիրները մերժելու համաժողովրդային շարժումի ծաւալման անհրաժեշտութիւնը:

ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչները քննարկեցին նաեւ աշխարհաքաղաքական այսօրուան պայմաններն ու միտումները եւ անոնց լոյսին տակ տարուող Հայ դատի աշխատանքները: Յատուկ օրակարգով շեշտուեցաւ նաեւ սփիւռքի ներուժը հայրենանուէր ծրագիրներու իրագործման համար լիարժէք օգտագործելու եւ սփիւռքի տագնապահար գաղութներուն նեցուկ ու զօրավիգ կանգնելու հրամայականը:

Ամփոփելով իր աշխատանքները` ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը արձանագրեց նշուած առաջնահերթութիւններու ընդառաջ ցանցային եւ համակարգուած  աշխատանքներուն վերանորոգ թափ հաղորդելու հրամայականը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.