ՀՅԴ Հայ Դատի Խորհրդաժողովը Կը Շարունակուի Սիւնիքի Մէջ

ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու 50-է աւելի ներկայացուցիչներ Երեւանի մէջ սկսած խորհրդաժողովի աշխատանքները կը շարունակեն Սիւնիքի մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ օրակարգը տակաւին սպառած չէ, եւ որ անիկա կը վերաբերի Հայ դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն:

Խորհրդաժողովի մեծ բաժին մը նուիրուեցաւ ու պիտի շարունակուի յատկացուիլ արցախեան հարցի ներկայ փուլի քննարկման եւ լուծումներու առաջարկներուն:

«ՀՅԴ Հայ դատի գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը Արցախի տագնապն է, անոր միջազգային սպասարկումը հանրային դիւանագիտութեան գործիքակազմով: Մանրամասն քննարկուեցաւ Արցախի շուրջ ստեղծուած արտաքին քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ներհասարակական, ներքաղաքական իրավիճակը: Կարեւոր շեշտադրում է, որ մենք գործ ունինք Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման հետ: Արցախի ժողովուրդը ինքնորոշուած է միջազգային եւ ներպետական օրէնսդրութեան համապատասխան, եւ մեր խնդիրը ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է», յայտնեց Ղուկասեան:

Օրակարգային յատուկ կէտ կայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերու պաշտպանութեան վերաբերեալ, քննարկուած է նաեւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակը:

«Բովանդակութիւնը, բնականաբար, չեմ կրնար ըսել, բայց այդ հարցերը եւս քննարկուած են: Ազրպէյճանի ներթափանցումը Հայաստան յարձակում է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ճշդուած` յարձակման եւ բռնութեան բնորոշման բոլոր բաղադրիչներով: Այս առումով նոյնպէս մենք ընելիք ունենք: Սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին առումով ազրպէյճանական զօրքի առկայութեան պայմաններուն մէջ այս հոլովոյթը չի կրնար առողջ ընթացք ունենալ», ըսաւ Գէորգ Ղուկասեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.