ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Ցոյցը՝ Կառավարութեան Շենքին Դիմաց
- (0)

Այսօր՝ Նոյեմբեր 6-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ցոյց՝ կառավարութեան շէնքին դիմաց՝ Ալիեւի վերջին սպառնալիքներուն եւ Հայաստանի կառավարութեան լռութեան դէմ բողոքելու նպատակով։
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւտալեան իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ ՔՊ-ի երազած «խաղաղութեան» պայմաններուն մէջ Արցախը հայաթափուեցաւ, մինչդեռ Ալիեւը կը շարունակէ յոխորտալ։
«Մեզ համար Ատրպէյճանի նպատակները միշտ եղած են յստակ եւ ակներեւ՝ ոչ թէ խաղաղութիւն, այլ Հայաստանի ենթարկում ատրպէյճանական շահերուն, ոչ թէ փոխադարձ յարգանք, այլ զաւթում, ոչ թէ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ եւ ատելութեան տարածումէ հրաժարում, այլ սեփական թեզերու առաջքաշում՝ ՀՀ գործող իշխանութիւններու օժանդակութեամբ։
Պաքուն կը ձգտի սահմանափակել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Սեւանայ լիճի «սեփականացման» քարոզչական գործընթացը, որ սկսած է Ալիեւը, եւ որուն ջանք չխնայելով կը նպաստեն ատրպէյճանական շահերու պաշտպաններ Ռուբէն Ռուբինեան, Նիկոլ Փաշինեան, Ալէն Սիմոնեան եւ այլ պետականակործան գործիչներ՝ թերեւս չեն գիտեր, թէ հայ ժողովուրդը ունի պատմական յիշողութիւն։ Ալիեւի յայտարարութիւնը քարոզչական հնարք մըն է, որուն նպատակը պատմական փաստերու կեղծումը «նորմալացնելն» է»,- ըսաւ ան։
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ Ստելլա Եունանեան իր հերթին մէջբերեց Ռուբէն Ռուբինեանի գրառումէն մէկ հատուած, ապա ներկայացուց Ալիեւի սպառնալիքներուն արժանավայել հակադարձման տարբերակները։
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ անդամ, հրապարակախօս եւ վերլուծաբան Վաչէ Բրուտեան նշեց, թէ Ալիեւի սպառնալիքներուն ու յոխորտանքներուն համարժէք պատասխանելու փոխարէն՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը լղոզեն անոր արտայայտութիւնները՝ փորձելով թմրեցնել հայ ժողովուրդի զգօնութիւնը։