ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակներուն Եւ Յանձնախումբերուն Կողմէ Կատարուած Հիմնական Աշխատանքներու Ամփոփագիր ( 1-15 Մարտ 2021 )

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար կը հրապարակէ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու գործունէութեան ամփոփագիրներ, որոնք լրատուամիջոցներուն, հասարակական լայն շրջանակներուն, մասնագիտական ու քաղաքական հանրոյթներուն կարելիութիւն կու տան կեդրոնացած եւ հաւաստի տեղեկատուութիւն ստանալու ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան մասին, իրազեկ ըլլալով սփիւռքի քաղաքական գործունէութեան ընթացիկ արդիւնքներուն եւ առաջադրուած հարցերուն:

Ի հակազդումն Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէն հայ ռազմագերիներու ու հայ քաղաքացիական անձերու անօրինական ձերբակալումներուն եւ պահպանման, Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնը (ALC) եւ Երեւանի մէջ գործող Միջազգային եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնը (CICL) համախմբած են իրենց ուժերը` Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէն գերութեան մէջ պահուող ռազմագերիներու ազատումը ապահովելու համար:

Երկու կազմակերպութիւններուն միատեղ ջանքերը, նպատակ կը հետապնդեն պահանջներ ներկայացնել քաղաքացիական եւ զինուորական անձնակազմերուն պատճառուած վնասներուն համար, որոնք իրականացուած են Ազրպէյճանի զինուած ուժերու եւ միջազգային ահաբեկիչներու կողմէ: ALC-ն եւ CICL-ը նաեւ պիտի ստանձնեն 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք, ռազմական դիմակայութեան աւարտէն վերջ անհետ կորած հայ զինուորներուն եւ քաղաքացիական անձերուն վերադարձի հարցով:

CICL-ը նաեւ պիտի իրականացնէ փաստահաւաք հետաքննութիւն` Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն բանտարկութեան ընթացքին հայ զինուորներուն եւ քաղաքացիական անձերու խոշտանգումներուն եւ սպանութիւններուն մասին հրապարակուած բազմաթիւ միջադէպերու միջոցով: ALC- ին աջակցութեամբ, CICL-ը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ներս արդէն նախաձեռնած է տասնեակ դատական գործընթացներ` ազրպէյճանական կալանքի տակ նոյնականացուած հայ գերիներուն անունով:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Նկատի առնելով տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական զարգացումներն ու ազրպէյճանաթրքական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հռետորաբանութիւնը` Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը դիմած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին եւ պետքարտուղար Էնթօնի Պլինքընին` զգուշացնելով, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց յաջորդ յարձակումին համար թիրախաւորած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզը:

8 Մարտին ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտէզ նախաձեռնած է երկկուսակցական նամակի ստորագրում, որով նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ ուղղուած է ճանչնալու 1915-1923 թթ. Օսմանեան Կայսրութեան կողմէն իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Պոսթընի քաղաքապետ Մարթին Վոլշը, որ անպատեհ յայտարարութիւններ կատարած է 1992-ի Խօջալուի իրադարձութիւններուն մասին, աւելի ուշ, Արեւելեան Մասաչուսէթսի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ համայնքին գործողութիւններուն հետեւանքով, ստիպուեր է պաշտօնական գրութեամբ ներեղութիւն խնդրել հայ համայնքէն` զգացմունքերը վիրաւորելուն համար:

Յանձնախումբը անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին շարունակած են աշխատանքները Արցախին ԱՄՆ-ի կողմէն հրատապ օժանդակութեան տրամադրումին եւ նախորդ ամիս հրապարակուած քաղաքական այլ առաջնահերթութիւններու ուղղութեամբ: Այս օրերու ընթացքին ամերիկեան բազմաթիւ օրէնսդիրներ իրենց ելոյթներուն եւ գործողութիւններուն մէջ անդրադարձած են հայութեան կողմէն դիմագրաւուող մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն:

Եւրոպա

Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Կոստաս Մաւրիդեսի նախաձեռնութեամբ, բոլոր հիմնական խմբակցութիւններէն թիւով 30 եւրոպատգամաւորներ հրատապ հարցում յղած են Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու Բարձր յանձնակատար Ժոզեֆ Պորելին` պահանջելով տեղեկատուութիւն, թէ ԵՄ-ը ինչ յստակ քայլերու ձեռնարկած է Ատրպէյճանի կողմէն գերեվարուած հայ ռազմագերիներուն եւ այլ պահուող անձերու վերադարձը ապահովելու համար:Եւրոպատգամաւորները նաեւ հետաքրքրուած են, թէ ԵՄ-ը ինչ որոշակի քայլեր ձեռնարկած է հայ ռազմագերիներու խոշտանգումները եւ քաղաքական նպատակներու համար օգտագործումը կանխելու, ինչպէս նաեւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէն անոնց մօտ այցելութիւններ ապահովելու համար: Եզրափակելով` Եւրոպատգամաւորները հետաքրքրուած են, թէ արդեօք ԵՄ-ը ազրպէյճանական կողմէն հայցած է իրեն փոխանցել հայ ռազմագերիներու յստակ թիւը եւ եթէ այո, ապա ինչ տեղեկութիւն տրամադրուած է:

Անդրադառնալով գրաւոր հարցումին` Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Կոստաս Մաւրիդես յայտնեց. «Մենք չենք կրնար մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններուն առջեւ լուռ մնալ: Այդ պատճառով տարբեր խմբակցութիւններէն եւ ԵՄ անդամ երկիրներէն իմ գործընկերներուն հետ մենք կոչ կ’ուղղենք ԵՄ-ին գործի անցնելու եւ որոշակի քայլեր ձեռնարկելու` ձեռք բերուած համաձայնութեան 8-րդ կէտի իրագործման հասնելու համար, մասնաւորապէս` վերադարձնելու Ազրպէյճանի կողմէն պահուող հայ գերիներուն` քաղաքացիական անձերուն եւ կանանց: Ազրպէյճանը բացայայտօրէն խախտած է միջազգային իրաւունքը, եւ մենք պէտք է բարձրաձայնենք այս զուտ մարդասիրական հարցը»:

Մեծ ԲրիտանիաՀՀ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 8 Մարտին յատուկ զեկուցումով հանդէս եկած է Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած քննարկումի ընթացքին` ներկայացնելով Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիներուն` զինծառայողներուն ու քաղաքացիական անձերուն վերադարձի հրատապութեան հարցը:

ՄԻՊ գրասենեակէն յայտնած են, որ հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան Ճօն Գալագերը, ՄԹ խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները ներկայացնող պատգամաւորներ, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ Թիմ Լոութոնը եւ այլք:Արման Թաթոյեան յայտնած է, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները արհեստականօրէն կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը` հայ հասարակութեան ու յատկապէս գերիներու ընտանիքներուն հոգեկան տառապանքներ պատճառելու ու երկրին մէջ լարուածութիւն յառաջացնելու նպատակով:

11 Մարտին պարոնուհի Քերոլայն Քօքս խորհրդարանին մէջ հարց ու պատասխանի ընթացքին, բրիտանական կառավարութեան ներկայացուցիչին առջեւ արծարծած է հայ ռամագերիներուն հանդէպ Ազրպէյճանի կողմէն իրականացուող անմարդկային գործողութիւններու եւ պատերազմի ընթացքին օգտագործուած արգիլուած զինատեսակներու հարցը:

Գանատա

Գանատայի Խորհրդարանի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Ֆայսալ էլ Խուրին Խորհրդարանի 10 Մարտի նիստի ընթացքին յատուկ ելոյթով ոգեկոչեց Սումկայիթի հայոց ջարդը, հաստատելով, որ այդ յանցագործութիւնը կազմակերպուած էր ատրպէյճանական ազգայնամոլներու կողմէն: Խուրին նաեւ կոչ ուղղած է քանատական կառավարութեան` զօրավիգ կանգնելու Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին:

Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կը շարունակեն ամբողջ աշխարհին մէջ իրականացնելու հայութեան շահերու պաշտպանութեան աշխատանքներ` օգտագործելով գրասենեակային գործունէութեան համալիր գործիքակազմեր: Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանաթրքական յարձակումը դատապարտելու, Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին նպաստելու, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափը վերականգնելու, գերիներուն եւ զոհուածներուն մարմիններու փոխանակման հարցը բարձրացնելու, արտասահմանեան լրատուամիջոցներուն առարկայական տեղեկատւութեամբ ապահովելու ուղղութեամբ կատարուած են մեծ ծաւալի աշխատանքներ: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Ղարաբաղեան հմնահարցի շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ ներքաղաքական քննարկումներ, խորհրդարանական լսումներ իրականացնելու վրայ, որոնք յաճախ վերաճած են որոշակի բանաձեւերու ընդունումով:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.